TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-IRAN-US-WAR

Լիբանանի եւ մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ Իսրայէլեան լայնածաւալ ու բուռն յարձակում

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ոչ վերջնական տուեալներու համաձայն, երէկուան իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են 112 զոհեր եւ 837 վիրաւորներ:

Իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին երէկ յարձակումներ գործեցին հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքայի վրայ:

Օդուժը Շահրիհա-Ապպասիէ շրջանին եւ Սուանէի վրայ յարձակումներ գործեց, Քֆարտունինի մէջ մոթորսիքլեթ մը հարուածեց, ինչպէս նաեւ յարձակումներ գործեց Քանայի եւ Շահապիէի մէջ:

Իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց Պարղազի հովիտը եւ Ռասուլէյն Սումահիէի մէջ «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը հարուածեց, ինչպէս նաեւ այլ ինքնաշարժներ Քլէյլայի մուտքին, Պլաթի եւ Քասիմիէի մէջ:

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց. «Պիտի շարունակենք Հըզպալլայի ենթակառոյցները հարուածել»:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Եըհմորի վրայ, ինչպէս նաեւ իրերայաջորդ բուռն յարձակումներ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն եւ Սուր քաղաքին վրայ:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ «Առիւծի մռնչիւն» գործողութեան սկիզբէն ի վեր մեծագոյն հարուածը հասցնելով 10 վայրկեանի ընթացքին Պէյրութի, Պեքայի եւ Հարաւի մէջ Հըզպալլայի շուրջ 100 դիրքեր հարուածած է: Այս ծիրին մէջ յարձակում գործուեցաւ Պէյրութի Պարպուր, Քոռնիշ Մազրաա, Այն Մրէյսէ եւ Պըրժ Ապի Հայտար, Հայ Սըլլոմ, Մանարա, Պասթա եւ Այն Թինէ շրջաններուն վրայ` պատճառելով մեծ աւեր:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ոչ վերջնական տուեալներու համաձայն, երէկուան իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են 112 զոհեր եւ 837 վիրաւորներ:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց. «Լիբանանի մէջ 160 ռումբերու օգտագործումով յարձակում գործեցինք 100 թիրախներու վրայ»: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը իր կարգին հաղորդեց. «Շուրջ 50 իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր Լիբանանի տարբեր շրջաններու վրայ մէկ վայրկեանի ընթացքին 160 ռումբեր արձակեցին»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց պնդեց. «Հըզպալլայի հարիւրաւոր անդամներ Լիբանանի մէջ իրենց կեդրոններուն մէջ անակնկալ յարձակումի ենթարկուեցան մեծ հարուածի մը ընթացքին»:

«Նայիմ Քասեմը (Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար «Ա.») զգուշացուցինք, թէ Հըզպալլան սուղ գին պիտի վճարէ փոխան Իրանի Իսրայէլի վրայ յարձակում գործելուն համար, եւ կարգը իրեն պիտի գայ», յայտնեց Քաց:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի բանբեր Իպրահիմ Ռիտայի յայտնեց, թէ Լիբանանի վրայ յարձակումին հակադարձելով պէտք է անմիջապէս փակել Հորմուզի նեղուցը: «Կա՛մ զինադադարը բոլոր ճակատներուն վրայ կ՛ըլլայ, կա՛մ ալ որեւէ ճակատի վրայ զինադադար չ՛ըլլար», նշեց ան: Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մըն ալ «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Իսրայէլը պիտի պատժենք` Լիբանանի դէմ իր գործած ոճիրին եւ զինադադարի պայմանները խախտելուն համար»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՛ընդլայնէ իր յարձակումներու ծիրը` թիրախաւորելով խիտ բնակուած թաղեր, մասնաւորաբար մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ` անտեսելով պատերազմը դադրեցնելու շրջանային եւ միջազգային ջանքերը: Ան Լիբանանի բարեկամներուն կոչ ուղղեց` բոլոր միջոցներով պատերազմի դադրեցման օգնելու:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատիֆոլ յայտարարեց, թէ իր իսրայէլացի պաշտօնակիցին յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները պէտք չէ «անհրաժեշտ ինքնապաշտպանութեան ծիրէն անդին անցնին»:

Հըզպալլայի մօտիկ 3 աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Հըզպալլան առաւօտեան կանուխ ժամերէն յարգեց զինադադարը, հակառակ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման»:

Հըզպալլայէն ղեկավար պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Դիմադրութիւնը պիտի չընդունի, որ իսրայէլեան յարձակումները այս ճակատամարտէն առաջուան պէս շարունակուին»` նշելով, որ Հըզպալլան համաձայնութիւն կնքած պետութիւններուն առիթ կ՛ընծայէ Իսրայէլի զայն յարգել պարտադրելու: «Կը հետեւինք հաղորդակցութիւններու արդիւնքներուն եւ անոնց վրայ հիմնուած անհրաժեշտ քայլը պիտի առնենք», ընդգծեց ան:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ զինադադարի համաձայնութիւնը բնագիրին համաձայն կը ներառէ Լիբանանը, եւ Իրան ատոր վրայ պնդած է:

«Մինչեւ հիմա Հըզպալլայի կողմէ զինադադարին վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ», նշեց երեսփոխանը` աւելցնելով. «Եթէ իսրայէլացի թշնամին զինադադարը չյարգէ, ապա ոչ ոք զայն պիտի յարգէ, եւ շրջանին ու Իրանի կողմէ հակադարձութիւն պիտի կատարուի»:

«Լիբանանը պետական ու ժողովրդային մակարդակի վրայ պէտք է շնորհակալ ըլլայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, որ պայման դրաւ, որ համաձայնութիւնը Լիբանանը ներառէ», նշեց Մուսաուի:

Լիբանանեան պաշտօնական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն միջազգային հաղորդակցութիւններ ունեցած է, որպէսզի Լիբանան ներառուի զինադադարին մէջ:

Նախագահ Աուն այս առնչութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ շարք մը միջազգային պաշտօնատարներու հետ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնեց Լիբանանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Սալման Աթհարին եւ բարձր գնահատեց փաքիստանեան կառավարութեան ջանքերը, որոնք յանգեցան «շրջանի մակարդակին վրայ զինադադարի հաստատման»:

Ան դեսպանին կոչ ուղղեց` փոխանցելու այն իրողութիւնը, թէ Իսրայէլ չի յարգեր համաձայնութիւնը եւ կը շարունակէ Լիբանանի, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի վրայ իր յարձակումը:

Բանակցութիւններու մասնակցած պաշտօնատար մը «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է. «Լիբանանը ներառուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարի համաձայնութեան մէջ»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2026, 08:34