Սքանչագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ
Ուրբաթ , 22 Մայիս 2026 թուականին. հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի Քաշիացիի (1381-1457) տօնին առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:
Սուրբ գրային ընթերցումներէն յետոյ, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ընդգծեց Սրբուհի Ռիթայի կեանքին գլխաւոր դէպքերը՝ հոգեւոր իմաստներով լեցուն։
Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ.
«Սիրելի՛ Ռիթայասէր Քոյրեր եւ Եղբայրներ,
Այսօր Սուրբ Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ յատուկ սիրով եւ վստահութեամբ յիշատակելու Օգոստինեան միաբանութեան միանձնուհիին՝ Սրբուհի Ռիթան՝ այն սրբուհին, զոր հաւատացեալ ժողովուրդը կը կոչէ զինք «Անկարելի Բաներու Սրբուհին»։
Այս տիտղոսը պարզապէս հրաշքներու պատճառով չէ տրուած անոր, այլ որովհետեւ ան իր ամբողջ կեանքով ապացուցեց, թէ Աստուծոյ շնորհքը կրնայ լուսաւորել նոյնիսկ ամենախաւար կացութիւնները, եւ թէ Քրիստոսի սէրը կրնայ փոխակերպել մարդկային ցաւը՝ փրկութեան եւ սրբութեան ճանապարհին։
Սրբուհի Ռիթան ծնաւ պարզ ընտանիքի մը մէջ։ Իր երիտասարդ տարիքին, ան ուզեց նուիրուիլ Աստուծոյ, բայց հնազանդեցաւ իր ծնողներուն կամքին եւ ամուսնացաւ։
Անոր ընտանեկան կեանքը դիւրին չէր. ամուսինը բռնի եւ խիստ մարդ մըն էր։ Սակայն Ռիթան չընտրեց ատելութիւնը, այլ՝ համբերութիւնը, աղօթքը եւ ներողամտութիւնը։
Սուրբ Գիրքը մեզ կը յորդորէ ․ «Սէրը համբերող է, սէրը քաղցր է… ամէն ինչ կ’ արդարացնէ, ամէն ինչի կը հաւատայ, ամէն ինչի կը յուսայ, ամէն ինչի կը համբերէ» (Ա. Կոր․ 13.4-7)
Սրբուհի Ռիթան իր կեանքով մարմնաւորեց Քրիստոսի այս խօսքերը։ Ան տարիներ շարունակ աղօթեց իր ամուսինին դարձին համար, եւ ի վերջոյ Աստուած դպաւ անոր սրտին։ Սակայն քիչ ժամանակ ետք ամուսինը սպաննուեցաւ։
Այդ պահուն Ռիթայի կեանքը՝ նոր փորձութեան մը առջեւ կանգնեցաւ։ Իր որդիները կը փափաքէին վրէժ լուծել, բայց մայրը անոնց կը սորվեցնէր Քրիստոսի ճանապարհը՝ ներելու ճանապարհն է։
Հետեւելով Քրիստոսի խօսքին․«Սիրէ՛ք ձեր թշնամիները եւ աղօթեցէ՛ք ձեզ հալածողներուն համար» (Մտթ․ 5.44)
Սրբուհի Ռիթան այս պատուէրը բառացիօրէն ապրեցաւ։ Ան ներեց իր ամուսինին սպաննողներուն եւ աղօթեց, որպէսզի արիւնահեղութիւնը չշարունակուի։ Այս պատճառով Սուրբ Եկեղեցին զինք կը կոչէ «Հաշտարար Սրբուհի»։
Սիրելիներս, Սրբուհի Ռիթայի կեանքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ քրիստոնէական կեանքը առանց խաչի գոյութիւն չունի։ Սակայն խաչը վերջը չէ։ Խաչը Յարութեան ճանապարհն է։
Սուրբ Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ․«Ներկայ ժամանակի չարչարանքները արժանի չեն բաղդատուելու այն փառքին, որ պիտի յայտնուի մեր մէջ» (Հռ․ 8.18)
Սրբուհի Ռիթան իր ցաւերը չդարձուց դժգոհութեան, այլ զոհաբերութեան։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն, ան Քրիստոսի փուշերէն մէկուն վէրքը ստացաւ իր ճակատին վրայ։ Այդ վէրքը ցաւալի էր, բայց ան սիրով կը կրէր զայն, որովհետեւ ուզեց միանալ Խաչեալ Քրիստոսի տառապանքներուն։
Քանի՜ անգամ մենք կը դժգոհինք մեր փոքր դժուարութիւններէն։ Բայց Սրբուհի Ռիթան մեզ կը սորվեցնէ, թէ երբ մեր ցաւերը միացնենք Քրիստոսի խաչին, անոնք կը դառնան շնորհքի աղբիւր։
1457 թուականին, Մայիս 22-ին, երբ Սրբուհի Ռիթան 76 տարեկան էր՝ իր ամբողջ կեանքը սրբութեամբ անցուցած, անոր երանելի հոգին տեսնուեցաւ, թէ ինչպէս հրեշտակներու ընկերակցութեամբ փառքով ու վեհութեամբ կը բարձրանար դէպի երկինք։
Անմիջապէս ամբողջ վանքին մէջ անուշահոտ բոյր մը տարածուեցաւ, եւ անոր աոանձնարանը լուսաւորուեցաւ, կարծես թէ մինչեւ իսկ արեւը ներսը կը շողշողար։
Անոր մարմինը այնքա՜ն գեղեցիկ ու շնորհալի մնաց, որ անկէ կենդանի պայծառութեան ճառագայթներ կը բխէին՝ յստակ վկայութիւն մը, թէ անոր մէջ Սուրբ Հոգի մը բնակած էր։
Նոյն մարմինը նաեւ հաճելի ու քաղցր բուրմունք մը կ’արձակէր, որ մինչեւ այսօր իսկ կը շարունակուի անոր գերեզմանին մօտ ամէն տարի։
Յատկապէս անոր ճակատին վրայի փուշի վէրքը այնպէս կը փայլէր, որ անկէ կրնանք հասկնալ, թէ որքան փառքով կը շողշողան երկնքի երանելի փառքին մէջ մեր Փրկիչին Վէրքերը եւ այն սուրբ նահատակներուն վէրքերը, որոնք իրենց կեանքը տուին նոյն Տիրոջ համար։
Երբ Սրբուհի Ռիթան հեռացաւ այս աշխարհէն, Քաշիայի ամբողջ քաղաքի զանգակերը ինքնաբերաբար հնչեցին՝ հրեշտակային ձեռքերով շարժուած։
Այս դէպքէն կրնանք հասկնալ, թէ նոյնիսկ անկենդան արարածները կը զգան Աստուծոյ Սուրբերուն եւ Բարեկամներուն առաքինութիւնները եւ կը միանան անոնց արժանիքները պատուելու, մանաւանդ Սրբուհի Ռիթայինը։
Ժողովուրդը մեծ բազմութեամբ վազեց այս հրաշալի հրաշքին առջեւ, եւ լսելով այդ ուրախ ձայնը, որով երկինքը բոլորին կը հրաւիրէր պատուելու Իր ամենահաւատարիմ աղախինին սրբութիւնը, փառաբանեցին մեծ Աստուածը, որ հրաշքներ կը գործէ Իր հաւատարիմ ծառաներուն մէջ։
Անոր երանելի վախճանէն ետք, այս սուրբ կնոջ սրբութեան համբաւը շատ արագ տարածուեցաւ՝ այն բազմաթիւ շնորհքներուն եւ հրաշքներուն պատճառով, որոնք Աստուած կը գործէր անոր բարեխօսութեամբ՝ օգուտ բերելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց անձը իրեն կը յանձնէին։
Եւ այս՝ ի փառս Աստուծոյ, Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ նոյնինքն Սրբուհի Ռիթային։
Ինչո՞ւ հաւատացեալ ժողովուրդը Սրբուհի Ռիթան կը կոչէ «Անկարելի Բաներու Սրբուհի»ն։
Որովհետեւ անոր կեանքը մարդկային աչքով անկարելի կացութիւններու շարք մըն էր․ դժուար ամուսնութիւն, ընտանեկան ողբերգութիւն,մենութիւն,կորուստ,փակ դռներ եւ երկար սպասում։
Բայց Ռիթան երբեք չյուսահատեցաւ։ Այլ վստահելով Յիսուսի խօսքին որ կ’ըսէ․ «Ինչ որ անկարելի է Մարդոց համար՝ Աստուծոյ համար հնարաւոր է» (Ղկ․ 18.27)
Աստուած յաճախ կը գործէ այն ատեն, երբ մարդը կը կարծէ, թէ ամէն ինչ աւարտուած է։ Սրբուհի Ռիթայի կեանքը՝ կենդանի վկայութիւն մըն է, թէ աղօթքը երբեք ապարդիւն չի մնար։
Այսօր ալ շատեր կու գան Սրբուհի Ռիթայի մօտ՝ ընտանեկան խնդիրներով, հիւանդութեամբ, յուսահատութեամբ, բաժանումներով, տնտեսական դժուարութիւններով կամ հոգեկան ծանր վիճակներով։ Եւ անոնք կը գտնեն մխիթարութիւն, որովհետեւ Սրբուհի Ռիթան միշտ կ’առաջնորդէ մեզ Յիսուսի մօտ։
Մեր աշխարհը այսօր շատ յոգնած է։ Մարդիկ շատ բան ունին, բայց խաղաղութիւն չունին։ Տուները մեծցած են, բայց սրտերը նեղցած։ Տեղեկութիւնը շատցած է, բայց իմաստութիւնը պակսած։ Շատեր կորսնցուցած են յոյսը։
Սակայն Պօղոս Առաքեալը կը հրաւիրէ մեզ․ «Յոյսով ուրախ եղէք, նեղութեան մէջ համբերեցէք, աղօթքի մէջ յարատեւեցէք» (Հռ․ 12.12)
Սրբուհի Ռիթան այս խօսքին կենդանի տիպարն էր։ Ան չկորսնցուց յոյսը, որովհետեւ իր աչքերը Աստուծոյ վրայ սեւեռած էին եւ ոչ թէ միայն աշխարհի դժուարութիւններուն վրայ։
Քրիստոնեան երբեք պէտք չէ յուսահատի։ Յուսահատութիւնը հաւատքի թուլացումն է, իսկ յոյսը՝ Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը։
Ի՞նչ պէտք է սորվինք Սրբուհի Ռիթայէն։
Այս տօնին առթիւ Սրբուհի Ռիթան մեզ կը հրաւիրէ․ աւելի լաւ աղօթելու, աւելի շատ ներելու եւ աւելի շատ համբերելու, աւելի վստահելու Աստուծոյ վրայ, խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն բերելու մեր ընտանիքներուն մէջ եւ մեր առօրեայ խաչերը սիրով կրելու։
Սրբութիւնը միայն վանքերուն մէջ չէ։ Սրբութիւնը ամէնօրեայ կեանքին մէջ է՝ մօր համբերութեան մէջ, հօր զոհողութեան մէջ, երիտասարդի մաքրութեան մէջ, հիւանդի համբերութեան մէջ եւ ամէն քրիստոնեայի հաւատարիմ աղօթքին մէջ։
Սիրելիներս, եկէք այսօր վստահութեամբ դիմենք Սրբուհի Ռիթային եւ ըսենք․ «Սրբուհի Ռիթա, դուն որ անցար ցաւի, արցունքի եւ փորձութեան ճանապարհներէն, սորվեցուր մեզի վստահիլ Աստուծոյ վրայ, ներել մեր հակառակորդներուն եւ երբեք չկորսնցնել յոյսը։
Բարեխօսէ մեզի համար, որպէսզի մեր ընտանիքները լեցուին խաղաղութեամբ, մեր սրտերը՝ հաւատքով եւ մեր կեանքը՝ Քրիստոսի սիրով»։ Եւ թող մեր Տէրը, Սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեամբ, օրհնէ մեզ բոլորս, Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն անունով․Ամէն»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութեան կարգը, ապա՝ հաւատացեալներու հետ միասին թափոր կազմուեցաւ Սրբուհի Ռիթայի մասունքով՝ եկեղեցւոյ բակէն ներս:
Արագահաս Սրբուհի Ռիթա, Մեր ցաւերուն սիրով փութա։
ԱՂՕԹՔ ԱՌ ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ ՔԱՇԻԱՑՒՈՅՆ
Ո՛վ Սրբուհի Ռիթա , դուն որ Ժայռին վրայ կը փնտռէիր լռութիւնը՝ Աստուծոյ հանդիպելու համար, սորվեցուր մեզի աղօթքի մէջ վերագտնել սրտի խաղաղութիւնը։
Դուն որ ցաւը սիրոյ վերածեցիր եւ կեանքի փորձութիւնները՝ Տիրոջ հանդէպ վստահութեան, զօրացուր մեզ դժուար պահերուն մէջ եւ օգնէ մեզի երբեք չկորսնցնելու յոյսը։
Ըրէ՛, որ մենք ալ, առօրեայ նեղութիններու եւ հոգիի վէրքերուն մէջ, կարենանք հոգեպէս բարձրանալ դէպի Աստուած՝ Իրեն յանձնելով մեր արցունքները, մեր սպասումները եւ մեր կեանքի ճանապարհը։ Ո՛վ Անկարելի Բաներու Սրբուհի, բարեխօսէ մեզի համար եւ առաջնորդէ մեզ հաւատքի ճանապարհի վրայ։ Ամէն։
Քեսապ՝ 22 Մայիս 2026․
Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան
Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն՝
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ