Ողողումներ Ասիոյ մէջ Ողողումներ Ասիոյ մէջ 

Ողողումներ. Սրի Լանքայի, Ինտոնէզիոյ եւ Թայլանտի միջեւ 1.300 զոհեր

Հորդառատ անձրեւները կը շարունակեն տանջել հարաւ-արեւելեան Ասիան, ուր Սրի Լանքայի, Ինտոնէզիոյ եւ Թայլանտի միջեւ մահացած են շուրջ 1.300 մարդ, 500-էն աւելի վիրաւոր, գրեթէ 3.000 անյայտ կորսուած եւ աւելի քան 28.000 տուն կործանուած, հազարաւոր գիւղեր մեկուսացած:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հորդառատ անձրեւները կը շարունակեն տանջել հարաւ-արեւելեան Ասիան, ուր Սրի Լանքայի, Ինտոնէզիոյ եւ Թայլանտի միջեւ մահացած են շուրջ 1.300 մարդ, 500-էն աւելի վիրաւոր, գրեթէ 3.000 անյայտ կորսուած եւ աւելի քան 28.000 տուն կործանուած, հազարաւոր գիւղեր մեկուսացած:

Զոհերուն թիւը կրնայ աւելնալ յառաջիկայ ժամերուն: Բռնի հոսանքները, որոնք հարուածած են նաեւ Մալեզիան ու Վիեթնամի մէկ մասը։ Ինտոնէզիոյ Աղէտներու Կառավարման Ազգային Գործակալութեան համաձայն, շուրջ 1,1 միլիոն մարդ տուժած է Սումաթրա կղզիի երեք նահանգներու ջրհեղեղներէն:

Փրկարարները աշխատանքի վրայ

Մուսսոնային անձրեւները օրեր շարունակ հեղեղած են լայն տարածքներ՝ ձգելով հազարաւոր մարդիկ արգելափակուած եւ շատեր՝ կառչած տանիքներէն՝ սպասելով օգնութեան: Փրկարարական խումբերը աշխատանքի վրայ են՝ փորձելով հասնիլ ողջ մնացողներուն եւ յայտնաբերել այլ դիակներ:
Ջրհեղեղները մեկուսացուցած են ամբողջ գիւղեր, կործանած կամուրջներ եւ լեցուցած ճամբաները ցեխով ու բեկորներով: Գործածուած են ուղղաթիռներ ու նաւեր, բայց իշխանութիւնները կը զգուշացնեն, որ եղանակային պայմաններուն վատթարացումը եւ վնասուած ենթակառուցուածքները կը դանդաղեցնեն գործողութիւնները: Սրի Լանքայի մէջ, օրինակ, Աղէտներու Կառավարման Կեդրոնը յայտնած է, որ զինուորականներուն կողմէ առաջնորդուած փրկարարական խումբերը կը շարունակեն քննել աւերուած տարածքները՝ Տիթուահ մրրիկի պատճառով դեռեւս անյայտ կորսուած 352 մարդիկը փնտռելու համար, սակայն մուտքը դժուար կը մնայ, քանի որ ճամբաները արգելափակուած են հողի սահանքներով եւ զանազան կէտերու կամուրջներ փուլ եկած են: Իշխանութիւնները կը զգուշացնեն, որ պայմանները կրնան վատթարանալ, քանի որ յառաջիկայ օրերուն այլ անձրեւներ կանխատեսուած են:

Դպրոց չկայ երեխաներուն համար

«Փրկեցէք Երեխաները» կազմակերպութիւնը եւս ներգրաւուած է Ինտոնէզիոյ եւ Թայլանտի մէջ՝ բաշխելով խմելու ջուր, անձնական մաքրութեան եւ պարենային ապրանքներ՝ ստեղծելով ապահով կրթական ու ժամանցային վայրեր: Այս երկու երկիրներուն մէջ տասնեակ հազարաւոր երեխաներ չեն կրնար դպրոց յաճախել, քանի որ շէնքերը փակուած են կամ վերածուած են ժամանակաւոր ապաստարաններու, մինչ հոսանքազրկումները եւ վնասուած ենթակառուցուածքները կը խոչընդոտեն առցանց դասերու հասանելիութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2025, 09:26