Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հռոմի մէջ Հայ Կաթողիկէ համայնքի կեդրոն
Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը՝ չորեքշաբթի, 20 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի հրաւէրին, իր պատուիրակութեամբ այցելեց Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան:
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կարճ արարողութեան աւարտին, հոգեւոր տէրը ողջունեց վեհափառ հայրապետին գալուստը՝ նշելով, որ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն միշտ գոյութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին միջեւ, իսկ համահայկական բնոյթ ունեցող մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու գծով միշտ միասին գործած ենք: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, ուր յաճախակի առիթներով այցելութիւն տուած է: Ան յիշեց կեդրոնի կարեւոր դերակատարութիւնը հոգեւոր ու կրթական մարզերուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սերտ գործակցութեան:
Ապա, հոգեւոր տէրը պաշտօնական ճաշկերոյթով պատուեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը: Ճաշկերոյթի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով պատրաստուած ձեռաց խաչ մը նուիրեց հոգեւոր տիրոջ, ինչպէս նաեւ յուշանուէր խաչ՝ Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Խաչիկ ծ. վրդ. Գույումճեանի:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ