Աթէնքի մէջ կայացած է Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի մասնակիցները Աթէնքի մէջ կայացած է Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի մասնակիցները 

Աթէնքի մէջ կայացած է Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումը

Հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի, Պոլիվիոյ, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Իրանի, Իրաքի, Չինաստանի եւ Փերուի պատուիրակութիւնները։ Դէտի կարգավիճակով ներկայ եղած են Մեքսիքան, Կիպրոսը եւ Հնդկաստանը։

Աթէնքի մէջ, Յունաստանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցած է «Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորում»-ի (Ancient Civilizations Forum) 9-րդ նախարարական հանդիպումը։

Հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի, Պոլիվիոյ, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Իրանի, Իրաքի, Չինաստանի եւ Փերուի պատուիրակութիւնները։ Դէտի կարգավիճակով ներկայ եղած են Մեքսիքան, Կիպրոսը եւ Հնդկաստանը։

Նախարարական հանդիպման աւարտին ընդունուած Աթէնքի հռչակագիրին մէջ ամրագրուած են մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ պաշտպանութեան վերաբերող կարեւոր դրոյթներ։ Հռչակագիրը հաստատած է Կիպրոսի անդամակցութիւնը Ֆորումին եւ ողջունած է Հնդկաստանի մտադրութիւնը՝ ապագայ անդամակցութեան վերաբերեալ։ Հանդիպման աւարտին Ֆորումի նախագահութիւնը ստանձնած է Իտալիան։

Հանդիպման մասնակցած եւ ելոյթով հանդէս եկած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան։

Ան իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատած է Ֆորումի հարթակը՝ խաղաղութեան մշակոյթը խթանելու, միջմշակութային երկխօսութիւնը յառաջ մղելու, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ինքնութեան խեղաթիւրման ու իւրացման դէմ պայքար մղելու առումով։ Ընդգծուած է անցեալ տարի Երեւանի մէջ կայացած 8-րդ նախարարական համաժողովին եւ ընդունուած «Երեւանի հռչակագիր»-ին կարեւորութիւնը՝ նշուած ոլորտներու խնդիրներու շեշտադրման եւ Ֆորումի տեսանելիութեան բարձրացման հարցով։

Դաւիթ Կարապետեան ողջունած է 2025-ի ընթացքին Ֆորումի մասնակիցներուն համատեղ նախաձեռնութիւնները եւ քաջալերած է միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ այս կառոյցի բարեկամներու խումբերու ստեղծումը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղարը շեշտած է նաեւ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերը՝ զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954-ի Լա Հէյի համաձայնագիրի ամրապնդման ուղղութեամբ։ Որպէս օրինակ՝ ան առանձնացուցած է այս տարուան Դեկտեմբեր 1-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի նախաձեռնած բանաձեւին ընդունումը, որ կը վերաբերի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան նպատակով նոր եւ զարգացող արհեստագիտութիւններու կիրարկման։

Կարապետեան ողջունած է Հնդկաստանի եւ Կիպրոսի առաջին մասնակցութիւնը նախարարական հանդիպման՝ վստահութիւն յայտնելով, որ անոնց անդամակցութիւնը պիտի ամրապնդէ կառոյցը։

Լուրը՝ Նոր Յառաջէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2025, 08:00