Aftermath of an Israeli strike on a house in Jabalia refugee camp

Կազա․ Մարդասիրական տագնապ՝ միջազգային լռութեան ներքոյ

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) տուեալներով՝ աւելի քան 43,000 անձեր ստացած են մնայուն վնասուածքներ, ներառեալ՝ անդամահատումներ, այրուածքներ եւ ողնայարի վնասներ․ վիրաւորներուն մեծ մասը երեխաներ են։ Այսօր աւելի քան 50,000 մարդ շտապ վերականգնողական խնամքի պէտք ունի, սակայն Գօտիին առողջապահական կառոյցները խորապէս վնասուած են կամ զրկուած՝ հիմնական սարքաւորումներէ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Կազայի Գօտիին մէջ կը շարունակուի ծանր մարդասիրական տագնապ մը, մինչ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը հետզհետէ կը նուազի այս հակամարտութեան հանդէպ։

OCHA-ի (ՄԱԿ-ի Մարդասիրական գործերու համակարգման գրասենեակ) վերջին զեկոյցին համաձայն՝ բնակչութեան մեծ մասը տակաւին կը տապալի տեղահանուած վիճակի մէջ՝ զուրկ անվտանգութենէ, ինչպէս նաեւ բժշկական խնամքի եւ հիմնական կարիքներու բաւարար հասանելիութենէ։

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) տուեալներով՝ աւելի քան 43,000 անձեր ստացած են մնայուն վնասուածքներ, ներառեալ՝ անդամահատումներ, այրուածքներ եւ ողնայարի վնասներ․ վիրաւորներուն մեծ մասը երեխաներ են։ Այսօր աւելի քան 50,000 մարդ շտապ վերականգնողական խնամքի պէտք ունի, սակայն Գօտիին առողջապահական կառոյցները խորապէս վնասուած են կամ զրկուած՝ հիմնական սարքաւորումներէ։

Մարդասիրական կազմակերպութիւնները միաժամանակ կը դատապարտեն օգնութիւններու ներմուծման խիստ սահմանափակումները։ Վառելանիւթի պակասը, ներածման արգելքներն ու քանդուած ենթակառուցուածքները կը խոչընդոտեն արտակարգ իրավիճակին արդիւնաւէտ արձագանգելու հնարաւորութիւնը։ Ջուրի հասանելիութիւնը նոյնպէս կը մնայ տագնապալի,․ գրեթէ ամբողջ առկայ ջուրը խմելու պիտանի չէ, իսկ ջրմուղի ցանցերուն մեծ մասը ամբողջութեամբ աւերուած է։

Այս բոլորին զուգահեռ, հազարաւոր ընտանիքներ կը շարունակեն ապրիլ փլատակներու մէջ, անապահովութեան եւ ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններուն տակ՝ ճգնաժամի մը մէջ, որ իր ամբողջ ծանրութեամբ, հետզհետէ ենթարկուած է աշխարհի կողմէ մոռցուելու վտանգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2026, 08:55