2025.12.09 Giornalista turca Tugce Yilmaz

Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուած գրած թուրք լրագրողին դէմ դատ բացուած

Դատական հետապնդումը սկսած է անանուն բողոքի մը հիման վրայ, որմով Եըլմազ կը մեղադրուի «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելուն եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու փորձառութիւնները լուսաբանելուն համար։ Այս բողոքը յանգեցուցած է լրագրողին ձերբակալութեան եւ գիշերային բանտարկութեան։

Թուրք լրագրող եւ «Պիանէթ»ի խմբագիր Թուղչէ Եըլմազ դատի տրուած է թրքական Քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածով, որ կը պատժէ «թրքութիւնը վիրաւորել»ը։ Պատճառը՝ 24 Ապրիլ 2024ին անոր հրապարակած յօդուածն է, որուն մէջ պոլսահայ երկու երիտասարդներ՝ Արէնը եւ Զեփիւռը, անկեղծօրէն խօսած էին իրենց ինքնութեան, մշակոյթին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին։

Դատական հետապնդումը սկսած է անանուն բողոքի մը հիման վրայ, որմով Եըլմազ կը մեղադրուի «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելուն եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու փորձառութիւնները լուսաբանելուն համար։ Այս բողոքը յանգեցուցած է լրագրողին ձերբակալութեան եւ գիշերային բանտարկութեան։

«Հայ Երիտասարդները Կը Խօսին. 109 Տարիներու Սուգ» վերնագրով յօդուածին մէջ, երիտասարդները կը պատմեն Թուրքիոյ մէջ հայ մնալու դժուարութիւններուն մասին։ Արէնը (27 տարեկան) կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս ստիպուած եղած է պահել իր ինքնութիւնը, խուսափիլ հանրային վայրերու մէջ հայերէն խօսելէ եւ վախ զգացած է զինուորական ծառայութեան ընթացքին՝ յիշեցնելով Սեւակ Պալըքչըի սպանութիւնը։ Զեփիւռը (27 տարեկան) կը շեշտածէ հայոց լեզուն պահպանելու կարեւորութիւնը եւ Մուսա լերան դիմադրութեան իր ընտանեկան յիշողութիւնները։

Դատական առաջին նիստին ներկայ եղան մամուլի ազատութեան միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Եըլմազ իր պաշտպանական ճառին մէջ ըսաւ, որ իրեն դէմ յարուցուած գործը «ահաբեկման բացայայտ արարք» է եւ ինք թիրախ դարձած է իր լրագրական պարտականութիւնը կատարելուն համար։ Ան յիշեցուց Հրանդ Տինքի պարագան, որ նախքան սպաննուիլը նոյնպէս 301րդ յօդուածով դատուած էր։

Փաստաբանները պնդեցին, որ դատական գործը անօրէն է, որովհետեւ անիկա հիմնուած է անանուն բողոքի մը վրայ եւ բացուած է օրինական ժամկէտը անցնելէ ետք։ Հակառակ առարկութիւններուն, դատաւորը մերժեց դատը փակել։ Յաջորդ նիստը տեղի պիտի գումարուի 21 Ապրիլ 2026ին։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2025, 07:31