Յոյս ունենալ կեանքին նկատմամբ, կեանք ստեղծելու համար. Հրապարակային ունկնկդրութեան խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Քրիստոսին յարութեան լոյսը կը լուսաւորէ կեանքին խորհուրդը ու մեզի հնարաւորութիւն կու տայ անոր նայելու յոյսով»։ Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սկիզբ տուաւ 26 նոյեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, ի ներկայութեան բազմահազար ուխտաւորներու։
Յոյս ունենալ եւ կեանք ստեղծել
Շարունակելով Յոբելենական Տարուան առիթով ընտրուած նիւթի մասին, այսինքն «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը», նիւթի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, Քահանայապետը յատուկէն անդրադարձաւ «Յիսուսի Յարութեան եւ այսօրուայ աշխարհի մարտահրաւէրները» նիւթին, հրաւիրելով յոյս ունենալ կեանքին նկատմամբ, կեանք ստեղծելու համար»։
«Աշխարհի շատ մը կեանքեր կը թուան դժուար, ցաւոտ, լի խնդիրներով և յաղթահարման ենթակայ խոչընդոտներով։ Այնուամենայնիւ, մարդ անհատը կեանքը կ՛ընդունի որպէս նուէր։ Ան զայն չի խնդրէր, չ՛ ընտրէր, այլ զայն կը փորձարկէ իր խորհուրդին մէջ, առաջին օրէն մինչև վերջինը» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով, թէ այս մէկը կը բարձրացնէ գոյաբանական հարցեր, որոնք մեզ կը հրաւիրեն գտնելու կեանքին իմաստը, ուղղութիւնն ու նպատակը։
Կեանքի սիրահարներ
«Ապրիլը, ըստ էութեան, իմաստ, ուղղութիւն, յոյս կը բերէ։ Եւ յոյսը կը գործէ որպէս այն խոր շարժիչ ուժը, որ մեզ կը մղէ յառաջ ընթանալու դժուարութիւններու ընդմէջէն, ու մեզի թոյլ չի տար յանձնուիլ ճանապարհորդութեան դժուարութիւններուն..... Առանց յոյսի վտանգը կայ, որ կեանքը յայտնուի որպէս փակագիծ մը երկու յաւերժական գիշերներու միջև, կարճատև դադար մը` մեր երկրային ճանապարհորդութիւնէն առաջ և յետոյ եղած ժամանակահատուածներու միջև» շարունակեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «կեանքին մէջ յոյս ունենալը կը նշանակէ կանխատեսել վերջակէտը, հաւատալ այն բանին, որ տակաւին չենք տեսներ, վստահիլ մեր Հօր սիրոյն, որ մեզ ստեղծած է, որովհետև մեզ սիրած է եւ կ՛ուզէ` որ մենք երջանիկ ըլլանք»։
Ակնարկելով ապա «կեանքի նկատմամբ վստահութեան պակասի» հիւանդութեան, Սրբազան Պապը այսօր աւելի քան երբեք հրատապ նկատեց կեանքը ապրիլ ու կեանք ստեղծել նշելով որ մարդկային կեանքի այս պարգևը՝ ազատութեան պարգևի հետ միասին, ո՛չ սպառնալիք է, ո՛չ էլ անորոշութիւն, և թէ մենք «վկայելով ապրելու և կեանք ստեղծելու քաջութիւնը՝ կը դառնանք, ըստ Աստուծոյ պատկերին, «կեանքի սիրահարներ»։
Աստուած յաւէրժ հաւատարիմ կը մնայ իր սիրոյ և կեանքի ծրագրին
Լեւոն ԺԴ. ակնարկեց հուսկ Սուրբ Գիրգին, որ կը բացայայտէ, թէ «կեանքը, իր բարձրագոյն՝ մարդկային ձևով, կը ստանայ ազատութեան պարգևը և կը դառնայ ողբերգութիւն...» ու թէ «մարդկային յարաբերութիւնները բնորոշ են հակասութիւններով, նոյնիսկ մինչև եղբայրասպանութիւն» ինչպէս պատահեցաւ Կայէնի եւ Աբէլի միջեւ ուր յառաջացաւ նախանձը ապա արիւնահեղութիւնը (Ծննդոց 4։1-16)։
«Աստուծոյ տրամաբանութիւնը, սակայն, բոլորովին տարբեր է։ Աստուած յաւէրժ հաւատարիմ կը մնայ իր սիրոյ և կեանքի ծրագրին. Ան երբեք չի յոգնիր աջակցելէ մարդկութեան, նոյնիսկ երբ, հետևելով Կայէնի օրինակին, մարդկութիւնը կ՛ենթարկուի բռնութեան կոյր բնազդին՝ պատերազմներու, խտրականութեան, ցեղապաշտութեան և ստրկութեան բազմաթիւ ձևերով» բացատրեց ապա Սրբազան Պապը եւ աւելցուց. «Աստուծոյ վստահելով՝ մենք հրաւիրուած ենք մասնակցելու կեանքի և սիրոյ այս ծրագրին՝ կեանք ստեղծելով»։
Մայրութեան և հայրութեան հրաշալի արկածախնդրութիւնը
Կեանք բերելը աշխարհ կը նշանակէ վստահել Աստուծոյ և խրախուսել մարդկութիւնը իր բոլոր դրսևորումներով, սկսեալ մայրութեան և հայրութեան հրաշալի արկածախնդրութիւնէն, որոնք կեանք կը ծնին սիրոյ միջոցաւ և սիրոյ մէջ, նոյնիսկ այս դժուարին սոցիալական ոլորտներուն մէջ, որոնց համար մենք լուծումներ կը փնտռենք: Հետևաբար, կեանքին ի նպաստ յանձնառու ըլլալը կը նշանակէ նաև յանձնառու ըլլալ հասարակաց բարօրութեան։
«Քոյրեր և եղբայրներ, Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը այն ուժն է, որ մեզի թիկունք կը կանգնի այս մարտահրաւէրի մէջ, նոյնիսկ երբ չարին խաւարը կը մթագնէ մեր սրտերն ու մտքերը: Երբ կեանքը, կարծես, մարած է, կանգ առած, ահա որ յարութիւն առած Տէրը տակաւին կ՛ անցնի մեր կողքին՝ մինչև ժամանակներու վերջը, և կը քալէ մեզի հետ և մեզի համար: Անիկա մեր յոյսն է» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
