Հարաւային Չինաստանի մէջ ողողումներ Հարաւային Չինաստանի մէջ ողողումներ  (ANSA)

Հարաւային Չինաստանի մէջ ողողումներու պատճառով 39 զոհ

Հարաւային Չինաստանի Քուանկշի շրջանին մէջ յորդառատ անձրեւներն ու ողողումները խլած են առնուազն 39 մարդու կեանք, մինչեւ այժմ 9 անձ կը համարուին անհետ կորսուած։ Ջրհեղեղները, որոնք սաստկացան նաեւ ամբարտակի փլուզումով, մեծ վնասներ պատճառեցին, իսկ փրկարարները նաւակներով օգնութիւն կը հասցնեն տուժած բնակիչներուն։

Հարաւային Չինաստանի Քուանկշի շրջանին մէջ յորդառատ անձրեւներու եւ ողողումներու զոհերուն թիւը բարձրացաւ 39-ի, եւ 9 անձերու ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անյայտ: Այս մասին իշխանութիւնները վկայակոչելով հաղորդեց չինական «Շինխուա» լրատու գործակալութիւնը:

Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ այս թիւերը կը ներառեն Նանինկ քաղաքի մէջ Լիուլան ամբարտակի քանդումի պատճառով յառաջացած ողողումներէն վնասուած անձերը:

Վերջին օրերուն յորդառատ անձրեւներուն հետեւանքով գետերու ջուրերու մակարդակը բարձրացաւ, եւ տուներ քանդուեցան:

Փրկարարներ ձգախէժէ նաւակներով օժանդակութիւն կը բաժնեն շրջանի բնակիչներուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/07/2026, 08:54