2023.07.24 Rupen Vartanian

Ռուբէն Վարդանեանի թեկնածութիւնը՝ Վացլաւ Հաւելի Անուան Մարդու Իրաւունքներու Մրցանակին

Յայտարարութեան մէջ նաեւ շեշտուած է, որ ան միշտ բարձրաձայնած է իր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը եւ կանգնած է եղած ծանր պայմաններու մէջ գտնուող ժողովուրդի կողքին։

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ իրաւապաշտպաններու խումբ մը 2026 թուականի Վացլաւ Հաւելի անուան մարդու իրաւունքներու մրցանակին համար առաջադրած է Ռուբէն Վարդանեանի թեկնածութիւնը։

Առաջադրողներու յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ այս որոշումին հիմքը Վարդանեանի երկարամեայ մարդասիրական գործունէութիւնն է, մասնաւորաբար «Աւրորա» նախաձեռնութեան միջոցով աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ իր ունեցած ներդրումը։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ շեշտուած է, որ ան միշտ բարձրաձայնած է իր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը եւ կանգնած է եղած ծանր պայմաններու մէջ գտնուող ժողովուրդի կողքին։

Իրաւապաշտպանները ընդգծած են, թէ Վարդանեանի համար մարդկային արժանապատուութիւնն ու հիմնարար իրաւունքները գերագոյն արժէքներ են, իսկ անոր մարդասիրական գործունէութիւնը օգնութիւն ու յոյս բերած է հազարաւոր մարդոց աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2026, 08:30