Կարդինալ Ֆերնանտէս. «Կազայի եւ Հարաւային Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւնները անհամաչափ էին»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Արտակարգ Քոնչիսթորոյի երկրորդ նիստին, Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան, Վերատեսուչ Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէս կոչ ուղղեց վերանայելու «արդար պատերազմի» տեսութիւնը՝ շեշտելով, որ պատերազմը չի կրնար դառնալ միջազգային քաղաքականութեան սովորական գործիք։
Կազա եւ Հարաւային Լիբանան
Հիմնուելով Լեւոն ԺԴ. Պապի «Magnifica humanitas» շրջաբերականին վրայ՝ կարդինալը զգուշացուց «զօրութեան մշակոյթի» տարածման վտանգին մասին, որ կը խրախուսէ բռնութիւնը, բեւեռացումն ու նոր պատերազմները։ Ան նշեց, որ Կազայի եւ Հարաւային Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւններուն արձագանգը եղած է ակնյայտօրէն անհամաչափ՝ յիշեցնելով ամբողջ քաղաքներու աւերումը, հազարաւոր բնակարաններու ոչնչացումը եւ մանուկներու մեծաթիւ զոհերը։
Միջազգային իրաւունքի պաշտպանութիւն
Կարդինալ Ֆերնանտէս նաեւ քննադատեց «կանխարգելիչ պատերազմի» տրամաբանութիւնը եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի անտեսումը՝ ընդգծելով, որ օրինական ինքնապաշտպանութիւնը պէտք է միշտ առաջնորդուի համաչափութեան սկզբունքով։
Եւրոպայի քաղաքական հակասութիւնները
Կարդինալը անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպայի քաղաքական անհետեւողականութեան՝ նշելով, որ տարբեր երկիրներու նկատմամբ կիրառուող չափանիշները յաճախ կը պայմանաւորուին քաղաքական շահերով, ոչ թէ ճշմարտութեամբ եւ համընդհանուր արժէքներով։
Եղբայրութեան մշակոյթի կոչ
Իր ելոյթի աւարտին ան վերահաստատեց, որ Եկեղեցին զերծ է քաղաքական եւ ընտրական շահերէ, կը պաշտպանէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ կոչ կ'ուղղէ հրաժարելու «զօրութեան մշակոյթէն»՝ փոխարէնը զարգացնելով եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ ընդհանուր բարիքի մշակոյթը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.