Լիբանանի հարաւային շրջանի մէջ քանդուած շէնքեր Լիբանանի հարաւային շրջանի մէջ քանդուած շէնքեր 

Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի հարուածները պէտք է քննուին որպէս ռազմական յանցագործութիւն. Amnesty International

Amnesty International-ը յայտարարած է, որ 2026-ի մարտին Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի իրականացուցած երեք օդային հարուածները, որոնց հետեւանքով զոհուած են 24 քաղաքացիական անձեր, ներառեալ 12 երեխաներ, պէտք է հետաքննուին որպէս հնարաւոր պատերազմական յանցագործութիւններ՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու կասկածով։ Կազմակերպութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած է Իսրայէլի նկատմամբ զէնքի համապարփակ արգելք սահմանելու եւ պատասխանատուները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու։

Հարաւային Լիբանանի մէջ 2026 թուականի մարտ ամսուն Իսրայէլի իրականացուցած երեք օդային հարուածները, որոնց հետեւանքով զոհուած է 24 քաղաքացիական անձեր, անոնց շարքին՝ 12 երեխաներ, ինչպէս նաեւ ոչնչացաուած են ընտանիքներ, պէտք է հետաքննուին որպէս պատերազմական յանցագործութիւններ։ Այս մասին յայտարարած է միջազգային իրաւապաշտպան Amnesty International կազմակերպութիւնը։

Կազմակերպութիւնը հետաքննած է Իսրայէլի երեք օդային հարուածները, որոնց հետեւանքով կործանուած են քաղաքացիական տուներ՝ Թիւրոս շրջանի ալ-Թաքանա թաղամասին, Սայտայի շրջանի Իրքայ գիւղին եւ Նապաթիէի շրջանի ալ-Ռահպաթ թաղամասին մէջ՝ համապատասխանաբար մարտ 6-ին, 12-ին եւ 13-ին։ Զոհերուն մէջ եղած են 5-16 տարեկան 12 երեխաներ, վեց կին՝ ներառեալ մէկ յղի կին, եւ վեց տղամարդ։ Առնուազն եւս 18 մարդ վիրաւորուած է։

Հաւաքուած ապացոյցներու հիման վրայ՝ Amnesty International-ը յայտարարած է, որ այս օդային հարուածներէն իւրաքանչիւրի պարագային կան ողջամիտ հիմքեր եզրակացնելու, որ Իսրայէլի զինուած ուժերը խախտած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, այդ շարքին՝ տարբերակում չդնելով խաղաղ բնակիչներու եւ ռազմական թիրախներու միջեւ, հարուածներ հասցնելով քաղաքացիական անձանց կամ ենթակառոյցներու դէմ, ինչպէս նաեւ չձեռնարկելով անհրաժեշտ բոլոր նախազգուշական միջոցները՝ քաղաքացիական բնակչութեան հասցուելիք վնասը նուազագոյնի հասցնելու համար։

«Ընդամէնը մէկ շաբթուան ընթացքին իսրայէլեան բանակը Լիբանանի մէջ ամբողջ ընտանիքներ ոչնչացուց, ներառեալ տասնեակէ աւելի երեխաներ, ցոյց տալով խաղաղ մարդկային կեանքերու նկատմամբ լիակատար անտարբերութիւն։ Քանի՞ ընտանիք տակաւին պիտի ստիպուի փլատակներու տակէն հանել իր զաւակներուն մարմիններուն բեկորները, մինչեւ պատերազմական յանցագործութիւններու այս կործանարար շրջանը աւարտի։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ գործէ։ Պետութիւնները պէտք է անմիջապէս Իսրայէլի նկատմամբ համապարփակ զէնքի արգելք սահմանեն եւ կիրառեն համընդհանուր ու արտատարածքային արդարադատութեան սկզբունքները՝ պատասխանատուները հետաքննելու եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու համար»,– ըսած է Amnesty International-ի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանային փոխտնօրէն Քրիստին Պեքըրլէն։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/07/2026, 09:23