ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովը ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովը  (ANSA)

ՄԱԿի ընդհանուր ժողովը դարձեալ պահանջեց Սուրիայէն գրաւուած Կոլանէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումը

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարահ Երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ ընդունեց Սուրիոյ հարցերու գծով Ամերիկայի յատուկ դեսպան Թամ Պարրաքը, որուն հետ քննարկեց տարածաշրջանի վերջին զարգացումները եւ կողմերը հետաքրքրող շարք մը հարցեր։

Սուրիա իր խորին շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց այն երկիրներուն, որոնք 3 Դեկտեմբերին, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած «Սուրիական Կոլան»ի բանաձեւին դարձեալ ի նպաստ քուէարկեցին, մասնաւորաբար այն երկիրներուն, որոնք փոխեցին իրենց նախորդ տարիներու դիրքորոշումը։

«Այս բանաձեւին ի նպաստ քուէարկող երկիրներու թիւի աճը՝ նախորդ տարուան 97էն այս տարուան 123ի՝ յստակօրէն ցոյց կու տայ այն մեծ զօրակցութիւնը, զոր տուեալ երկիրները կը յայտնեն նոր Սուրիոյ եւ բռնագրաւուած Կոլանին տէր կանգնելու՝ անոր ազգային ու սկզբունքային կեցուածքներուն, նոյն ատեն արտացոլացնելով դիւանագիտական աշխոյժ ջանքերը։ Բանաձեւը կը պահանջէ, որ Իսրայէլ դուրս գայ սուրիական բոլոր բռնագրաւուած տարածքներէն՝ Կոլանի բարձունքներէն մինչեւ Յունիս 1967ի գիծը։ Ներկայ բանաձեւը կը հաստատէ նաեւ, որ սուրիական Կոլանի շարունակուող բռնագրաւումը եւ անոր՝ Իսրայէլի կցումը խոչընդոտ կը հանդիսանան տարածաշրջանին մէջ արդար, համապարփակ եւ երկարատեւ խաղաղութեան ջանքերուն», կ՛ըսուի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ բանաձեւը այս տարի ներկայացուած էր Եգիպտոսի կողմէ։ Անոր ի նպաստ քուէարկեցին 123 երկիրներու ներկայացուցիչներ, իսկ դէմ՝ 7։ Ձեռնպահ մնացին 41 երկիրներու ներկայացուցիչներ։

Միւս կողմէ, Սուրիոյ  նախագահ Ահմատ Շարահ Երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ ընդունեց Սուրիոյ հարցերու գծով Ամերիկայի յատուկ դեսպան Թամ Պարրաքը, որուն հետ քննարկեց տարածաշրջանի վերջին զարգացումները եւ կողմերը հետաքրքրող շարք մը հարցեր։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Շայպանի։

Լուրը՝ Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2025, 10:03