2026.05.21 Mons Nareg Alemezian

Քրիստոնէական Պրիսմակ. Մահուան սարսափն ու դառնութիւնը Ս. Հոգիին մխիթարութեամբ քաղցրացնել

Մխիթարիչ Ս. Հոգին շարունակաբար կը յուշէ մեզի, որ մեզմէ բաժնուած մեր հանգուցեալ սիրելիներէն «վերջին հրաժեշտը» չենք առներ, այլ անոնց «ցտեսութիւն» կը մաղթենք, որովհետեւ որքան ալ դժուար ըլլայ բաժանումը, մենք անպայման պիտի վերատեսնուինք` երկինքին վրայ պահելով մեր մտասեւեռումը: Հակառակ մեր կորուստին ահաւորութեան` միշտ յուսալից ենք յարուցեալ վերամիաւորումի իրաւութեան:

Անցեալները երկու հայ երիտասարդներ հետս զրուցեցին եւ իրենց 60 եւ 62 տարեկան հայրերուն մահուան տխուր առիթով մխիթարական խօսքեր խնդրեցին ինձմէ: Անշուշտ հարկ եղածը ըսի իրենց, ապա մտածեցի այս խորհրդածութիւնը կատարել, որովհետեւ բոլորս ալ անխուսափելիօրէն ուշ կամ կանուխ մահուան դէմ յանդիման պիտի գտնուինք, երբ մեր սիրելիներէն մէկուն կամ մեր կեանքին թելը փրթի:

Նախ` ի՞նչ է կեանքը: Կեանքը շնչաւոր եւ գործարանաւոր մարդկային, անասնական եւ բուսական էակները, կը զանազանէ անշունչ եւ անգործարանաւոր էակներէն: Ան կ՛ընդգրկէ առաջիններուն ծնունդէն մինչեւ մահ երկարող ժամանակահատուածը եւ կը բնութագրուի վերարտադրութեամբ, աճով եւ յարմարուողականութեամբ: Գիտակցութիւնն ու անձնական եւ հաւաքական փորձառութիւնները կը լեցնեն մարդկային կեանքը: Կեանքը ունի` ժամանակ, գոյութենական վիճակ, կենսակերպ եւ եռանդ: Անոր հոմանիշներէն կրնանք յիշել` գոյութիւն, կենդանութիւն, կենսունակութիւն, ոգի եւ աշխուժութիւն: Կեանքը օժտուած է` գոյութեան նպատակով, երջանկութեան վայելքով, ընկերային կապերով եւ անհա-տական ու հաւաքական իմաստի որոնումով: Կրօնական շրջածիրին մէջ կեանքը արարիչ Աստուծոյ պարգեւն է արարած մարդուն:

Ապա` ի՞նչ է մահը: Մահը կենդանի գործարանաւորութիւնը պահպանող բոլոր կենսաբանական գործառոյթներուն մշտական եւ անվերականգնելի դադարեցումն է. այսինքն` կեանքին աւարտը: Բժշկականօրէն ան սրտին, շնչառութեան եւ ուղեղին գործունէութեան մշտատեւ կանգ առնելն է: Մահացած մարդը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ, եւ այսպիսով կը յատկանշուի մարդուն կեանքի փուլին աւարտը: Մահուան վիճակները կրնանք ներկայացնել հետեւեալներով. մահանալ, անցնիլ, ժամկէտը աւարտել, վերջ, մեկնում, լուծարում, լռութիւն, ոչնչացում եւ այլն: Կրօնականօրէն կ՛օգտագործենք հանգուցեալ (ժամանակաւոր հանգիստի մէջ եղող) եւ ննջեցեալ (առ այժմ քնացած) բնորոշումները:

Վերջապէս` ի՞նչ է Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը: Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը հոգեկան, իմացական ու ֆիզիքական խաղաղութեան եւ յաւիտե-նական կեանքին հանդէպ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ խրախոյսի աստուածային այն ծառայութիւնն է, որ Եկեղեցին սգաւոր հաւատացեալներուն կը պարգեւէ Parakletos-ին` Մխիթարիչին միջնորդութեամբ: Parakletos յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ օգնութեան համար մեր մօտ հրաւիրուած: Ս. Հոգին մեր մօտ կը կանչենք, որպէսզի մխիթարէ մեզ` քրիստոնեաներս, վստահեցնելով, որ բոլորս` ողջեր եւ ննջեցեալներ, Աստուծոյ զաւակներն ենք, եւ Աստուած մեր սուգն ու մահուան վախը կը փարատէ իր սիրով պարուրելով մեզ: Նոր կտակարանին մէջ Ս. Հոգին որպէս Մխիթարիչ, Սփոփարար, Ճշմարտութիւնը Յայտնող, Բարեխօս, Օգնական, Պաշտպան, Ուսուցանող, Յուշարար, Վկայ եւ Խորհրդատու կը ներկայանայ եւ աջակցութիւն, զօրութիւն եւ պաշտպանութիւն կու տայ մեզի:

Ս. Հոգին` որպէս Մխիթարիչ, ուղղակիօրէն չորս անգամ գործածուած է Աւետարան ըստ Յովհաննէսի մէջ.

  • «Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ, որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ: Ան Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ: Աշխարհը չի՛ կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն: Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեզի հետ պիտի ըլլայ» (14.16-17).
  • «Բայց Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, ան ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ, ինչ որ ես ձեզի ըսի» (14.26):
  • «Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն` Սուրբ Հոգին, որ Ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ՛ելլէ, ան ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ Իմ մասիս» (15.26):
  • «Բայց ես ճշմարտութիւնը կ՛ըսեմ ձեզի. Ձեզի համար լաւ է, որ Ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ` Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի: Երբ ան գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, Իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը: Աշխարհի մեղքը, որովհետեւ Ինծի չեն հաւատար, Իմ արդարութիւնս` որովհետեւ Ես Հօրս քով կ՛երթամ եւ այլեւս պիտի չտեսնէք Զիս, եւ, չարին դատաստանը, որովհետեւ Սատանան` այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է» (16.7-11):

Յիսուս կը խոստանայ Իր աշակերտներուն եւ մեզի` Հօր դիմել, որպէսզի Ան Մխիթարիչը ղրկէ մեզ առաջնորդելու, մեզի ճշմարտութիւնը սորվեցնելու եւ միշտ մեզի հետ մնալու` որպէս օգնական մեր դժուար իրավիճակներուն մէջ զինք փոխարինելու համար: Ս. Հոգին կը մխիթարէ հաւատացեալներս` Յիսուսի պատուէրները մեզի յիշեցնելով եւ աստուածատուր ճշմարտութեան մէջ խարսխելով: Ս. Հոգին կը սորվեցնէ մեզի աղօթքով Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու ապահովագոյն միջոցը: Ս. Հոգին մեր մշտակայ ուղեկիցն է, ամէնօրեայ Մխիթարիչը:

Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը կը զգանք, երբ կատարելապէս միայն իրե՛ն կ՛ապաւինինք` յատկապէս մեր տառապալից պահերուն Աստուծոյ խօսքով առաջնորդուելու եւ խաղաղութիւն գտնելու համար: Այս մխիթարութիւնը անմիջականօրէն մեզի կը հասնի սրտամօտիկ անձերու եւ մեր եկեղեցական մեծ ընտանիքին նեցուկով:

Վերեւ կատարած երեք ընդգծումներս իրարու ագուցելով` լուսարձակի տակ կը բերեմ. կեանքը արարիչ Աստուծոյ պարգեւը ըլլալով արարած մարդուն, քրիստոնեան, երբ մահանայ, ան հանգուցեալ եւ ննջեցեալ կը դառնայ, որովհետեւ Մխիթարիչ Ս. Հոգին մեզի ցոյց կու տայ աշխարհի մեղքը, Քրիստոսի արդարութիւնը եւ չարին դատաստանը: Աշխարհի մեղքէն մաքրուելու համար պարտաւոր ենք Քրիստոսի հաւատալ, որովհետեւ Ան Հօր` Աստուծոյ քովն է, աշխարհի իշխանին` Սատանային յաղթած է եւ գրկաբաց մեզ կը սպասէ իր յաւիտենական կեանքը պարգեւելու համար մեզի: Քրիստոս այսօր եւս մեզի կ՛ըսէ. «Ես Հօրս քով կ՛երթամ: Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք Զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք Զիս» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 16.16): «Կարճ ժամանակ մը ետք»-ը նաեւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին ակնարկութիւն է, երբ ան որպէս արդար Դատաւոր` պիտի գայ արթուններն ու ննջեցեալները` զինուորեալ եւ յաղթական Եկեղեցին դատելու: Միայն հաւատացեալն է, որ այս բոլորին ճշմարտութիւնը կ՛ընդունի եւ ապա աստուածաշնորհ մխիթարութիւնը կը վայելէ:

Հայ եկեղեցին, Ս. Երրորդութեան` Հօր ու Որդիին եւ Ս. Հոգիին շնորհած մխիթարութեան կողքին, միայն Ս. Հոգիին պարգեւած մխիթարութեան մասին աշխարհական ննջեցեալներու թաղումի կանոնի, մեծի այգուց կատարելու կանոնի, մանուկներու թաղումի կանոնի եւ Մանուկներու եօթնօրէք, քառասունք կամ տարելից կատարելու կանոնի շարականներուն, աղօթքներուն եւ քարոզներուն մէջ հետեւեալները կ՛արձանագրէ.

  • «Աղաչենք, որ Տէրը Սուրբ Հոգիին շնորհքով լեցնէ Զինք լսող եւ Իր անունին հաւատացող սրտերը» (ՄԱՇՏՈՑ յորում աւանդին սրբազան արարողութիւնք ազգիս ըստ սահմանադրութեան Սուրբ Եկեղեցւոյս Հայոց, Անթիլիաս, 2004, էջ 217 եւ 339).
  • «Ճշմարիտ Հոգի, դուն` անսպառ աղբիւր, որ ամէն տեսակի բարիքներով կը լեցնես մարդիկը. յիշէ՛ մեր ննջեցեալները եւ սուրբերուդ քով հանգչեցուր» (ՆՈՅՆ, էջ 235):
  • «Դուն, որ Սուրբ Հոգիին շնորհքներով լուսաւորեցիր զանոնք, իրենց յիշատակի այս օրը Քու մեծ ողորմութեամբդ ընդունէ՛ անոնց հոգիները, ո՜վ մարդասէր» (ՆՈՅՆ, էջ 283):
  • «Դուն` յոյս ու ապաւէն ողջերուն ու մեռելներուն, ընդունէ՛ եւ Սուրբ Հոգիովդ պահէ այս ծառայիդ (կամ` աղախինիդ) հոգին» (ՆՈՅՆ, էջ 381):

Մխիթարիչ Ս. Հոգին շարունակաբար կը յուշէ մեզի, որ մեզմէ բաժնուած մեր հանգուցեալ սիրելիներէն «վերջին հրաժեշտը» չենք առներ, այլ անոնց «ցտեսութիւն» կը մաղթենք, որովհետեւ որքան ալ դժուար ըլլայ բաժանումը, մենք անպայման պիտի վերատեսնուինք` երկինքին վրայ պահելով մեր մտասեւեռումը: Հակառակ մեր կորուստին ահաւորութեան` միշտ յուսալից ենք յարուցեալ վերամիաւորումի իրաւութեան:

Իրենց ննջեցեալ հայրերուն կորուստը սգացող զրուցակից երկու հայ երիտասարդներուն մխիթարութեան ցօղ ցանելու ճիգիս մէջ կը մէջ-բերեմ սաղմոսագիրը. «Որբերուն հայրն է Ան, այրիներուն դատին պաշտպանը, Աստուած, որ իր սուրբ բնակավայրին մէջ է» (Սաղմոսներ 68.5), եւ ապա` «ԼՈՅՍ» առօրեայ ընթերցումներ եւ խորհրդածութիւններ» գրքոյկէն կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին հետեւեալ հատուածը. «Հայրիկին մահով սուգն ու հայր չունենալու զգացումը յաղթահարեցին զիս: Թէեւ մխիթարական էր գիտնալ, որ ան Յիսուսի հետ էր, բայց անկարելի էր սիրելիի մը կորուստին ցաւը չծանրաբեռներ զիս: Տիրոջ հետ հանդարտ մէկ պահուն Աստուածաշունչէն յիշեցի «որբերուն հայրը» խօսքը: Այն ատեն զգացի Աստուած կը վստահեցնէր որ թէկուզ երկրային հայր մը կորսնցուցած էի երկրորդ անգամ ըլլալով, Աստուած էր իմ երկնաւոր Հայրս: Ես երախտապարտ եմ Աստուծոյ` կեանքիս մէջ մեծ հօրս ներկայութեան համար: Թէեւ անոր կորուստը ցաւալի եղած է, նաեւ առիթ մըն է մխիթարուելու իմ երկնաւոր Հայրով, որ միշտ ներկայ եւ հաւատարիմ է ինծի: Աստուած իմ Հայրս է եւ պաշտպանս»: Ասոնց որպէս լրացում` մեր քրիստոնէական հաւատքին մէջ կը զօրանանք` Աստուծոյ դիմելով եւ հաստատելով. «Տառապանքիս մէջ սա՛ է մխիթարանքս, որ Քու խօսքդ կեա՛նք տուաւ ինծի» (Սաղմոսներ 119.50), որովհետեւ` «Տէրը իր ժողովուրդին ողորմեցաւ եւ Իր ժողովուրդին խոնարհները մխիթարեց» (Եսայի 49.13):

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2026, 08:21