2026.04.01 Cerimonia ricordo parabola dieci vergini

Տասը Կուսանաց յիշատակութիւնը նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, տնօրէնութեան եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ, բարձրացան վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց։

Աւագ Երեքշաբթին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամէնէն երկար օրը կը համարուի։ Հայ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ Աւագ Երեքշաբթին յիշատակուած է որպէս «Տասը Կուսանաց»՝ վերցնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն։ Քրիստոս, Իր պատմած տասը կոյսերուն առակին ճամբով, մեզի կը փոխանցէ իմաստութեամբ ապրելու եւ երկրորդ գալուստին պատրաստ ըլլալու պատգամը:

Արդարեւ, Աւագ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 05։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տասը Կոյսերու յիշատակի ժամերգութիւնը։ Աւետարանի ընրեցման պահուն, Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանէն տասը աշակերտներ կանգնեցան եկեղեցւոյ ատեանին մէջ՝ խորհրդանշելով աւետարանական հատուածի տասը իմաստուն եւ յիմար կոյսերը, իրենց ձեռքերուն ունենալով մոմեր։ Ապա, աշակերտները վիճակ ձգեցին. անոնց, որոնց վիճակուեցաւ «յիմար» վիճակը՝ մարեցին իրենց մոմերը՝ խորհրդանշելով անտարբեր ու անպատրաստ կոյսերը, իսկ անոնք, որոնք իրենց մոմերը վառ պահեցին՝ խորհրդնիշն էին Տէրը դիմաւորելու արթուն ու պատրաստ կոյսերուն։ Նշենք, որ ժամերգութեան ընթացքին մոմակրութիւնն ու վիճակաձգութիւնը կատարեցին կիրակնօրեայ վարժարանի այլ երեք աշակերտուհիներ։

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, տնօրէնութեան եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ, բարձրացան վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2026, 08:38