Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան երկու շաբթուան համար հրադադար կնքեցին Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան երկու շաբթուան համար հրադադար կնքեցին 

Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան երկու շաբթուան համար հրադադար կնքեցին

ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը յայտարարած է Իրանի հետ երկշաբաթեայ երկկողմանի զինադադար հաստատելու համաձայնութեան մասին, որուն պիտի միանայ նաեւ Իսրայէլը։ Այս ժամանակաշրջանին կողմերը պիտի բանակցին վերջնական համաձայնութեան շուրջ, իսկ Թեհրանը պարտաւորուած է երաշխաւորել Հորմուզի նեղուցի նաւարկութեան անվտանգութիւնը։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ համաձայնած է Իրանի հետ երկշաբաթեայ զինադադար հաստատել՝ աւելցնելով, որ Թեհրանն ալ նոյն կերպ պիտի վարուի։

«Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆի եւ ֆելտմարշալ Ասիմ Մունիրի հետ զրոյցներու արդիւնքներով… ես համաձայն եմ երկու շաբաթով դադրեցնել Իրանի վրայ ռմբակոծութիւններն ու յարձակումները։ Ասիկա պիտի ըլլայ երկկողմանի զինադադար»,– գրած է Թրամփը Truth Social ընկերային ցանցին մէջ։

ԱՄՆ նախագահի յայտարարութենէն այլ կէտեր․

Իրանի հետ հրադադարը երկկողմանի պիտի ըլլայ

Թեհրանը, իբր, համաձայն է երաշխաւորել Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան անվտանգութիւնը։

ԱՄՆ-ը Իրանէն ստացած է տասը կէտէ բաղկացած առաջարկ, որ կենսունակ հիմք կը հանդիսանայ բանակցութիւններ վարելու համար

Երկու շաբթուան ընթացքին Ուաշինկթըն եւ Թեհրան պիտի պատրաստեն համաձայնութեան վերջնական տարբերակը, որ կը խոստանայ հակամարտութեան մօտակայ լուծում։

Աւելի վաղ, Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆը յայտնած էր, որ Թրամփէն խնդրած է երկու շաբաթով երկարաձգել Իրանի հետ ԱՄՆ-ի համաձայնագրի կնքման ժամկէտը։ Ան նաեւ խնդրած է Իրանէն՝ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, երկու շաբաթով բանալ Հորմուզի նեղուցը։

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարոլայն Լեւիթը յայտարարած է, որ Թրամփը ծանօթացած է Փաքիստանի առաջարկին։

Իսրայէլ իր հերթին համաձայնած է միանալ երկշաբաթեայ հրադադարին, կը հաղորդէ CNN-ը՝ վկայակոչելով Սպիտակ տան ներկայացուցիչը։

«Իսրայէլը երկշաբաթեայ հրադադարի մէկ մասն է, որուն մասին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Իրանին ուղղուած իր վերջնագրէն ընդամէնը մէկուկէս ժամ առաջ՝ կամ վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը, կամ բախիլ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն ուղղուած ուժգին ռազմական հարուածներու։ Իսրայէլը նաեւ համաձայնած է դադրեցնել իր ռմբակոծման արշաւը բանակցութիւններու ընթացքին»,– ըսած է պաշտօնեան։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2026, 09:43