«Մենք Ենք Գիւմրին» ծրագիրին կազմակերպած 2024ի Ս․ Ծննդեան տօնակատարութենէն տեսարան մը «Մենք Ենք Գիւմրին» ծրագիրին կազմակերպած 2024ի Ս․ Ծննդեան տօնակատարութենէն տեսարան մը 

«Մենք Ենք Գիւմրին» կ՛ոգեկոչէ 1988ի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը

«Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը կոչուած է հայրենիքին եւ Սփիւռքի միջեւ հաստատ կամուրջ մը հանդիսանալու եւ արդիւնաւէտ ուղեգիծ մը հաստատելու Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի երիտասարդներուն համար։

7 Դեկտեմբեր 1988ին, 6.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հիւսիսային Հայաստանը, ծանր վնասներ հասցնելով Գիւմրիին, Սպիտակին եւ Վանաձորին՝ խլելով տասնեակ հազարաւոր զոհեր։

Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին նշուեցաւ Երկրաշարժին 37ամեակը, որ ողբերգութեան կողքին, հայութեան կը յիշեցնէ միասնութեան կարեւորութիւնը։  

Յուլիս 2016ին կատարուած էր Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին պաշտօնական բացումը, երկրաշարժէն վնասուած, ապա Շիրվանեան ընտանիքին առատաձեռն աջակցութեամբ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին ջանքերով նորոգուած շէնքի մը մէջ։

Կեդրոնը ցարդ հազարաւոր պատանիներու եւ երիտասարդներու տրամադրելի դարձուցած է մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ եւ կը նկատուի Շիրակի մարզին մէջ գործող ամէնէն ազդեցիկ երիտասարդական կեդրոններէն մէկը։

«Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը կոչուած է հայրենիքին եւ Սփիւռքի միջեւ հաստատ կամուրջ մը հանդիսանալու եւ արդիւնաւէտ ուղեգիծ մը հաստատելու Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի երիտասարդներուն համար։

Մինչ կը յարգենք երկրաշարժին զոհերուն յիշատակը, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը պահենք վերապրողներու շառաւիղներուն աւելի փայլուն ապագայ մը կերտելու տեսլականին վրայ։

Տօնական այս օրերուն, «Մենք ենք Գիւմրին» անգամ մը եւս խաղալիքներ բաշխելու ծրագիր մը պիտի իրականացնէ «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ջանալով առնուազն 500 մանուկներու եւ պատանիներու համար խաղալիքներ ապահովել։ Այս նպատակով նուիրատուութիւններ կատարելու համար այցելել կայքէջը։

Յիշեցնենք, որ «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը կը կազմակերպէ նաեւ ամառնային ճամբարներ շրջանի մանուկներուն եւ պատանիներուն համար եւ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստներ կը տրամադրէ Շիրակի մարզի ուսանողներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց բարձրագոյն ուսումը իրենց ծննդավայրին մէջ շարունակել։

«ՄԵՆՔ ԵՆՔ ԳԻՒՄՐԻՆ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2025, 10:12