Ուքրանիոյ խաղաղութեան բանակցութիւններ Ուքրանիոյ խաղաղութեան բանակցութիւններ  (ANSA)

Ուքրանիոյ խաղաղութեան բանակցութիւններ. Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն չկայ տարածքներուն վերաբերեալ:

Բանակցութիւններուն մէջ տակաւին ոչինչ չկայ։ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ երէկուան բանակցութիւններէն ետք, կը մնայ Մոսկուայի կողմէ պահանջուած տարածքներուն փշոտ հանգոյցը։ Ամերիկեան նախագահ Թրամփ կը խոստովանի. «Այս պատերազմը դժուար լուծելի հարց է»։ Այսօր Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքի նորէն պէտք է հանդիպի Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուքրանիոյ պատերազմին առնչուող խաղաղութեան բանակցութիւնները որոշակի համաձայնութեան չհասան, չնայած Դեկտեմբեր 2-ին, Երեքշաբթի օրը, Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած հինգ-ժամերու հանդիպմումին, ուր ներկայ էին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Սթիվ Ուիթքոֆը և Ժարեթ Քուշները (Թրամփի փեսան):

Անհամաձայնութեան գլխաւոր կէտը կը մնայ այն տարածքներուն ռուսական պահանջը, որոնք Ուքրանիան չի կամենար զիջիլ։

Ամերիկայի նախագահ Տոնալտ Թրամփը պատերազմը նկարագրեց որպէս «լուծելու դժուար աղէտ», մինչդեռ Պետական Քարտուղար Մարքո Ռուպիոն խօսեցաւ «որոշակի յառաջընթացի» մասին, փորձելով հասկնալ, թէ ի՞նչի հետ Ուքրանիացիները կրնան համակերպիլ իրենց ապագայ անվտանգութիւնը ապահովելու համար։

Մոսկուան խոստովանեցաւ, որ «դեռ շատ աշխատանք կայ կատարելու»եւ որ Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան ծրագրին միայն մասնակի համաձայնութիւն կայ։ Նախագահական ռուս խորհրդական Յուրի Ուշաքովը Ուիթքոֆի հետ հանդիպումը նկարագրեց որպէս «բաւականին օգտակար եւ բերրի», ուր Փութինը «կարեւոր քաղաքական ազդակներ» ուղարկեց Թրամփին։

Կը շարունակուի զինուորական բախումը, ուր Քիեւը կը հերքէ ռուսական զօրքերու պնդումները Փոքրովսքի ամրոցը գրաւելու մասին, յայտարարելով, որ մարտերը դեռ կը շարունակուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2025, 10:30