2026.05.27 Già Direttore Sez. Armena Radio Vaticana - Michel Jeangey

Ռատիովատիկանի հայկական բաժանմունքի երբեմնի տնօրէն Տիար Միշել Ժանժէյի մահուան 10րդ տարելիցը

Անոր մահուան լուրը անսպասելի էր, աներեւակայելի։ Մէկ օր առաջ Ան իր սովորութեան համաձայն վազվզած էր ասդին անդին պատրաստելու համար երկրորդ օրը յիշատակուող Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքի յիսուն ամեակի տօնախմբութիւնը։ Իր ոճն էր ասիկա։ Համախմբել մարդիկ սեղանի շուրջ։ Անոնց հրամցնել արեւելեան խոհանոցի ճաշեր, տեսնել անոնց գոհունակութիւնը եւ ուրախանալ անոնց ուրախութեամբ։ Սարկաւագ էր Միշելը։ Բարին բուն իմաստով։ Կոչումն էր ծառայել։ Ծառայութիւն մատուցել Աստուծոյ եւ մարդոց։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լուրը տարածուեցաւ կայծակի նման` առաւօտեան կանուխ։ Միշելը մահացաւ։ Այսպէս է` որ Ան ճանչցուած էր բոլորին կողմէ։ Պարզապէս «Միշել»։

Անոր մահուան լուրը անսպասելի էր, աներեւակայելի։ Մէկ օր առաջ Ան իր սովորութեան համաձայն վազվզած էր ասդին անդին պատրաստելու համար երկրորդ օրը յիշատակուող Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքի յիսուն ամեակի տօնախմբութիւնը։

Իր ոճն էր ասիկա։ Համախմբել մարդիկ սեղանի շուրջ։ Անոնց հրամցնել արեւելեան խոհանոցի ճաշեր, տեսնել անոնց գոհունակութիւնը եւ ուրախանալ անոնց ուրախութեամբ։

Սարկաւագ էր Միշելը։ Բարին բուն իմաստով։ Կոչումն էր ծառայել։ Ծառայութիւն մատուցել Աստուծոյ եւ մարդոց։

Ան բոլորին կողմէ ճանչցուած էր եկեղեցիին եւ համայնքին հանդէպ իր նուիրումով, իր ծառայասէր ու անձնուէր ոգիով, ինչպէս նաեւ իր հեզ ու պարկեշտ նկարագրով։ Կողմնորոշման կէտ էր շատերու համար։ Իրեն համար աւելի կարեւոր էր գործելը, քան երեւիլը։

Նախ Ֆրանսայի մէջ ապա Հռոմի մէջ համայնքային կեանքէն ներս ունեցաւ մեծ դերակատարութիւն։ Ծառայեց զոհողութեան ոգիով. միշտ կը մտածէր անոնց մասին, որոնք կարիքի մէջ էին, դժուարութիւններ կը դիմագրաւէին, աշխատանք կը փնտռէին կամ հարց մը լուծելու կարիքն ունէին։ Իր դէմ եղած անարդարութիւններուն դիմաց կը ժպտար, քէն չէր պահեր։ Կեանքին հանդէպ դրական հայեացք ունէր։

27 Սեպտեմբեր 2007-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապին կողմէ արժանացած էր Սուրբ Սիլվեստրի Ասպետական Կարգի Կոմանտորի (Commendatore) տիտղոսին։

«Ծառայել եւ ուրիշները երջանկացնել» այս էր անոր նշանաբանը, եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր վերջին շունչը, երբ 2016-ի 28 մայիսի առաւօտեան հեռացաւ այս աշխարհէն Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկական բաժանմունքի հիմնադրման 50-ամեակի տօնակատարութիւնը կազմակերպելէ անմիջապէս ետք։

1991-ին Տիար Միշել Ժանժէյը յաջորդած է Հայր Գէորգ Զապարեանին` որպէս Ռատիօ Վատիկանի Հայկական բաժնի տնօրէն, սոյն պաշտօնը վարելով 20 տարիներ ամբողջ՝ մինչեւ 2011 թուական։

Ան Սարկաւագական կարգը ստացած էր 16 Յունուար 1994-ին:

Ռատիովատիկանի Հայակկան Բաժանմունքին մէջ իր երկարմեայ պաշտռօնավարութեան ընաթցքին Միշելը պատրաստած է ամենօրեայ ձայնասփռումներ, որոնք կը ներառէին Պապական պատգամներ, Սուրբ Գրային սերտողութիւններ եւ քարոզներ։ Ապահոված է կապը Վատիկանի եւ հայ իրականութեան միջեւ՝ սփիւռքի ու հայրենիքի հայութեան հասցնելով եկեղեցական լուրեր։ Իր հաղորդումներով Ան նպաստած է արեւմտահայերէնի եւ հոգեւոր բառամթերքի պահպանման ձայնասփիւռի եթերէն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2026, 10:09