«Միասին-Թուկեթըր»-ի վեցերորդ պարբերական հանդիպումը՝ Հալէպի մէջ «Միասին-Թուկեթըր»-ի վեցերորդ պարբերական հանդիպումը՝ Հալէպի մէջ 

«Միասին-Թուկեթըր»-ի վեցերորդ պարբերական հանդիպումը՝ Հալէպի մէջ

Յակոբ Յակոբեանի նախաձեռնած «Թուկեթըր» կազմակերպութիւնը Հալէպի մէջ համախմբեց Հայ Առաքելական եղբայրակցութեան 70 առաջնորդներ՝ «Մաան Թուկեթըր» ակադեմիայի վեցերորդ պարբերական հանդիպման շուրջ: Ձեռնարկը յատկանշուեցաւ խուրի Սառա Ղլորիի ներշնչող դասախօսութեամբ եւ Տիար Յակոբեանի եզրափակիչ պատգամով՝ ուղղուած երիտասարդութեան ծառայութեան եւ հաւատքի զօրացման:

Բնիկ հալէպահայ Յակոբ Յակոբեանի կարեւոր եւ հիմնական ճիգերուն շնորհիւ «Թուկեթըր» (Together) կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր կենսունակ գործունէութիւնը՝ հասնելով գաղութի անապահով խաւերուն եւ միաժամանակ մշակելով նոր ծրագիրներ՝ ուղղուած համայնքի թէ՛ հայ, թէ՛ տեղացի երիտասարդութեան։

Այս ծիրին մէջ, Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ «Մաան Թուկեթըր» ակադեմիայի վեցերորդ պարբերական հանդիպումը, որ համախմբեց շուրջ 70 առաջնորդներ եւ ծառայողներ Հայ Առաքելական եղբայրակցութենէն։

Հանդիպումը հարստացաւ յատկապէս պատուելի հիւր դասախօսի մասնակցութեամբ՝ խուրի Սառա Ղլորի, որ կը հանդիսանայ «Սոլթ – Երկրի Աղ» ծառայութեան տնօրէնը Հալէպի եւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ նոյն ծառայութեան աշակերտութեան եւ մարզումներու ծրագիրներու պատասխանատուն։

Անոր դասախօսութիւնը կարեւոր ներշնչում եւ առաջնորդութիւն փոխանցեց ներկաներուն՝ ծառայութեան, նուիրումի եւ հաւատքի ուղիին վրայ։

Նշենք նաեւ, որ հանդիպման ընթացքին ամփոփիչ ելոյթով հանդէս եկաւ Տիար Յակոբ Յակոբեան, որ ներկայներուն փոխանցեց օրուայ խորհուրդը յատկանշող  հուսկ բանքը։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2026, 08:30