ՕԹԱՆ-ի անդամներու ղեկավարներու ժողով ՕԹԱՆ-ի անդամներու ղեկավարներու ժողով 

ՕԹԱՆ-ի անդամներու ղեկավարները Իրանին կոչ ուղղեցին` Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը յարգելու

ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները վերահաստատեցին, որ Իրան պէտք է յարգէ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը եւ չունենայ հիւլէական զէնք, միաժամանակ որոշելով մեծացնել պաշտպանական ծախսերը, ամրապնդել դաշինքի ռազմական կարողութիւնները եւ շարունակել աջակցիլ Ուքրանիոյ՝ 2026-ին տրամադրելով 70 միլիառ տոլարի զինուորական օժանդակութիւն։

ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները Անգարայի մէջ իրենց վեհաժողովի աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Իրանին կոչ ուղղեցին` Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը յարգելու, եւ վերահաստատեցին Իրանի հիւլէական զէնք չունենալուն անհրաժեշտութիւնը:

Դաշինքի ղեկավարները նաեւ պաշտպանական ոլորտի ծախսերու յաւելումը յայտարարեցին եւ խոստացան ռազմարդիւնաբերական կարողութիւնները ընդլայնել:

Անոնք վերահաստատեցին Ուքրանիոյ նկատմամբ աջակցութիւնը` անոր 2026 թուականին համար տրամադրելով 70 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական օժանդակութիւն:

ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները նաեւ հաստատեցին դաշինքի զինուորական կարողութիւններու զարգացումը, ներառեալ օդային եւ հակահրթիռային պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ վերահաստատեցին հաւաքական պաշտպանութեան իրենց յանձնառութիւնը, եւ թէ անդամ պետութեան մը վրայ յարձակում մը բոլոր անդամներուն վրայ յարձակում կը նկատուի:

Անգարայի մէջ վեհաժողովէն աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՕԹԱՆ-ի անդամներուն փոխանցեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին դաշինքին մէջ մնալ»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/07/2026, 09:47