Նիճերիա, աւելի քան 300 աշակերտներ առեւանգուած կաթողիկէ դպրոցի մը մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Անվտանգութեան լուրջ դէպք մը տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Նիժերիոյ, Նիժերի Նահանգի մէջ, ուր զինեալ խումբ մը ներխուժած է Փափիրի համայնքի Սուրբ Մարիամ կաթողիկէ դպրոցը։
Աւելի քան 300 աշակերտներ եւ ուսուցիչներ բռնի ուժով առեւանգուած եւ տարուած են դիմակաւորուած զինեալներու կողմէ, որոնք ներխուժած էին մոթոցիքլներով եւ «փիք-ափ» բեռնատարներով, յարձակումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով առաւօտեան ժամը մէկէն երեքին։ Անվտանգութեան անձնակազմի անդամ մը ծանր վիրաւորուած է։
Այս դէպքը կը յաջորդէ Քեպպի Նահանգի մէջ 25 աշակերտուհիներու առեւանգումէն եւ Նոյեմբեր 18–ին Արեւմտեան Քուարա Նահանգի Երուքու Եկեղեցիին վրայ եղած յարձակումէն ետք։ Ոչ մէկ խումբ ստանձնած է առեւանգումի պատասխանատուութիւնը կամ փրկագինի պահանջ ներկայացուցած է, սակայն կասկածներ կան, որ այս արարքը կատարուած է Պոքո Հարամ ահաբեկիչներուն կամ այլ քրէական խմբերուն՝ աւազակներու կողմէ, որոնք յաճախ գործողութիւններ կը կատարեն երկրի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան մէջ։
Քոնթակորաի թեմը խստօրէն դատապարտեց յարձակումը եւ խոր մտահոգութիւն յայտնեց գերիներուն ու անոնց ընտանիքներուն անվտանգութեան համար։ Անվտանգութեան ուժերը զգուշացուած են՝ ազատման ջանքերը համադրելու համար։
Նիժեր Նահանգի կառավարական քարտուղար Աբուբաքար Ուսմանը տխրութիւն յայտնեց, սակայն նաեւ ընդգեց, որ Սուրբ Մարիամ դպրոցը վերսկսած էր իր ուսումնական գործունէութիւնը՝ առանց տեղական իշխանութիւններուն տեղեկացնելու, խախտելով բոլոր նախազգուշացումի ժամանակաւոր փակումի հրամանը։ Միացեալ Նահանգները կը քննարկեն Ապուջայի կառավարութեան դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործողութիւններ ձեռնարկելու հնարաւորութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ