Demonstrators rally in support of Iran, in Washington, D.C.

Փաքիստան ջանք կը թափէ Միացեալ Նահանգներ – Իրան բանակցութիւններու տապալումը Աարգիլելու

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օգնականները Իրանի դէմ հարուածներու վերականգնման ծրագիրներ պատրաստեցին, եւ նախագահը տակաւին իր յաջորդ քայլերուն վերաբերեալ որոշում չէ տուած»:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի պետ Իպրահիմ Ազիզի յայտնեց, որ Իրան պատրաստած է Հորմուզի նեղուցէն երթեւեկը կարգաւորելու մեքանիզմ մը եւ զայն շուտով պիտի ներկայացնէ:

Ազիզի նշեց, որ համաձայնագիրը օգուտ պիտի բերէ միայն առեւտրական նաւերուն եւ Իրանի հետ գործարքներ կնքող ընկերութիւններուն:

Ան աւելցուց, որ Իրան դրամ պիտի գանձէ այս մեքանիզմի ծիրին մէջ մատուցուող մասնագիտական ծառայութիւններուն համար:

Իրանի խորհրդարանի ներքին գործերու յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Սալեհ Ճոքար իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Պայմանները կ՛որոշէ մարտի դաշտին մէջ յաղթանակ արձանագրած երկիրը եւ ոչ թէ ձախողած, իր նպատակներուն չհասած եւ միայն աւերներ բերած երկրի կառավարութիւնը: Ուստի ամերիկացիները պէտք է ընդունին մեր պայմանները»` աւելցնելով, որ Իրանի 10 կէտերէ բաղկացած պայմանները «որեւէ բանակցութեան համար կարմիր գիծ են»:

Խորհրդարանի անդամը նշած է, որ Իրան երբեք չէ վստահած Միացեալ Նահանգներուն, իսկ իր երկիրը այլ ուղի չունի, քան աւելի ուժեղ դառնալը: Բացի ատկէ, ան ամերիկացի զինուորներուն կոչ ուղղած է շրջանը լքելու:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Մոհամետ Մոխպեր, խօսելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի մասին, յայտնեց. «Իրան տարիներ շարունակ անոնց հետ վերաբերած է իբրեւ ընկերներ եւ եղբայրներ, սակայն անոնք, նախապէս վաճառելով իրենց գերիշխանութիւնը, նոյնիսկ իրենց հողերն ու տուները յանձնած են Պաղեստինի եւ Իրանի թշնամիներուն:

«Իսլամական Հանրապետութեան դէմ վերջերս շղթայազերծուած լայնածաւալ պատերազմին ընթացքին ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան վարձակալուած դիրքերուն պատասխանը լիարժէք չէր, սակայն այս զսպուածութիւնը, անշուշտ, յաւերժ պիտի չտեւէ», ըսած է ան:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օգնականները Իրանի դէմ հարուածներու վերականգնման ծրագիրներ պատրաստեցին, եւ նախագահը տակաւին իր յաջորդ քայլերուն վերաբերեալ որոշում չէ տուած»:

Մինչ այդ, ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեց, որ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մուհսեն Նաքուի անակնկալ կերպով այցելած է Թեհրան` իրանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար:

Փաքիստանեան «Տաուն» օրաթերթը, Իսլամապատի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ մէջբերելով, հաղորդեց, որ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարարի Թեհրան անակնկալ այցելութեան նպատակը բանակցութիւններու տապալումը արգիլելն է:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2026, 08:54