cq5dam.thumbnail.cropped.1500.844.jpeg

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն. Աւետարանումի կիրքի վկայ` Սուրբ Մաթթէօ Ռիչչի, բարեկամութեան եւ երկխօսութեան առաքեալ

Անոր միսիոներական հոգին այսօր եւս կենդանի օրինակ մըն է։ Չինացիներու հանդէպ Անոր սէրը տիպար է. բայց այն ինչ որ շատ աւելիով արդիական ճանապարհ է` անոր կեանքին հետեւողականութիւնն է , Անոր կեանքի վկայութիւնը որպէս քրիստոնեայ։ Ան քրիստոնէութիւնը տարաւ Չինաստան` Անիկայ մեծ է` այո, մեծ է` որպէս գիտնական, մեծ է` որովհետեւ քաջ էր, մեծ է` որովհետեւ բազմաթիւ գիրքեր գրեց բայց ամենէն առաջ Ան մեծ է` որովհետեւ հետեւողական էր կոչումին մէջ, հետեւողական Յիսուս Քրիստոսին հետեւելու փափաքին մէջ», ըսաւ Քահանայապետը, ե
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 31 Մայիս 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակելով Աւետարանումի կիրքի եւ առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, որպէս այս առաքինութիւններու վկայ ներկայացուց Սուրբ Մաթթէօ Ռիչչին։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել առաքելական եռանդի այլ մէկ օրինակ` Հայր Մաթթէօ Ռիչչին», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով, որ Ան Իտալիոյ Մարքէ շրջանէն էր, ուր սկզբնական ուսմունքը աւարտելէ ետք Յիսուսեան միաբանութեան դպրոցներուն մէջ, ոգևորուած միսիոներներու պատմութիւններով կը դառնայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ եւ կը խնդրէ առաքելութեան ուղարկուիլ Հեռաւոր Արեւելք, ուր Ֆրանչեսքօ Սավերիոյին փորձերէն ետքը այլ քսանհինգ Յիսուսեաններ եւս ապարդիւն փորձեր կատարած էին Չինաստան մուտք գործելու համար։

Բոլորի հետ երկխօսութիւն ու բարեկամութիւն

Մաթթէօ Ռիչչին եւ իր եղբայրակիցը լաւապէս կը պատրաստուին այդ առաքելութեան ուսումնասիրելով չինարէն լեզուն և սովորոյթները եւ վերջաւորութեան կարողացան հաստատուիլ Երկրին հարաւային շրջանին մէջ։

«Այս մէկը պահանջեց տասնութ տարի` չորս փուլերով չորս տարբեր քաղաքներով, մինչև Փեքին հասնիլը», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Ան այդ մէկը ըրաւ` «Հաստատակամութեամբ և համբերութեամբ, անսասան հաւատքով աշխուժացած»...«յաղթահարելով դժուարութիւններն ու վտանգները, անվստահութիւնն ու հակառակութիւնը»:

Անոր մեթոդը եղաւ բոլորի հետ երկխօսութիւնն ու բարեկամութիւնը, ինչը դռներ բացաւ Անոր առջեւ՝ հռչակելու համար քրիստոնէական հաւատքը: Անոր առաջին աշխատանքը չինարէն լեզուով, «Բարեկամութեան մասին» մենագրութիւն մըն էր, որ ունեցաւ մեծ հնչեղութիւն:

Արեւմուտքի եւ արեւելքի գիտութիւններու ու մշակոյթի միջեւ պտղաբեր հանդիպումի դերակատար

Ան ապա` որպէսզի կարողանար ներթափանցել չինական կեանքի ու մշակոյթին մէջ պուտտիսթներու հագուստ կը հագուէր բայց ետքը հասկցաւ, որ ամենալաւ ճամբան գրագէտներու հագուստն ու ապրելակերպը որդեգրելն էր։

Ան նամակներու հետ միասին կարողացաւ քրիստոնէութիւնը ներկայացնել կոնֆուցիական իմաստութեան հետ դրական երկխօսութեան մէջ, ինչպէս ըրած էին Եկեղեցւոյ հայրերն յունական մշակոյթի հետ:

Մաթթէօ Ռիչչիին գիտական գերազանց պատրաստութիւնը հետաքրքրութիւն և հիացմունք առաջացուց կրթական մարզի մարդկանց մօտ՝ սկսած իր յայտնի աշխարհի քարտէսէն, որն առաջին անգամ ըլլալով չինացիներուն բացայայտեց իրենցմէ դուրս իրականութիւն մը։ Ան ապա շնորհիւ իր եւ իր հետեւորդներու տարբեր մարզերու մէջ ամբարած գիտութիւններուն կարողացաւ սատարել արեւմուտքի եւ արեւելքի գիտութիւններու ու մշակոյթի միջեւ պտղաբեր հանդիպումի մը ` երկխօսութեան եւ բարեկամութեան նշանին տակ։

Օրինակ եղբայրութեան ապրումին

Մեծ գիտնական Մաթթէօ Ռիչին խոր ցանկութիւն ունէր Աւետարանն աւետելու։ Անոր գիտական արժանահաւատութիւնը անոր հնարաւորութիւն ընծայեց կարողանալ առաջարկելու քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնները: Բայց իր գիտութենէն եւ վարդապետութենէն աւելին, անոր կրօնական կեանքի վկայութիւնը, պատիւներէն հրաժարիլը, բարեգործութիւնը, եղան այն պատճառները, որոնց բերումով իր ընկերներէն շատեր ընդունեցան կաթողիկէ հաւատքը: Այն ինչ որ մարդիկը կը հրապուրէ հետեւողականութեան վկայութիւնն է. Մենք քրիստոնեաներս կ՛ապրինք այն ինչ` որ կ՛ըսենք...ուշադիր եղէք այս մէկին, նայեցէք այս մեծ միսիոնարին, տեսէք անոր մէջ հետեւողականութեան ուժը, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը որ հուսկ նշեց թէ որ «Մաթթէօ Ռիչչին մահկանացուն կնքեց 57 տարեկանին 1610 թուականին։

Անոր միսիոներական հոգին այսօր եւս կենդանի օրինակ մըն է։ Չինացիներու հանդէպ Անոր սէրը տիպար է. բայց այն ինչ որ շատ աւելիով արդիական ճանապարհ է` անոր կեանքին հետեւողականութիւնն է , Անոր կեանքի վկայութիւնը որպէս քրիստոնեայ։ Ան քրիստոնէութիւնը տարաւ Չինաստան` Անիկայ մեծ է` այո, մեծ է` որպէս գիտնական, մեծ է` որովհետեւ քաջ էր, մեծ է` որովհետեւ բազմաթիւ գիրքեր գրեց բայց ամենէն առաջ Ան մեծ է` որովհետեւ հետեւողական էր կոչումին մէջ, հետեւողական Յիսուս Քրիստոսին հետեւելու փափաքին մէջ», ըսաւ Քահանայապետը, եւ ներկաները հրաւիրեց իրենք զիրենք հարցաքննելու եթէ հետեւողական են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2023, 09:34

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >