Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուին կոչ ուղղեց՝ բոլոր քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու
Եւրոպական խորհրդարանը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ բոլոր քաղաքական բանտարկեալներըազատ արձակելու: Կառոյցին մէջ, 18 Դեկտեմբերին ընդունուած բանաձեւը նաեւ քննադատեց Ատրպէյճանի գործող վարչակազմը՝ ազգային ապահովութեան պաշտպանութեան քօղին տակ ընդդիմախօսները ճնշելու, լրագրողները, խաղաղութեան պաշտպան գործիչները եւ իրաւապաշտպանները բանտարկելու համար:
«Պաքուի հետ յարաբերութիւններու հետագայ յառաջընթացը պէտք է շաղկապուի այս ուղղութեամբ կատարուելիք քայլերուն հետ», կը յայտարարեն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները:
Փաստաթուղթը կը մատնանշէ յատկապէս Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վաղեմի կողմնակից, գիտնական Պահրուզ Սամետովի եւ թալիշ հետազօտող Իքպալ Ապիլովի ձերբակալութիւնները՝ զանոնք որակելով անօրէն: Եւրոպացի պատգամաւորները կը փաստեն, որ անոնց դատավարութիւնը տեղի ունեցած է փակ դռներու ետին, խախտուած են արդար դատավարութեան չափանիշները եւ անմեղութեան կանխավարկածը: Միակ ապացոյցը, որ ներկայացուած է դատարանին մէջ, հայ գործընկերներու հետերիտասարդ գիտնականներուն կապերն են: Անոնք դատապարտուած են 15էն 18 տարի բանտարկութեան՝ պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ