Որոնել

UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR

Թող Ուքրանիան յարատեւէ հաւատքին մէջ հակառակ պատերազմի ողբերգութեան, Լեւոն ԺԴ.

Յոբելենական ունկնդրութեան աւարտին Քահանայապետը յիշեց այսօր Ուքրանիոյ մէջ երանելի հռչակուած նահատակ Քահանայ Պետրոս Պօղոս Օրոսը,

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

«Խնդրենք այս նոր Երանելիի միջնորդութիւնը, որպէսզի Ան զօրացնէ սիրելի ուքրանացի ժողովուրդը յարատեւելու հաւատքի և յոյսի մէջ հակառակ պատերազմի ողբերգութեան»։ Այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած Յոբելենական ունկնդրութեան աւարտին յիշեց այսօր Ուքրանիայի Պիլքի քաղաքին մէջ երանելի հռչակուած Մուքաչեվօ թեմի քահանայ Պետրոս Պօղոս Օրոսը, որ իր հաւատքին համար սպաննուեցաւ 1953 թուականին։

«Երբ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցին արգիլուեցաւ, Ան հաւատարիմ մնաց Պետրոսի յաջորդին և քաջաբար շարունակեց գաղտնի կատարել իր ծառայութիւնը՝ յանձն առնելով ու գիտակցելով վտանգներուն» ըսաւ Քահանայապետը որ ապա հայցեց Անոր բարեխօսութիւնը որպէսզի ուքրանացի ժողովուրդը քաջութեամբ յարատեւէ իր հաւատքին ու յոյսին մէջ։

Երանացման արարողութիւնը` յանուն Քահանայապետին գլխաւորեց Կարդինալ Կրծեկորձ Ռիշը։ Նահատակ քահանան ծնած էր 14 Յուլիս 1917-ին հունգարիոյ մէջ, ուքրանացի ընտանիքի մը յարկին տակ։ Անոր հայրը յոյս կաթողիկէ ամուսնացեալ քահանայ մըն էր։ Ինը տարեկանին ան որբ մնալով կ՜որդեգրուի այլ քահանայի մը ընտանիքէն։ 1942-ին Ան քահանայ ձեռնադրուեցաւ ու իր ծառայութիւնը մատուցեց եկեղեցւոյ դէմ հրահրուած հալածանքներու ժամանակ, այդ մէկը կատարելով գաղտնաբար։

1953 թուական օգոստոսի 27-ին նա սպաննուեցաւ գաղտնի ծառայութեան գործակալութեան կողմէ Զարիչչիա գիղին մէջ՝ իր հաւատացեալներուն առջեւ։ 2022 թուականի օգոստոսի 5-ին Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրեց քահանայի նահատակութիւնը ճանչցող հրամանագիրը։






 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2025, 11:08