Հայաստանի եւ Լիբանանի դրօշակները Հայաստանի եւ Լիբանանի դրօշակները 

Հայաստան Լիբանանին մարդասիրական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է շուրջ 60 միլիոն դրամ յատկացնել Լիբանանին՝ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը մեղմելու նպատակով։ Այս օժանդակութիւնը պիտի ներառէ սննդամթերք, անձնական մաքրութեան պարագաներ եւ դեղորայք՝ տուժած բնակչութեան առաջնային կարիքները հոգալու համար։

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով` գումար պիտի յատկացուի Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող պատերազմական գործողութիւններու պատճառով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 14 մայիսի նիստին յայտարարուած է, որ կը նախատեսուի պահեստային ֆոնտէն յատկացնել շուրջ 60 միլիոն դրամ, որմէ 34 միլիոն դրամը պարենային ապրանքներու (սննդամթերք) եւ անձնական մաքրութեան պարագաներու ձեռքբերման, իսկ 26 միլիոն դրամը` դեղերու ձեռքբերման համար, որոնք, իբրեւ մարդասիրական աջակցութիւն, պիտի տրամադրուին Լիբանանին:

Հիմնաւորման համաձայն, Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով ձեւաւորուած է մարդասիրական ճգնաժամ, որուն պայմաններուն մէջ զգալիօրէն աճած է բնակչութեան պարենային ապրանքներու, ինչպէս նաեւ անձնական մաքրութեան եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու ու դեղերու կարիքը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նախատեսէ տրամադրել նպատակային մարդասիրական աջակցութիւն` ապահովելով տուժած բնակչութեան առաջնային կարիքներու բաւարարման համար անհրաժեշտ պարենային եւ անձնական մաքրութեան ապրանքներու, դեղերու տրամադրումը:

Անհրաժեշտ ապրանքներու ցանկը, աշխատանքային կարգով, ներկայացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2026, 07:38