«Կարդինալը» խորագրով գրքի շնորհանդէսը Երեւանի մէջ
12 Մայիս, Երեւանի Էլիտ Պլազա մշակոյթի եւ առեւտրի տանը, տեղի ունեցաւ Ծիրանաւոր Գրիգոր Պետրոս Աղաջանեանին նուիրուած «Կարդինալը» խորագրով գրքի շնորհանդէսը։
Նոր շրջանի հանրայայտ հեղինակ՝ Աշոտ Աղաբաբեանի 12-րդ աշխատութիւնն է, որ ներկայացնում է բարձրաստիճան եկեղեցականի նուիրական կեանքը փաստավաւերագրական հիմքի հիման վրայ վիպական ձեւով։
Հեղինակը այս հատորով վեր է յառնել տալիս հայի ոգեղինութեան տիպար օրինակը, շեշտելով հայ մարդու խոհեմութիւնը կեանքի դժուարին պահերի ընթացքին եւ հաւաքական ուժի հզօրութիւնը յաղթանակ կերտելու համար։
«Կարդինալը» ստեղծագործութիւնը Ծիրանաւորի կեանքի վերջին տասնամեակի ընթացքին Քրիստոսի եկեղեցուն բերած իր ծառայութեան մասին կը պատմէ։
Ինչպէս երախտագիտութեան իմ խօսքիս մէջ յիշեցի, 55 տարի առաջ, Հռոմի Սուրբ Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետի մարգարէական խօսքը կը հնչէր, Կարդինալի մահուան առթիւ, թէ «պատմութիւնը կ՚ասի թէ ի՛նչ են պարտական նրան քրիստոնեայ Հայաստանը, կաթողիկէ առաքելութիւնները, Սուրբ Աթոռը եւ ողջ Եկեղեցին»։ Այսօր մայր հայրենիքի մէջ, ազգի զաւակները աւանդավէպի միջոցով ծանօթանում են վեհաշուք բայց եւ խոնարհ եկեղեցական տիպարի եւ կենցաղավարութեան գաղտնիքները։
Ջավախքի ծնունդ այս նուիրեալ հոգեւորականը իր մէջ կ՚ամփոփէ մի ամբողջ հայրենիք։ Կարծէք պատմական Հայաստանի այդ տարածաշրջանի հայ պատանիները Աստուծոյ մասնայատուկ օրհնութիւնը ունեցած լինէին, քանի որ Ծիրանաւորի կողքին Մխիթարի տունը նոյնպէս մեծանուն հայեր ունեցած է միեւնոյն հողից ու ջրից, յանձինս՝ Հ․ Վահան Յովհաննիսեանի, Հ․ Եղիա Փէչիկեանի, Հ․ Եփրեմ Պօղոսեանի եւ այլոց։
Հայ մեծերը լինեն նրանք թէ եկեղեցական եւ թէ աշխարհական, ոգեշնչման ու ոգեկոչման առիթ են ընձելում այսօրուայ հայ մարդուն, ով փնտռտուքի ու մաքառումի մէջ է գտնուում։
Չմոռանանք այստեղ որ Աստուծոյ խոնարհ ծառան եղած է «Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի» ստեղծման հովանաւորը, որ այս տարի կը տօնախմբէ իր հիմնադրման 60 ամեակը։
Կարդինալ Աղաջանեանի կեանքը սովորեցնում է, որ իւրաքանչիւր հայ, ինչ պաշտօնի ու կարգի մէջ էլ որ լինի, Հայրենիքը ամէն բանից վեր պիտի դասէ ու նրան ծառայէ։
Ինչպէս Ծիրանաւորն էր իր հոգու խօսքը յղել իր ազգի զաւակներին․ «Սիրեցէք մեր Հայրենիքը։ Կրնաք չսիրել վարչաձեւերը, բայց վարչաձեւերը կ՚անցնին, Հայրենիքը կայ ու կը մնայ։ Սիրեցէք զիրար, որովհետեւ` ուր որ հանդիպէք մի հայի, նա մէկ բեկորն է Հայրենիքի։ Գաղափարներու պայքարը անհրաժեշտ է, բայց պէտք չէ իջնէ անհատէ անհատ ու դառնայ վարկաբեկիչ կիրք մը․․․ Աստուծոյ դէմ պայքարելով հայրենիք չի կերտուիր։ Չի ծառայեր կրօնքին, ով որ դէմ է Հայրենիքին։ Վարդանանք մեզի կը պատգամեն՝ հաւատարմութիւն Աստուծոյ, հաւատարմութիւն Հայրենիքին։ Ով որ կ՚ուրանայ մէկը, չի կրնար հաւատարիմ մնալ միւսին»։
Հ․ Գէորգ Սարգսեան
Միանձն Մխիթարեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ