US President and First Lady hold Congressional Picnic at the White House

Իրանի վրայ յարձակումի յետաձգումը յայտարարելով` Թրամփ. «Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ չափազանց դրական զարգացում գոյութիւն ունի»

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտարարեց, թէ Իրանի Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած վերջին առաջարկը կը ներառէ պատժամիջոցներու վերացում, իրանեան սառեցուած գումարներու ապասառեցում եւ պատերազմին վերջ տալ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Քաթարի իշխանը, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահը իրմէ խնդրած են յետաձգել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ ծրագրուած զինուորական յարձակումը, որ երէկ պիտի գործադրուէր, «սակայն ներկայիս լաւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ անոնց` իբրեւ մեծ ղեկավարներ եւ դաշնակիցներ, կարծիքին համաձայն, Միացեալ Նահանգներուն եւ Միջին Արեւելքի եւ անկէ դուրս բոլոր պետութիւններուն համար շատ ընդունելի համաձայնութիւն մը պիտի գոյանայ: Ամէնէն կարեւորը այդ համաձայնութիւնը Իրանի որեւէ հիւլէական զէնք չունենալը պիտի ներառէ»:

«Մեկնելով նշեալ ղեկավարներուն նկատմամբ յարգանքէս, պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթին եւ միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Տանիէլ Քէյնին ու ամերիկեան բանակին ցուցմունք տուի, թէ վաղը Իրանի վրայ որոշուած յարձակումը պիտի չգործենք, սակայն անոնց նաեւ ցուցմունք տուի Իրանի վրայ համապարփակ եւ լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծելու պատրաստուելու, եթէ ընդունելի լուծումի չհասնինք»:

«Իսրայէլը տեղեակ պահեցի Իրանի վրայ յարձակումի յետաձգման որոշումէն», ըսաւ Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց. «Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ չափազանց դրական զարգացում գոյութիւն ունի»:

«Ֆոքս Նիուզ», իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահ Թրամփի մօտիկ աղբիւրներէ, գրեց, թէ Իրան կ՛ուզէ շուտով աւարտել պատերազմը եւ ան չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ:

Փաքիստանցի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց. «Իրան կ՛ուզէ հիւլէական համաձայնութիւնը յայտարարելէ առաջ պատերազմի աւարտի համաձայնութիւն գոյացնել», մինչ Միացեալ Նահանգներ կը ջանան բոլոր հարցերուն վերաբերեալ համաձայնութիւնները միատեղ կերպով յայտարարել:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտարարեց, թէ Իրանի Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած վերջին առաջարկը կը ներառէ պատժամիջոցներու վերացում, իրանեան սառեցուած գումարներու ապասառեցում եւ պատերազմին վերջ տալ:

Ան աւելցուց, որ առաջարկը նաեւ կը ներառէ բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալ եւ ամերիկեան ուժերը հեռացնել Իրանի մօտիկ շրջաններէն:

«Իրան ուոր քոսթ թրեքըր»-ի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ աւելի քան 85 միլիառ տոլար ծախսած են Իրանի վրայ զինուորական գործողութեան համար:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2026, 09:30