Որոնել

Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոսով մեզի աստուածային բնութեան մասնակիցներ դարձուց․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետին Թուրքիա այցելութեան գլխաւոր հանգրուանը Նիկիան եղաւ՝ յիշատակելու Սուրբ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Ժողովին 1700 ամեակը։ Այդ առթիւ Ան , այսօր՝ 28 Նոյեմբերին, մասնակցեցաւ Համամիութենական աղօթքի հանդիպումին՝ հրաւիրելով բոլոր քրիստոնեաները՝ փոխադարձ սիրով եւ երկխօսութեամբ յաղթահարելու բաժանումներու գայթակղութիւնը եւ սնուցանելու միասնութեան ցանկութիւնը, որուն համար Տէր Յիսուս զոհաբերեց իր կեանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 28 Նոյեմբերին, յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ․ Պապը, ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ Իզնիք (հին անուանումը Նիկիա)՝ Թուրքիա իր այցելութեան գլխաւոր հանգրուան, յիշատակելու Սուրբ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Ժողովին 1700 ամեակը, այդպիսով հանդիսանալով Պետրոսի հինգերորդ իրաւայաջորդը, որ կ’այցելէ Նիկիա այդ նպատակով ։

Քրիստոնէական հաւատքի մէջ միութիւնը՝ խաղաղութեան աղբիւր ամբողջ աշխարհի համար

Կ. Պոլսէն 130 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այդ քաղաքին մէջ, Տիեզերական առաջին Ժողովին նստավայր հանդիսացող Սուրբ Նեոֆիթոսի հին տաճարի մնացորդներու ներքոյ, որոնք հազիւ տասը տարիներ առաջ վերայայտնուեցան հնագիտական ​​պեղումներու շնորհիւ, Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Համամիութենական աղօթքի հանդիպումին,  որ անոր կողմէ նկատուեցաւ կարեւոր առիթ՝ խօսելու քրիստոնէական հաւատքի մէջ միութեան կարեւորութեան մասին, ինչը, Անոր խօսքերով, կրնայ նաեւ խաղաղութեան աղբիւր դառնալ ամբողջ աշխարհի համար։

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար

«Շատ առումներով ողբերգական ժամանակաշրջանի մը մէջ, (…) Նիկիոյ Տիեզերական Առաջին ժողովին 1700ամեակը թանկարժէք հնարաւորութիւն է հարցում ուղղելու մենք մեզի, թէ ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս (…) մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար»։  Այս հարցումը հնչեցուց իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը՝ դիմելով ներկաներուն եւ ուղղելով այն յատկապէս քրիստոնեաներուն, որոնք, ըսաւ Ան «կը վտանգեն Յիսուս Քրիստոսը վերածել տեսակ մը շնորհապարգեւով օժտուած առաջնորդի կամ գերմարդի, ինչը, ի վերջոյ, կը հանգեցնէ շփոթութեան (հմմտ. Սուրբ Պատարագի քարոզ, 9 մայիսի 2025)»:

«Արիոս՝ ուրանալով Քրիստոսի աստուածութիւնը, զԻնք հասարակ միջնորդ դարձուց Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ՝ անտեսելով Մարմնաւորման իրողութիւնը, այդպիսով աստուածայինն ու մարդկայինը մնացին անդառնալիօրէն բաժնուած», նկատել տուաւ Սրբազան Հայրը եւ այս շփոթութենէ դուրս ելլելու համար այլ մէկ՝ այս անգամ հռետորական հարցում ուղղեց․

«Եթէ Աստուած մարդ չդարձաւ, ինչպէ՞ս կարող են մահկանացուները մասնակցիլ Անոր անմահ կեանքին»։ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի, ինչպէս եւ այսօրեայ հանդիպումին խնդրոյ առարկան հաւատքն է առ Աստուած, որ  Յիսուս Քրիստոսով  մեզ «աստուածային բնութեան մասնակիցներ» դարձուց (Բ Պետրոս 1։4; հմմտ. S. Ireneo, Adversushaereses, 3, 19; S. Atanasio, De Incarnatione, 54, 3), յարեց, հետեւաբար, Լեւոն ԺԴ․։

Մենք՝ քրիստոնեաներս, թէպէտ շատ ենք, մէկ Քրիստոսի մէջ մէկ ենք

Քրիստոնէական հաւատքի այս խոստովանութիւնը կը միաւորէ աշխարհի բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներն ու համայնքները եւ հիմնարար նշանակութիւն ունի քրիստոնեաներու լիարժէք հաղորդութեան ճանապարհին, հաստատեց, ապա, Ան եւ յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսին շարունակեց թէ՝

«Նաեւ տիեզերական գետնի վրայ կարող ենք ըսել, որ «մենք՝ քրիստոնեաներս, թէպէտ շատ ենք, մէկ Քրիստոսի մէջ մէկ ենք» (Սաղմոս 127ին մեկնաբանութիւն)»։

Յաղթահարե՛լ բաժանումներու գայթակղութիւնը եւ սնուցանե՛լ միասնութեան ցանկութիւնը

Ասկէ մեկնելով, Ան հրաւիրեց բոլոր քրիստոնեաները «յաղթահարելու բաժանումներու գայթակղութիւնը եւ սնուցանելու այն միասնութեան ցանկութիւնը, որուն համար Տէր Յիսուսը զոհաբերեց իր կեանքը», ապա՝ մատնանշեց ուղին, որով պէտք է ընթանալ այդ նպատակին հասնելու համար․ «քրիստոնեաներու միջեւ ամուր կապի գիտակցութեամբ՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ յայտնուած Աստուծոյ Խօսքին միշտ աւելի լիարժէք հաւատարմութեան միջոցաւ եւ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ, փոխադարձ սիրով եւ երկխօսութեամբ։

Հաշտ Քրիստոնեաները՝ Յիսուսի Աւետարանի հաւատալի վկաներ

Միշտ աւելիով հաշտ Քրիստոնեաները կարող են հաւատալի վկայութիւն դառնալ Յիսուսի Աւետարանին, որ յոյսի աւետում է բոլորին համար, խաղաղութեան եւ տիեզերական եղբայրութեան պատգամ է, որ կը հատէ սեփական հասարակութիւններու եւ ազգերու միջեւ սահմանները (հմմտ. Ֆրանչիսկոս, Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդի լիագումար նիստ, 6 Մայիս 2022)։

Բոլոր մարդիկ՝ եղբայրներ ու քոյրեր են` անկախ ցեղային պատկանելութենէն, ազգութենէն, կրօնէն կամ կարծիքէն

«Հաշտեցումը այսօր այն կոչն է, որ կ’ուղղէ հակամարտութիւններէն եւ բռնութիւններէն տառապող ողջ մարդկութիւնը », նշեց Նորին Սրբութիւնը՝ շեշտելով Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած բոլոր մարդկանց եղբայրներ ու քոյրեր ճանչնալու կարեւորութիւնը` «անկախ ցեղային պատկանելութենէն, ազգութենէն, կրօնէն կամ կարծիքէն»:

Կրօնները իրենց բնոյթով այս ճշմարտութեան պահապաններն են եւ պէտք են խրախուսել անհատներուն, մարդկային խմբերուն եւ ժողովուրդներուն ճանչնալ եւ կիրառել զայն (հմմտ. Խաղաղութեան նուիրուած միջազգային հանդիպում, 28 Հոկտեմբեր 2025)։

Մերժե՛լ պատերազմն ու բռնութիւնը, քալե՛լ եղբայրութեան, հանդիպումի, երկխօսութեան ուղիներով

Պատերազմն ու բռնութիւնը արդարացնելու համար կրօնի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ արմատականութեան ու կրօնամոլութեան ցանկացած ձեւ, պէտք է վճռականօրէն մերժուի, փոխարէնը՝ պէտք է քալել եղբայրութեան, հանդիպումի, երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ուղիներով, յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ․։

Աւարտին, Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսին, որ «մեծ իմաստութեամբ եւ հեռատեսութեամբ որոշեց միասին նշել» Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700ամեակը ճիշտ Նիկիոյ մէջ, ապա իր երախտագիտութիւնը տարածեց, միջոցառմանը մասնակցած բոլոր  Եկեղեցիներու ղեկավարներուն եւ Համաշխարհային քրիստոնէական համայնքներու ներկայացուցիչներուն եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ զօրութեամբ այս կարեւոր տարեդարձը բերէ «հաշտութեան, միասնութեան եւ խաղաղութեան առատ պտուղներ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2025, 15:33