Պանկլատէշի Ռոհինկիա գաղթակայանին մէջ հողասահքի հետեւանքով հինգ երեխայ զոհուած է
Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք
Պանկլատէշի հարաւ-արեւելեան Քոքս Պազարի գաղթակայանին մէջ, որ աշխարհի ամէնէն մեծ փախստականներու ճամբարն է, հողասահքի հետեւանքով փլած է Քուրանական դպրոց մը՝ պատճառ դառնալով առնուազն հինգ երեխայի մահուան։ Դէպքը տեղի ունեցած է առատ անձրեւներու հետեւանքով, որոնք վերջին օրերուն շարունակաբար հողասահքեր եւ շէնքերու փլուզումներ կը յառաջացնեն։ Միայն երեք օր առաջ նոյն ճամբարներուն մէջ այլ դժբախտ պատահարի մը հետեւանքով ութ հոգի զոհուած էին։
Զոհերը կը պատկանին Ռոհինկիա մահմետական փոքրամասնութեան, որ տասնամեակներէ ի վեր կ՝ենթարկուի խտրականութեան եւ հալածանքներու Մեանմարի մէջ։ 1982 թուականի օրէնքով անոնք զրկուած են քաղաքացիութենէ, իսկ 2017-ին մեանմարեան բանակի լայնածաւալ գործողութիւններուն հետեւանքով հարիւր հազարաւոր Ռոհինկիաներ հարկադրուած են ապաստան գտնել Պանկլատէշի մէջ։
ՄԱԿ-ի վերջին տուեալներով, այսօր աշխարհին մէջ կ՛ապրի մօտ 1,85 միլիոն Ռոհինկիա, որոնց մեծամասնութիւնը կը գտնուի Քոքս Պազարի 33 գաղթակայաններուն մէջ։ Շուրջ 1,2 միլիոն փախստական կը բնակի Քութուփալոնկ-Պալուխալի համալիրին մէջ, որ աշխարհի ամենամեծ փախստականներու բնակավայրն է։
Ռոհինկիաներու կամաւոր վերադարձը Մեանմար ներկայիս անկարելի կը նկատուի՝ 2021-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի եւ Ռաքայն նահանգին մէջ տիրող անապահովութեան պատճառով։ Սուրբ Աթոռը տարիներ շարունակ իր մերձակցութիւնը արտայայտած է Ռոհինկիա ժողովուրդին, իսկ Ֆրանչիսկոս Պապը 2017-ին Պանկլատէշ այցելութեան ընթացքին հանդիպած էր փախստականներու՝ միջազգային հանրութիւնը կոչ ընելով պաշտպանելու անոնց հիմնարար իրաւունքները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.