776478560

Կեանք-Պարգեւը - Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Հակառակ մեր կեանքի դժխեմ պայմաններուն` մեր նմանները երջանկացնելը մեզի անչափելի երջանկութիւն կը պատճառէ: Երբ մեր վիշտը մէկու մը պատմենք, զայն կիսած կ՛ըլլանք, իսկ երբ մեր ուրախութիւնը բաժնեկցինք, զայն կը բազմապատկենք: Եթէ կը փափաքիս ինքզինքդ հարուստ համարել, փառք տուր այն բոլոր բարիքներուդ համար, որոնք դրամով չես կրնար գնել:

Կեանքը Մարտահրաւէրներու Շղթայ Մըն Է

Ընկեր մը պատմեց, որ այսօր բացաւ իր կնոջ հագուստի պահարանը եւ գունազարդ թուղթին փաթթուած պլուզ մը հանեց` «Այս պլուզը պարզ պլուզ մը չէ» մռմռալով: Ան բացաւ ծրարը եւ կարօտով շօշափեց պլուզը:

«Ութ-ինը տարի առաջ, երբ Նիւ Եորք գացած էինք, գնած էր այս պլուզը, սակայն բնաւ չհագաւ: «Յատո՛ւկ առիթով մը պիտի հագնիմ» կ՛ըսէր միշտ: Կարծեմ այդ յատուկ առիթը այսօր է»:

Ան պլուզը դրաւ անկողինին վրայ գտնուող այն հագուստներուն քովը, որ հետը մեռելատուն պիտի տանէր նոր մահացած կինը զգեստաւորելու համար: Ան ինծի դարձաւ եւ ըսաւ. «Բնաւ բան մը յատուկ առիթի մի՛ վերապահեր: Կեանքիդ իւրաքանչիւր օրը յատո՛ւկ առիթդ է»:

Այս խօսքերը կեանքս բարեփոխեցին: Հիմա սկսած եմ նուազ ժամանակ տրամադրել տունը մաքրելու եւ աւելի ժամանակ` գիրք կարդալու: Աւելի ժամանակ կ՛անցընեմ հարազատներուս հետ եւ նուազ ժամանակ` գործիս մէջ: Համոզուեցայ, որ կեանքը փորձառութիւն ամբարելով պէտք է իմաստաւորել եւ ոչ թէ միայն ժամանակ անցընելով` վատնել: Ո՛չ մէկ բան յատուկ առիթի համար չեմ պահեր: Ամէն օր բիւրեղեայ գաւաթ կը գործածեմ: Նոյնիսկ շուկայ գացած ատենս նոր հագուստ կը հագնիմ: Սուղ անուշահոտս միայն յատուկ առիթով չեմ գործածեր: Բառարանէս ջնջած եմ «օր մը…» բառը: Ինչ որ այսօր պէտք է տեսնեմ, լսեմ կամ ընեմ, այլեւս վաղուան չեմ ձգեր:

Չեմ գիտեր, թէ ընկերոջս կինը ի՞նչ պիտի ընէր, եթէ գիտնար, թէ յաջորդ առաւօտ պիտի չարթննար: Կը խորհիմ, թէ ազգականներուն եւ ընկերներուն հետ կապ պիտի պահէր եւ իր սխալներուն համար ներողութիւն խնդրէր: Իր սիրած չինական ճաշարանը պիտի երթար: Ահաւասիկ այսպիսի բաներ չեմ ուզեր յետաձգել` քաջ գիտնալով, որ մահը գողի պէս պիտի գայ եւ զիս տանի այս աշխարհէն:

Չեմ ուզեր զղջալ, որ այլեւս ընկերներս պիտի չտեսնեմ եւ անոնց նամակ պիտի չգրեմ, որովհետեւ նոր «օր մը…» պիտի չունենամ:

Չեմ ուզեր ափսոսալ, որ այլեւս եղբայրներուս եւ քոյրերուս, զաւակներուս եւ հարազատներուս բաւարար չափով «Ձեզ շատ կը սիրեմ» չեմ ըսած: Հիմա կեանքս երջանկացնող բոլոր բաները վաղուան չեմ յետաձգեր: Ամէն առաւօտ ես ինծի կ՛ըսեմ. «Այսօր յատո՛ւկ առիթդ է: Իւրաքանչիւր օրդ, ժամդ, վայրկեանդ եւ երկվայրկեանդ յատուկ առիթդ է»:

Ը. - Մայրապետին Ինքնաշարժին Պենզինը

Ծերանոցներու մը մէջ ծառայող մայրապետ մը, երբ իր առօրեայ այցելութիւնները կը կատարէր, անդրադարձաւ, որ ինքնաշարժին վառելանիւթը սպառեցաւ: Բախտաւոր էր, որ փողոցին անկիւնը վառելանիւթի կայարան մը կար: Հոն գնաց շիշ մը վառելանիւթ ուզելու, որպէսզի ինքնաշարժին մէջ լեցնէ եւ կայարան հասնի:

Կայարանին գործաւորը ըսաւ, թէ շիշ չունի, եւ եթէ քիչ մը սպասէ, շուտով նոր շիշեր պիտի բերեն: Որովհետեւ մայրապետը հիւանդի մը տեսութեան պէտք էր երթար, որոշեց անմիջապէս ինքնաշարժ վերադառնալ:

Ինքնաշարժին մէջ շիշ փնտռտած պահուն ան հիւանդին տանելիք միզամանը գտաւ եւ կայարան վերադառնալով` անոր մէջ վառելանիւթ լեցուց ու ինքնաշարժին քով եկաւ:

Մինչ մայրապետը վառելանիւթը ինքնաշարժին մէջ կը լեցնէր, երկու մարդիկ փողոցին ծայրէն իրեն կը նայէին: Մին միւսին ըսաւ. «Լսած եմ, որ Յիսուս ջուրը գինիի վերածած է, սակայն հիմա եթէ այս ինքնաշարժը մէզով աշխատի, մինչեւ կեանքիս վերջը ամէն կիրակի եկեղեցի պիտի երթամ…»:

Թ. - Հիւանդանոցին Պատուհանը

Երկու ծանր հիւանդներ հիւանդանոցի նոյն սենեակին մէջ պառկած էին: Անոնցմէ մին արտօնութիւն ունէր ամէն օր մէկ ժամ անկողինին մէջ նստելու, որպէսզի թոքերուն ջուրը պարպէր: Անոր անկողինը սենեակին միակ պատուհանին քովն էր: Միւս մարդը միշտ կռնակին վրայ պառկած կը մնար: Երկուքը ժամերով կը խօսակցէին եւ իրենց կիներուն, զաւակներուն, աշխատանքներուն, զինուորական ծառայութեան եւ արձակուրդներուն մասին կը պատմէին:

Ամէն յետմիջօրէի, երբ պատուհանին քով եղող մարդը անկողինին մէջ նստէր, իր ընկերոջ կը նկարագրէր դուրսը տեսածները: Այս պատճառով ալ պատուհանէն հեռու գտնուող հիւանդը սկսաւ այդ նկարագրութիւններով խանդավառուիլ եւ արտաքին աշխարհը վայելել:

Պատուհանէն գեղեցիկ հանրային պարտէզ մը եւ լիճ մը կը տեսնուէր: Բադիկներ ու կարապներ կը զբօսնէին ջուրին վրայ, եւ մանուկներ նաւակ կը վարէին: Երիտասարդ զոյգեր, թեւ-թեւի անցած, կը պտտէին բազմագոյն ու անուշաբոյր ծաղիկներուն մէջ: Նոյնիսկ հեռուն քաղաքը կ՛երեւէր:

Մինչ պատուհանին քովի հիւանդը այսպէս կը նկարագրէր տեսարանները, միւս հիւանդը աչքերը կը փակէր եւ հրապուրիչ պահերը կը պատկերացնէր:

Պատուհանին քովի հիւանդը արեւոտ օր մը նաեւ տողանցք մը նկարագրեց, եւ ընկերը, թէեւ չլսեց նուագարաններուն ձայնը, սակայն միտքին աչքերով պատկերացուց այս պահը եւս:

Օրեր եւ շաբաթներ թաւալեցան: Առտու մըն ալ, երբ բուժքոյրը սենեակ մտաւ, պատուհանին քովի հիւանդին անշունչ մարմինը գտաւ: Ան քունին մէջ խաղաղօրէն հոգին աւանդած էր: Հիւանդանոցի անձնակազմէն երկու մեռելաթաղներ եկան եւ դիակը տարին:

Երբ միւս հիւանդը իմացաւ եղելութիւնը, շատ նեղուեցաւ. ապա խնդրեց, որ զինք պատուհանին քովի անկողինը փոխադրեն: Բուժքոյրը սիրով ընդառաջեց անոր խնդրանքին եւ զայն նոր անկողինին մէջ դնելէ ետք սենեակէն դուրս ելաւ:

Հիւանդը մեծ ճիգով պատուհանին կողմը դարձաւ եւ դուրս նայեցաւ: Ի՞նչ տեսնէ. սեւ պատ մը: Երբ բուժքոյրը եկաւ, հարցուց, թէ իր մահացած ընկերը ինչո՞ւ իրեն այնքան գրաւիչ ու աղուոր տեսարաններ կը նկարագրէր: Բուժքոյրը պատասխանեց. «Ընկերդ կոյր էր. ան նոյնիսկ քու տեսած սեւ պատը չէր կրնար տեսնել, սակայն կ՛ուզէր քեզի երջանկութիւն պատճառել»:

Հակառակ մեր կեանքի դժխեմ պայմաններուն` մեր նմանները երջանկացնելը մեզի անչափելի երջանկութիւն կը պատճառէ: Երբ մեր վիշտը մէկու մը պատմենք, զայն կիսած կ՛ըլլանք, իսկ երբ մեր ուրախութիւնը բաժնեկցինք, զայն կը բազմապատկենք: Եթէ կը փափաքիս ինքզինքդ հարուստ համարել, փառք տուր այն բոլոր բարիքներուդ համար, որոնք դրամով չես կրնար գնել:

 

Աթէնք, 15 մարտ 2026    
(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն անգլերէն յօդուածէ մը):
(Շար. 5 եւ վերջ)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2026, 09:08