Որոնել

Մարդկային սիրտը չի կրնար ապրիլ առանց յոյսի, առանց գիտակցելու, որ ան ստեղծուած է լիութեան համար. Լեւոն ԺԴ.

Նախ քան հրապարակ ժամանելը Սրբազան Պապը հանգրուան կատարեց Պօղոս Զ անուան դահլիճ այնտեղ ողջունելու համար խումբ մը հիւանդներ եւ անոնց ուղղած ողջոյնին մէջ նշեց թէ այս ընտրանքը կատարուած է որպէսզի անոնք պահպանուին ցուրտէ։ Ան մէկիկ մէկիկ ողջունեց հիւանդները ու անոնց շնորհեց Տիրոջ Օրհնութիւնը ինչպէս նաեւ փոխանցեց Սուրբ Ծննդեան բարի մաղթանքները եւ, աւելցուց Ան, «կ՛ ուզենք Տիրոջմէ խնդրել` որ այս Ծննդեան տօներու ուրախութիւնը միշտ ձեզի ընկերանայ, եւ ընկերանայ ձեր ընտանիքներուն ու ձեր սիրելիներուն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» այս է 2025-ի Յոբելենական Սուրբ Տարուան առիթով հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուած եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ շարունակուած չորեքշաբթի օրերու հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւններուն նիւթը, որուն հիման վրայ չորեքշաբթի 17 դեկտեմբերի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց հերթական ընդհանուր ունկնդրութիւնը` որ կը հանդիսանայ նաեւ տարուան վերջին ունկնդրութիւնը տրուած ըլլալով, որ յառաջիկայ երկու չորեքշաբթի օրերը, այսինքն 24 եւ 31 դեկտեմբերը տօնական օրեր են։

Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքը հիւանդներուն

Նախ քան հրապարակ ժամանելը Սրբազան Պապը հանգրուան կատարեց Պօղոս Զ անուան դահլիճ այնտեղ ողջունելու համար խումբ մը հիւանդներ եւ անոնց ուղղած ողջոյնին մէջ նշեց, թէ այս ընտրանքը կատարուած է, որպէսզի անոնք պահպանուին ցուրտէն։

«Թէեւ անձրեւ չկայ բայց այսպիսով աւելի հանգիստ էք» ըսաւ Քահանայապետը նշելով նաեւ թէ կարող պիտի ըլլան ունկնդրութեան հետեւիլ պաստառներու միջոցաւ։ Ան ապա ուզեց մէկիկ մէկիկ ողջունել հիւանդները ու անոնց շնորհել Տիրոջ Օրհնութիւնը ինչպէս նաեւ փոխանցել Սուրբ Ծննդեան բարի մաղթանքները եւ, աւելցուց Ան, «կ՛ ուզենք Տիրոջմէ խնդրել` որ այս Ծննդեան տօներու ուրախութիւնը միշտ ձեզի ընկերանայ, եւ ընկերանայ ձեր ընտանիքներուն ու ձեր սիրելիներուն։ Եւ դուք միշտ ըլլաք Տիրոջ ձեռքերուն մէջ, վստահութեամբ այն սիրոյն` զոր միայն Աստուած կարող է պարգեւել»։

Քրիստոսի Յարութիւնը եւ այսօրուայ աշխարհին մարտահրաւէրները

Սրբազան Պապը հուսկ փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ եւ քահանայապետական «Փափամոպիլէով» հրապարակին շրջանը կատարելէն ետքը, բարձրացաւ կեդրոնական ամպիոն այնտեղէն գլխաւորելով ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը, որ կեդրոնացած էր Քրիստոսի Յարութիւնը եւ այսօրուայ աշխարհին մարտահրաւէրները նիւթին վրայ, Ան նշեց` թէ այսօրուայ մարդկային կեանքը յատկանշուած է շարունակական շարժականութեամբ, որ մեզ կը ստիպէ միշտ աւելին ընելու եւ գործելու ու կը խնդրուի ամենուրէք հասնիլ ամենալաւ արդիւնքներու։

Մենք մեքենաներ չենք, ունինք սիրտ մը

Մենք յաճախ կը գիտակցինք, թէ ինչպէս չափէն աւելի շատ բան ընելը, մեզ բաւարարելու փոխարէն, կը վերածուի գլխապտոյտ յառաջացնող փորձառութեան, որ մեզ կը թողու ոլորապտոյտներու մէջ և կը զրկէ հանգստութենէն՝ խանգարելով մեզ լիարժէքօրէն ապրելու այն ինչ որ իսկապէս կարևոր է կեանքին մէջ: Ժամանակը, կարծես, կը ցրուի հազարաւոր գործնական առաջադրանքներու մէջ, որոնք չեն լուծեր մեր գոյութեան վերջնական իմաստը, նշեց ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով, թէ այս բոլորը մեր մէջ կը յառաջացնեն յոգնածութիւն եւ դատարկութիւն։«Ի՞նչու» հարց տուաւ Ան եւ պատասխանեց . «Որովհետեւ մենք մեքենաներ չենք, ունինք սիրտ մը, առ աւելին կարող ենք ըսել` որ մենք սիրտ մըն ենք» եւ «սիրտը խորհրդանիշն է մեր համայն մարդկայնութեան, մտքերու, զգացումներու եւ ցանկութիւններու ամփոփումը, մեր գոյութեան անտեսանելի կենտրոնը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը։

«Այնտեղ ուր գանձդ է, հոն է նաև քու սիրտդ»

Մատթէոս Աւետարանիչը մեզ կը հրաւիրէ մտորելու սրտի կարևորութեան մասին՝ մէջբերելով Յիսուսի այս գեղեցիկ արտայայտութիւնը. «Այնտեղ ուր գանձդ է, հոն է նաև քու սիրտդ» (Մատթէոս 6։21):Հետևաբար, սրտին մէջ է որ պահպանուած է իրական գանձը` ոչ թէ երկրի պահոցներուն, կամ խոշոր ֆինանսական ներդրումներուն մէջ։ Կարեւոր է խոկալ այս երեւոյթներու մասին, որովհետեւ անընդհատ բախուող բազմաթիւ պարտադրութիւններուն մէջ աւելի ու աւելի ի յայտ կու գայ ցրման, երբեմն՝ յուսահատութեան վտանգը եւ վտանգը իմաստի կորուստին, նոյնիսկ թուացեալ յաջողակ մարդկանց մօտ» նշեց Սրբազան Պապը։

Կեանքը կարդալ Զատկուան լոյսին ներքոյ

Ան ապա հրաւիրեց կեանքը կարդալ Զատկուան լոյսին ներքոյ, զայն դիտել Յարութիւն առած Յիսուսին հետ, բացատրելով թէ այս մէկը «կը նշանակէ գտնել մուտքը մարդկային անհատի էութեան, մեր սրտին, անհանգիստ սրտին։

Սուրբ Օգոստինոսը մեզի կ՛ օգնէ հասկանալու մարդուն ձգտումը դէպի իր կատարելութիւնը. «Տէ՛ր, դուն մեզ ստեղծած ես քեզի համար, և մեր սիրտը անհանգիստ է, մինչև որ հանգստանայ քեզմով»։

Անհանգստութիւնը նշանն է այն բանի, որ մեր սիրտը չի շարժիր պատահականօրէն, անկանոն, առանց նպատակի, այլ կողմնորոշուած ​​է դէպի իր վերջնական նպատակակէտը՝ «տուն վերադառնալը»։ Եւ սրտի իրական գոհունակութիւնը չի կայանար այս աշխարհի բարիքներուն տիրանալուն մէջ, այլ ձեռք բերելով այն, ինչը` որ կարող է լիովին բաւարարել զայն, այսինքն՝ Աստուծոյ սէրը, կամ աւելի ճիշտ՝ Աստուածային սէրը։ Այս գանձը, սակայն, կարելի է գտնել միայն սիրելով մերձաւորին, այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնց ներկայութիւնը մարտահրաւէր կը նետէ եւ հարցականի տակ կը դնէ մեր սիրտը, կոչելով զայն բացուելու եւ նուիրուելու։

Մարդկային սիրտը չի կրնար ապրիլ առանց յոյսի

«Սիրելիներս, մարդկային սրտի շարժման գաղտնիքը՝ կը կայանայ գոյութեան աղբիւրին վերադառնալու մէջ, վայելելու այն ուրախութիւնը, որ երբեք չի վերջանար, որ երբեք չի հիասթափեցներ: Ոչ ոք կարող է ապրիլ առանց իմաստի, որ կը գերազանցէ պատահականութիւնը, անցողակիէն անդին: Մարդկային սիրտը չի կրնար ապրիլ առանց յոյսի, առանց գիտակցելու, որ ան ստեղծուած է լիութեան, եւ ոչ թէ պակասութեան համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ Յիսուս Քրիստոս իր մարդեղութեամբ, չարչարանքով, մահուամբ եւ յարութեամբ զօրեղ հիմքեր տուաւ այս յոյսին։ Անհանգիստ սիրտը յուսախաբ պիտի չմնայ եթէ մտնէ սիրոյ այն շարժականութեան մէջ որուն համար ստեղծուած է։

Ժամանման կէտը վստահելի է, կեանքը յաղթեց և Քրիստոսի մէջ կը շարունակէ յաղթել առօրեայ կեանքի իւրաքանչիւր մահուան մէջ։ Այս է քրիստոնէական յոյսը` օրհնենք և շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ, որ մեզի շնորհեց այդ յոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2025, 10:37

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >