Յորդանանեան ափի բռնկումի քայլեր. Իսրայէլի կառավարութիւնը աննախընթաց որոշում մը որդեգրեց
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իսրայէլի կառավարութիւնը վերջին տասնամեակներու ամենավտանգաւոր որոշումներէն մէկը արձակեց՝ ուղիղ հարուած հասցնելով Պաղեստինի պետականութեան հեռանկարին։ Նեթանիահուի վարչակազմը պաշտօնապէս վաւերացուց Յորդանանեան Ափի (Cisgiordania) հողերու կալուածատոմարի արձանագրութեան եւ մարդահամարի ծրագիրը, ինչ որ 1967-ի «Վեցօրեայ պատերազմ»-էն ի վեր աննախընթաց քայլ մը կը սեպուի։
Դէպի բռնկում. Մարդահամարի «Յեղափոխութիւն»
Այս որոշումը կը վերաբերի Յորդանանեան ափի «C» գօտիին, որ կը կազմէ տարածքին շուրջ 60%-ը եւ ըստ Օսլոյի համաձայնագիրին՝ կը գտնուի Իսրայէլի վարչական ու ապահովական հսկողութեան տակ։ Արդարադատութեան նախարար Եարիւ Լեւին, զայն որակելով որպէս «իսկական յեղափոխութիւն Յուդայի եւ Սամարիոյ մէջ», յայտարարեց. «Իսրայէլի հողը կը պատկանի Իսրայէլի ժողովուրդին»։
Սակայն, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ եւ միջազգային դիտորդներ այս մէկը կը համարեն գործնական քայլ մը՝ ուղղուած տարածքներու վերջնական բռնակցման (annexation)։
Պաղեստինի եւ Արաբական Աշխարհի Խիստ Հակազդեցութիւնը
Պաղեստինի նախագահութիւնը անմիջապէս դատապարտեց որոշումը՝ զայն կոչելով «միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում» եւ յայտարարելով, որ այս քայլերը իրաւաբանական որեւէ արժէք չունին։
Արաբական երկիրները եւս միացան բողոքի ձայնին.
Եգիպտոս. Խստօրէն դատապարտեց այս «վտանգաւոր մագլցումը», որ նպատակ ունի ամրապնդել իսրայէլեան տիրապետութիւնը։
Քաթար. Որոշումը որակեց որպէս պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները խլելու ապօրինի ծրագիրի շարունակութիւն։
Սէուտական Արաբիա. Շեշտեց, որ այս միջոցառումները կը հարուածեն «երկու պետութիւն» լուծման յոյսերը եւ կը խաթարեն տարածաշրջանային խաղաղութիւնը։
«Peace Now». Հողերու Զանգուածային Յափշտակում
Իսրայէլեան խաղաղասէր «Peace Now» կազմակերպութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ այս գործընթացը թոյլ պիտի տայ հազարաւոր քառակուսի մեթր տարածքներ յայտարարել որպէս «պետական հող»՝ ճամբայ հարթելով նոր բնակեցման վայրերու եւ ենթակառուցուածքներու համար, մինչդեռ պաղեստինցիներուն համար գրեթէ անհնար պիտի ըլլայ ապացուցել իրենց սեփականատիրական իրաւունքները։
Կազայի արիւնալի իրականութիւնը
Մինչ քաղաքական դաշտին վրայ այս զարգացումները տեղի կ՝ունենան, Կազայի մէջ ռմբակոծումները չեն դադրի։ Միայն անցեալ կիրակի օրուան յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած է առնուազն 12 զոհ՝ Ճապալիա, Խան Եունիս եւ Կազա քաղաքներուն մէջ։
Այս լարուած մթնոլորտին մէջ, յառաջիկայ հինգշաբթի օր Վաշինկթընի մէջ նախատեսուած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնած «Board of Peace»-ի (Խաղաղութեան խորհուրդ) առաջին նիստը, որմէ մեծ սպասելիքներ կան տարածաշրջանի ապագայ կայունութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ