2025.09.27 Udienza Giubilare

Յոբելենական ունկնդրութիւն. Եկէք փոքրանանք Աւետարանի համաձայն՝ որպէսզի հասկանանք ու ծառայենք Աստուծոյ երազանքներուն

«Աստուած յառաջ կը տանի իր Եկեղեցին, ցոյց տալով նոր ճանապարհներ։ Ըմբռնումը փոքրիկներու բնազդն է գալիք Թագաւորութեան նկատմամբ։ Թող Յոբելեանը մեզի օգնէ դառնալու փոքր՝ ըստ Աւետարանին, որպէսզի յայտնատեսնենք ու ծառայենք Աստուծոյ երազանքներուն։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 27 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը տասին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Յոյսին նուիրուած սուրբ տարուան ծիրէն ներս նախատեսուած հերթական հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ի միջի այլոց այս օրերուն 115 երկիրներէն Հռոմ ժամանած եւ Յոբելենական ուխտագնացութիւն կատարած բազմաթիւ կրօնուսոյցներ, որոնց Սրբազան Պապը յատուկ ողջոյն ուղղեց անգլերէն եւ սպաներէն լեզուով իր արտասանած խօսքին մէջ։

Ունկնդրութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը դուրս գալով Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց եւ ողջունեց սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող հաւատացեալները ապա բարձրացաւ կեդրոնական ամպիոն ուրտեղէն ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացած յոյսին վրայ։

Յոյսի ուխտաւորներն ու յայտնատեսնումը

«Յոբելեանը մեզ յոյսի ուխտաւորներ կը դարձնէ, որովհետեւ կ՛ըմբռնենք նորոգման մեծ կարիքը, որ կը վերաբերի մեզի և ամբողջ աշխարհին» ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով որ «ըմբռնել - Վերահասու ըլլալ» բայը կը նկարագրէ սուրբ Հոգիի շարժում մը, սրտի բանականութիւն մը, որ Յիսուս ամենէն առաջ գտաւ փոքրերու, այսինքն՝ խոնարհ հոգի ունեցող մարդոց մէջ»։

Ժողովուրդին հաւատքի զգացումը

«Իրականութեան մէջ, յաճախ կրթուած մարդիկ քիչ խորաթափանցութիւն ունին, քանի, որ կ՛ ենթադրեն, որ գիտեն։ Սակայն գեղեցիկ է, որ մեր մտքերուն և սրտերումն մէջ տեղ ձգել , որպէսզի Աստուած ինքզինք բացայայտէ։ Որքա՜ն յոյս կը յայտնուի, երբ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կը բացայայտուին նոր ըմբռնումներ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «Յիսուս կը հրճուի ասոր համար, լի է ուրախութեամբ, երբ կը նշմարէ, որ փոքրիկները ունին յայտնատեսութիւն։ Անոնք ունին «sensus fidei» - հաւատքի զգացումը, որ նման է պարզ մարդոց «վեցերորդ զգայարանի», Աստուծոյ բաներուն նկատմամբ։ Աստուած պարզ է և ինքզինք կը բացայայտէ պարզերուն»։

Սուրբ Ամպրոզիոսը

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ուզեց յիշել Եկեղեցւոյ պատմութենէն պահ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կարող է յոյսը բխիլ ժողովուրդի յայտնատեսութեան ունակութենէն։

«Չորրորդ դարու Միլանի Եկեղեցին յօշոտուած էր մեծ հակամարտութիւններու պատճառաւ, և նոր եպիսկոպոսի ընտրութիւնը վերածուած էր իսկական իրարանցումի։ Հարցին մէջ կը միջամտէ Քաղաքացիական իշխանութիւնը՝ նահանգապետ Ամպրոզիոսը, որ լսելու ու միջնորդելու իր մեծ կարողութեամբ, հանդարտութիւն կը բերէ։ Պատմութեան համաձայն՝ այդ պահին երեխայի ձայն մը կը բարձրանայ և կը պոռայ «Ամպրոզիոսը, եպիսկոպոս»։ Եւ այսպէս, ամբողջ ժողովուրդը կը գոռայ. «Ամպրոզիոսը, եպիսկոպոս»։ Ամպրոզիոսը ոչ իսկ մկրտուած էր, Ան միայն նորահաւատ երեխայ էր, այսինքն կը պատրաստուէր մկրտութեան։ Ժողովուրդը սակայն այդ մարդուն մէջ կը տեսնէ խոր բան մը ու զայն կ՛ընտրէ։ Այդպիսով Եկեղեցին ունեցաւ իր ամենամեծ եպիսկոպոսներէն մին, Եկեղեցւոյ Վարդապետ մը։ Ամպրոզիոսը սկիզբը չի ընդունիր այդ մէկը ու նոյնիսկ կը փախչի։ Ետքը սակայն կը հասկնայ, որ անիկայ Աստուծոյ կոչն է եւ այդպիսով թոյլ կու տայ մկրտուիլ ու եպիսկոպոս ձեռնադրուիլ։ Ան քրիստոնեայ կը դառնայ մինչ եպիսկոպոս կը դառնար։

Փոքրիկներուն նուէրը եկեղեցւոյ

«Տեսա՞ք ինչ մեծ նուէրներ կատարուած են Եկեղեցւոյ փոքրիկներէն» հարց տուաւ Քահանայապետը եւ հաստատեց. «Այսօր եւս այս մէկը շնորհք մըն է` զոր պէտք է հայցենք. Դառնալ քրիստոնեաներ մինչ կ՜ապրինք ընկալուած կոչումը։ Դուն մայր ես, հայր ես։ Դարձիր քրիստոնեայ որպէս հայր ու մայր։ Ձեռնարկատէր ես, աշխատող, ուսուցիչ, քահանայ, կամ միանձնուհի։ Դարձիր քրիստոնեայ քու ճանապարհիդ վրայ։ Ժողովուրդը ունի այս բնազդը` ան կը հասկնայ եթէ մենք քրիստոնեայ կը դառնանք թէ ոչ։ Ու կարող է մեզ սրբագրել, կարող է մեզի ցոյց տալ Յիսուսին ուղղութիւնը։

Սուրբ Ամպրոզիոսը տարիներու ընթացքին շատ բան վերադարձուց ժողովուրդին։ Զոր օրինակ ան հնարեց սաղմոսներն ու օրհնէքները երգելու նոր ձեւեր, նոր ձեւեր նաեւ քարոզելու եւ ծէսը մատուցելու։ Ինք եւս գիտեր յայտնատեսնել եւ այդպիսով յոյսը կրկնապատկուեցաւ։ Օգոստինսոը դարձի եկաւ անոր քարոզութեան շնորհիւ եւ անորմէ ընդունեցաւ մկրտութիւնը։

«Յայտնատեսնելը յուսալու մէկ ձեւ մըն է։ Չմոռնանք այս մէկը» յարեց Քահանայապետը նկատել տալով` որ «Աստուած այդպէս է` որ յառաջ կը տանի իր Եկեղեցին, ցոյց տալով նոր ճանապարհներ։ Յայտնատեսումը փոքրիկներու բնազդն է գալիք Թագաւորութեան նկատմամբ։ Թող Յոբելեանը մեզի օգնէ դառնալու փոքր՝ ըստ Աւետարանին, որպէսզի յայտնատեսնենք ու ծառայենք Աստուծոյ երազանքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2025, 10:15