Արամ Ա. Կաթողիկոսը մօտէն կը հետեւի Վենեզուելլայի երկրաշարժին պատճաոով Հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն
25 Յունիսի ամբողջ օրուան ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, մնայուն կապի մէջ ըլլալով Վենեզուելլայի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Պետրոս եպս. Մանուէլեանի հետ, մօտէն հետեւեցաւ Վենեզուելլայի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքներուն եւ այդ ծիրէն ներս՝ հայ գաղութին կրած վնասներուն։
Սրբազան հօր փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, երկրաշարժը ահաւոր ու սարսափազդու ցնցում յառաջացուցած է, եւ նիւթական ու մարդկային վնասները բազմաթիւ են։ Ցարդ վախն ու անորոշութիւնը կը տիրեն ժողովուրդին մօտ։ Երկրաշարժին հետեւանքով, դժբախտաբար, երկու հայ ընտանիքներու տուներ քանդուած են եւ կան քանի մը վիրաւորներ ու անհետ կորած հայորդիներ։
Սրբազան հայրն ու վարչութիւնը մօտէն կը հետեւին ստեղծուած կացութեան՝ մնայուն կապի մէջ ըլլալով հայրապետին հետ:
Ուրբաթ օրուան տուեալներով, երկրաշարժին զոհերուն թիւը կը մօտենայ 600ի: Կան նաեւ աւելի քան 3000 վիրաւորներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.