2026.06.30 Delegazione del Patriarcato Ecumenico di Costantinopoli

Մարդկութեան ապագան վտանգի տակ է։ Քրիստոնեաները միասին կոչուած են ըլլալու խաղաղութեան վստահելի նշան․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը՝ Սուրբեր Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերուն Տօնին առթիւ, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպման ատեն, յիշեց Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին 1700ամեակի առթիւ Համամիութենական աղօթքի ոգեկոչումը Իզնիքի մէջ՝ որպէս տարբեր դաւանանքներու միջեւ «արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հաղորդութեան» վկայութիւն։ Շրջակայ միջավայրի խնամքի եւ արհեստագիտութեան հայող այսօրուան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով, Պապը, հրաւիրեց վերանորոգուած գործակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 30 Յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետն ընդունեց Սուրբեր Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերուն տօնին առթիւ Հռոմ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա․ի ներկայացուցիչ, Քաղկեդոնի Մետրոպոլիտ Էմմանուէլի։

Պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնն իր  ուրախութիւնն արտայայտեց անոնց ներկայութեան համար ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն․Ս․ Բարթողոմէոս Ա․ին համապատասխան Պաշտպան Սուրբերու յիշատակի օրերուն աւանդական դարձած փոխայցելութիւնները շարունակելու համար։ Յիշեցնենք թէ՝  Հռոմի Պաշտպան Սուրբեր Պետրոսի և Պօղոսի տօնը կը նշուի 29 Յունիսին եւ Կ․Պոլսոյ Պատրիարքութեան Պաշտպան Սուրբ Անդրէասի տօնը՝ 30 Նոյեմբերին։

Բարթողոմէոս Պատրիարքին հետ հանդիպումներու յիշողութիւնը

Լեւոն Պապը վերյիշեց ապա անցեալ տարի՝ 30 Նոյեմբերին Թուրքիա ու Լիբանան Առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Բարթողոմէոս Պատրիարքին հետ հանդիպումները եւ անոնց միջեւ առկայ համատեղ տեսլականը, որ կ՚արտայայտուի «բոլոր քրիստոնեաներու միջեւ լիակատար միութեան ուղղութեամբ յառաջանալու փափաքին մէջ»։

 

Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին 1700ամեակի ոգեկոչումը

Նորին Սրբութիւնն անդրադարձաւ իր ճամբորդութեան միւս հիմնական հանգրուանին՝ Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին 1700ամեակի ոգեկոչման, զոր կայացաւ Իզնիքի մէջ՝ Բարթողոմէոս Պատրիարքին հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ այլ Եկեղեցիներու ու եկեղեցական համայնքներու ներկայացուցիչներու․

«Անիկա խօսուն վկայութիւն մըն է այն հաղորդութեան, որ արդէն իսկ գոյութիւն ունի բոլոր անոնց միջեւ, որոնք կը բաժնեկցին հաւատքը Աստուծոյ՝ բոլոր մարդոց Հօրը հանդէպ (…), որ մեզ կը ներշնչէ ու կ'առաջնորդէ դէպի ճշմարտութեան եւ միութեան լիութիւնը», յարեց հուսկ Ան։

Փրկագործութեան երկրորդ հազարամեակի տօնակատարութիւններուն ընդառաջ

Փոխադարձ յիշատակութեան միջոցառումները, ըստ Սրբազան Քահանայապետի, կ'ընդգծեն, որ Նիկիոյ Հաւատամքը կը հանդիսանայ դէպի միութիւն տանող ուղիին հիմքն ու ուղեցոյցի չափանիշը, եւ ասկէ մեկնելով մաղթեց, որպէսզի «2033 թուականին Փրկագործութեան երկրորդ հազարամեակի տօնակատարութիւններուն ճամբորդութիւնը ձեռնարկուի միասին աշխարհի բոլոր քրիստոնէական դաւանանքներու կողմէ՝ վերստին գտնելով պարգեւն ու կոչումը՝ Յարուցեալին վկաները ըլլալու»։

Մարդկութեան ապագան՝ վտանգի տակ
Պատերազմներով, «աճող բեւեռացումով» ու մշակութային եւ ընկերային բաժանումներով պառակտուած դարաշրջանի մը մէջ քրիստոնեաները՝ «իրարու հետ հաշտուած եւ միակ հաւատքի դաւանութեան շուրջ համաձայն», կոչուած են ըլլալու խաղաղութեան վստահելի նշան՝ այս յանձնառութեան մէջ ներգրաւելով բարի կամքի տէր բոլոր անձերը:
«Ներկայ իրավիճակին մէջ վտանգուած է ոչ միայն քրիստոնէական քարոզչութեան վստահելիութիւնը, այլեւ հենց ինքնին մարդկութեան ապագան», եղաւ Սրբազան Հօր յաջորդ շեշտադրումը։

Քրիստոնեաներու միջեւ աւելի մեծ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը

Ան ի վերջոյ՝ «խաղաղութեան, նոր արհեստագիտութիւններու բարի գործածութեան եւ արարչագործութեան հանդէպ խնամքի առջեւ» ընդգծեց քրիստոնեաներու միջեւ աւելի մեծ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը ՝ հաստատելով թէ՝ անիկա «կը բխի նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանէն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/06/2026, 13:25