Ըստ ICJ-ի Տեղեկագիրին՝ Պաքուի մէջ դատուած հայ ղեկավարներուն իրաւունքները ոտնակոխուած են
Իրաւաբաններու միջազգային յանձնաժողովը (ICJ) հրապարակած է տեղեկագիր մը, ուր կը հաստատուի, թէ Պաքուի ռազմական դատարաններուն մէջ դատուած հայ ղեկավարներուն հիմնարար իրաւունքները խախտուած են։ Տեղեկագիրը կը շեշտէ, որ դատավարութիւնները չեն համապատասխանած արդար դատաքննութեան եւ հաւասար իրաւունքներու միջազգային չափանիշներուն։
«Արդարադատութիւնը ճնշումի տակ․ փաստաբաններու անկախութիւնը եւ արդար դատաքննութեան իրաւունքը Ատրպէյճանի մէջ» խորագիրով զեկոյցը կը քննէ Ատրպէյճանի դատական համակարգին մէջ առկայ լուրջ խնդիրները եւ քաղաքական ազդեցութիւնը դատարաններուն վրայ։ Ըստ զեկոյցին, հայ պաշտօնատարներուն դատավարութիւնները այս խնդիրներուն ամենէն ցայտուն օրինակներէն են։
ICJ-ը կը նշէ, որ ամբաստանեալները զրկուած են իրենց ընտրած փաստաբաններուն ծառայութենէն, մինչ պետութեան կողմէ նշանակուած պաշտպանները պատշաճ կերպով չեն արձագանգած վատ վերաբերմունքի վերաբերող պնդումներուն։ Բացի այդ, դատավարական նիւթերու մէկ մասը կամ ընդհանրապէս չէ տրամադրուած, կամ տրամադրուած է այնպիսի լեզուով, որ մեղադրեալները չեն հասկցած։
Տեղեկագիրը մասնաւորապէս կը յիշատակէ Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը՝ նշելով, որ ան պետական պաշտօն ստանձնած է միայն 2022-ի վերջաւորութեան, սակայն անոր դէմ մեղադրանքներ ներկայացուած են մինչեւ իսկ 1988-էն սկսեալ դէպքերու վերաբերեալ, երբ ան տակաւին ուսանող էր Մոսկուայի պետական համալսարանին մէջ։
Զեկոյցին աւարտին ICJ-ը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ ապահովելու իրաւաբանական միութիւններու անկախ գործունէութիւնը եւ երաշխաւորելու, որ հայ բանտարկեալներուն բողոքները քննուին անկախ քաղաքացիական դատարանի մը կողմէ։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ