Մարոնիներուն Ռայի պատրիարքը Մարոնիներուն Ռայի պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլի հետ «շրջագծային համաձայնութիւն»-ը կարդացի եւ օրհնութիւնս տուի»

Մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռային ողջունեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի խաղաղասիրական նախաձեռնութիւնները՝ յոյս յայտնելով, որ ան կրնայ նպաստել Սուրիոյ վերականգնման եւ Լիբանան–Սուրիա յարաբերութիւններու բարելաւման, իսկ Լիբանանի ապագան տեսաւ խաղաղութեան, չէզոքութեան եւ պետական գերիշխանութեան ամրապնդման մէջ։ Ան նաեւ շեշտեց, որ տեւական խաղաղութիւնը անհնար է առանց պաղեստինեան պետութեան, կոչ ուղղեց դադրեցնելու պատերազմներն ու աջակցելու խաղաղութեան համաձայնութիւններուն՝ ընդգծելով, որ զէնքի եւ պատերազմի փոխ
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը յայտնեց. «Մենք կ՛ողջունենք Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը, որ բարի մտադրութիւններ ունի վերականգնելու Սուրիան, որ վերականգնման կարիք ունի: Մենք յոյս ու հաւատք ունինք նախագահ Շարհի` Սուրիան վերականգնելու կարողութեան նկատմամբ»: Ան այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին:

«Լիբանանը իր կացութենէն դուրս կու գայ, Սուրիոյ հետ դառնալու կարելիութիւններու փոխանակում կատարող երկու դրացի երկիրներ, եւ մենք կ՛ուզենք խաղաղութիւն վայելել, ու ժողովուրդը խաղաղութեան կարիք ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ եկեղեցին չի հեռանար, այլ ներկայ կը մնայ եւ արժէքներու մասին կը վկայէ:

Ռայի պատրիարքին կարծիքով, Լիբանանի մէջ սուրիական միջամտութիւն տեղի պիտի չունենայ, իսկ եթէ տեղի ունենայ, ի շահ ոչ ոքի պիտի ըլլայ, եւ նախագահ Շարհը Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութեան առաջարկներ կը ներկայացնէ:

Պատրիարքը շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սուրիական միջամտութեան կոչը պաշտօնական չէ, որովհետեւ սխալ է: «Չեմ կարծեր, թէ Ամերիկան կ՛ուզէ պատերազմը ընդլայնել, որովհետեւ բոլորը պատերազմէն յոգնեցան, եւ մարդիկ դէպի պատերազմ չեն ուղղուիր, այլ` դէպի խաղաղութիւն եւ փոխըմբռնումներ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ եկեղեցին պաղեստինցիներուն համար պետութիւն կ՛ուզէ, եւ անոր կարծիքով` առանց պաղեստինեան պետութեան, խաղաղութեան չկայ, ինչպէս նաեւ եկեղեցին պատերազմներ շղթայազերծող զինեալ շարժումներու կազմակերպման հետ չէ, այլ կը ճանչնայ պետութիւնը` իբրեւ խաղաղութեան միջնորդ:

«Աշխարհը այսօր զինուած է, եւ չկայ ցուցանիշ, թէ աշխարհը դէպի խաղաղութիւն կ՛ընթանայ, եւ պետութիւնները պատերազմներու համար գոյութիւն չունին, այլ` բարգաւաճման ու խաղաղութեան», յայտնեց ան:

«Երբ «շրջագծային համաձայնութիւն»-ը կը կարդաս, կը տեսնես, թէ անիկա գերիշխանութիւն, հեռացում, զէնքի հաւաքում, խաղաղութիւն եւ գերիներու վերադարձ կը պարունակէ: Կարեւոր է, որ պատերազմն ու քանդումը դադրեցնենք, յաւելեալ զոհերու արձանագրումը դադրեցնենք, եւ եթէ «համաձայնութիւն»-ը մեզի բանի մը հասցուց, կրնանք ուրախանալ, իսկ եթէ այդ հարցերը տեղի չունենան, ատիկա կը նշանակէ, թէ պատերազմին վերադարձանք», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

«Մենք մեզի առիթ տանք: Պէտք չէ այսպէս արագ մերժենք, եւ Աստուած ուզէ խաղաղութիւն կը հաստատուի: Ես կարդացի «շրջագիծի համաձայնութիւն»-ը եւ զայն օրհնեցի, սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ զայն որդեգրեցի, որովհետեւ ատիկա բան մըն է, իսկ գործադրումը` այլ բան: Համաձայնութեան մէջ նշուածը կա՛մ կը գործադրուի, կա՛մ ալ պատերազմի եւ քանդումի պիտի վերադառնանք», յայտնեց մարոնիներու պատրիարքը:

Ռայի ըսաւ. «Դիմադրութեան վերաբերեալ ըսինք, թէ պէտք է հասարակաց պաշտպանութեան հասնին, եւ պետութեան հետ հասկցուին: Անոնք պատերազմ յայտարարեցին եւ այդ ուղղութեամբ ընթացան, եւ կառավարութիւնը անոնց դէմ է: Եթէ կ՛ուզեն, որ որոշումը կառավարութեան ձեռքը ըլլայ, պէտք է բանաձեւի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն` աւելցնելով, որ միացեալ պաշտպանութիւնը դժուար դարձաւ, որովհետեւ կառավարութիւնը իր որոշումը տուաւ եւ այլեւս Դիմադրութիւնը չի ճանչնար:

«Շիի համայնքը թիրախաւորուած չէ, այլ հայրենիքին մէջ իր դիրքը, արժէքն ու դերը ունի: Շիի համայնքը թիրախաւորուած պէտք չէ զգայ, այլ այս հարենիքին մէջ ուրիշներուն նման տեղ ունի, եւ հաւասարութեան հիմամբ մշակութային ու կրօնական համակեցութիւնը միայն Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի», աւելցուց ան` հարց տալով. «Լիբանանը առանց շիիներուն, կամ մարոնիներուն, սիւննիներուն եւ ուրիշներուն ի՞նչ արժէք ունի»:

«Կ՛ուզենք, որ լիբանանցիները ընդունին Լիբանանի չէզոքութիւնը, եւ Սուրիոյ, Իսրայէլի եւ Իրանի նման երկիրներ ճանչնան Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնը: Չէզոքութիւնը չի նշանակեր, թէ Լիբանան առնչակից պիտի չըլլայ շրջանին մէջ հակամարտութիւններուն, այլ խաղաղութեան հող ըլլայ, եւ բոլոր լիբանանցիները կ՛ուզեն, որ Լիբանան գոյատեւէ, սակայն պէտք է իւրաքանչիւր ոք առանձին ոտքի կանգնի», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/07/2026, 10:25