TOPSHOT-NIGERIA-UNREST-KIDNAPPING-SCHOOL

Լևոն ԺԴ. Թող ազատ արձակուին Նիճերիայի և Քամերունի մէջ առևանգուած պատանդները

Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր տօնին օրը սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ երգչախումբերու յոբելեանին առիթով մատուցած Սուրբ պատարագի աւարտին, Քահանայապետը ողջունեց բոլոր ներկաները ապա կոչ ուղղեց խնդրելով որ ազատ արձակուին անցեալ ամիսներու ընթացքին Նիճերիայի և Քամերունի մէջ առևանգուած քահանաներն ու աշակերտները։ Ան ապա յիշեց յառաջիկայ օրերուն Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք իր առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը եւ այսօր հրատարակուած Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակին նուիրուած իր առաքելական նամակը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան -  Վատիկան

Կիրակի` 23 նոյեմբերի առաւօտեան Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր տօնին օրը սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ երգչախումբերու յոբելեանին առիթով մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ողջոյնի խօսք ուղղեց պատարագի մասնակցող աւելի քան վաթսուն հազար հաւատացեալներուն, որոնց շարքին էին, երգչախումբերու անդամներ` որոնք այս օրերուն կատարեցին իրենց յոբելենական ուխտագնացութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար ու Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով անոնց վրայ իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա անցեալ օրերուն Նիճերիայի եւ Քամերունի մէջ քահանաներու, հաւատացեալներու եւ աշակերտներու առեւանգումներուն նշելով որ ինք այս լուրը իմացաւ մեծ տխրութեամբ ու ցաւ արտայայտեց եղելութեան ի տես ապա զօրեղ կոչ մը ուղղեց խնդրելով` որ «անմիջապէս ազատ արձակուին բոլոր պատանդները, խրախուսելով Պատկան Իշխանութիւնները համապատասխան և շտապ որոշումներ կայացնելու անոնց ազատ արձակումը ապահովելու համար։

«Աղօթենք մեր այս եղբայրներուն և քոյրերուն համար, և որպէսզի եկեղեցիներն ու դպրոցները միշտ և ամենուրէք մնան անվտանգութեան և յոյսի վայրեր» ըսաւ Սրբազան Պապը ու յիշեց 23 նոյեմբերին Թեմական մակարդակի վրայ յիշուող Երիտասարդներու Համաշխարհային օրը իր օրհնութիւնն ու հոգեւոր ողջագուրումը ապահովեցնելով բոլոր անոնց որոնք այդ օր մասնակցեցան այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն։

«Քրիստոս Թագաւոր տօնին առթիւ կ՛ աղօթեմ, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ բացայայտէ Տիրոջ հետևելու գեղեցկութիւնն ու ուրախութիւնը և ինքզինք նուիրելու Անոր սիրոյ, արդարութեան և խաղաղութեան Թագաւորութեան» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. յիշելով յառաջիկայ օրերուն Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք իր առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը։

Թուրքիոյ մէջ պիտի յիշատակուի Նիկիոյ Ժողովին 1700 ամեակը եւ ասոր համար այսօր կը հրատարակուի այդ պատմական եղելութիւնը յիշատակող "In unitate fidei" վերտառութեամբ առաքելական նամակը, ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով բոլոր ներկաները միանալու Տիրամօր ուղղուած աղօթքին, անոր մայրական հովանիին յանձնելով վերոնշեալ բոլոր դիտաւորութիւններու ու խաղաղութեան ի սպաս աղօթքը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2025, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >