Ֆրանչիսկոս Պապ. «ԵՀՕ ցոյց տուաւ որ կարելի է առանց ատելութեան եւ զէնքերու եղբայրական աշխարհ մը»

Ֆրանչիսկոս Պապ չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթը եղաւ Փորթուկալ կատարած առաքելական այցելութիւննը ու Երիտասարդներու համաշխարհային օրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ամառնային արձակուրդներու կարճ դադարէն ետք սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Չորեքշաբթի, 9 օգոստոսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած Իտալացի եւ օտարերկեայ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն նիւթը եղաւ Փորթուկալ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնն ու ԵՀՕ։

Հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Փորթուկալ ժամանեց մասնակցելու համար Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան ու այդ առթիւ հանդիպեցաւ Երկրի եւ տեղական եկեղեցւոյ իշխանութիւններուն հետ ու փոքրիկ ուխտագնացութիւն կատարեց Ֆաթիմա։

ԵՀՕ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած նուէր

Նորին Սրբութիւնը յարեց, որ Լիզպոնի ԵՀՕ տեղի ունեցաւ Համաճարակէն ետք ու այդ երիտասարդներու հաւաքը բոլորին կողմէ զգացուեցաւ որպէս Աստուծոյ նուէր մը, որ միշտ կը բանայ նոր հորիզոններ, նկատելով տալով որ Համաճարակը ծանրապէս ազդելով ընկերային վերաբերմունքին վրայ, ԵՀՕ միջոցաւ Աստուած բոլորս մղեց հակառակ ուղղութեամբ ու նշանաւորեց տարբեր ցամաքամասերէ ժամանած երիտասարդներու ուխտագնացութեան սկիզբ մը Յիսուս Քրիստոսի անունին տակ։

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Երիտասարդներուն համաշխարհային օրը երիտասարդներու առաջարկեց Սուրբ Կոյսի Մարիամի օրինակը, Տիրամայրը որ կեանքի ամէնէն դժուար պահուն իր մէջ չփակուեցաւ, այլ խրախուսուելով Աստուծոյ սէրէն, «Ոտքի ելաւ եւ փութով գնաց» (Ղուկ 1,39) ու այս եղաւ Լիզպոնի ձեռնարկի բնաբանը։

Տիրամօր «Այո՛»ն իր կոչումին ու իր ամբողջ անձը փրկութեան ծրագիրին ծառայութեան նուիրելու 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով Աստուածամօր վրայ ըսաւ, «Մարիամ երիտասարդ կին մըն էր՝ փոքրիկ եւ հեզ, սակայն Աստուած Անոր քաջութիւն ներշնչեց «Այո՛» ըսելու իր կոչումին ու իր ամբողջ անձը նուիրելու փրկութեան ծրագիրին ծառայութեան։ Սուրբ Կոյս Մարիամը այսօր՝ եւ երրորդ հազարամեակին երիտասարդներու ուխտագնացութիւնը կ՝ուղղէ հետեւելու Յիսուսին, այնպէս ինչպէս մէկ դար առաջ Փորթուկալի մէջ կատարեց, երբ Ֆաթիմայի մէջ երեւցաւ երեկ մանուկներու վստահելով անոնց եկեղեցւոյ ու աշխարհի համար հաւատքի եւ յոյսի պատգամը», ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւելցնելով որ ասոր համար ԵՀՕ երուն ԻՆք Ֆաթիմա վերադարձաւ ու Տիրամօր յայտնութեան վայրին մէջ հիւանդ երիտասարդներու հետ աղօթեց, խնդրելով Աստուծմէ, որ ամոքէ աշխարհը հոգիի հիւանդութենէն՝ բռնութիւնէն, թշնամութիւնէն եւ մեծամօթութիւնէն ուր վերանորոգուեցաւ Եւրոպայի եւ աշխարհի նուիրումը Մարիամի անարատ սիրտին։

Նորին Սրբութիւն հրապարակային ունկնդրութեան մէջ յարեց թէ աշխարհի երիտասարդները Լիզպոն եկան մեծ թիւով եւ մեծ խանդավառութեամբ։ Ինչպէս ամէն ԵՀՕ անոնցմէ շատերը ապրեցան եղբայրութեան եւ բարեկամութեան փորձառութիւններ ժողովրդապետութիւններու, ընտանիքներու մէջ Փորթուկալի շատ մը վայրերէն ներս։

ԵՀՕ արձակուրդի օր չէր այլ Քրիստոսի հետ հանդիպում

Նորին Սրբութիւնը նշեց որ երիտասարդները Լիզպոնի մէջ հաւաքուեցան կարեւոր ձեռնակներու համար, որոնց շարքին հիւրընկալութեան արարողութիւնը, վերջին պատարագն ու հսկումը դիտել տալով որ ԵՀՕ արձակուրդի օր չէ, ոչ ալ զբօսաշրջային ճամբորդութիւն մը եւ ոչ ալ ինքնանպատակ հոգեւոր ձեռնարկ այլ Քրիստոսի հետ կենդանի հանդիպում՝ եկեղեցւոյ միջոցաւ, հանդիպում որ հաւատքին մէջ կ՝աճեցնէ, ուր շատեր Աստուծոյ կոչումը կը զգան ամուսնութեան, կրօնական կեանքի եւ քահանայական կոչումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ Փորթուկալ կատարած այցելութիւնը՝ ԵՀՕ առիթով, մեծ օգուտ քաղեց այդ տօնախմբութեան միջավայրէն, երիտասարդներուն ալիքէն, որ խաղաղութեամբ Փորթուկալ ու անոր մայրաքաղաքը հասան։ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, յատուկէն մտածելով տեղական եկեղեցւոյ, որ «կազմակերպուածութեան եւ հիւրընկալութեան համար գործադրած մեծ ջանքերուն դիմաց, նոր ուժեր պիտի ստանան շարունակելու համար իրենց ուղեւորութիւնը, դարձեալ ցանցերը նետելու համար առաքելական սէրով ։

Յիսուս Քրիստոտս լոկ Ինքը կը վերանորոգէ աշխարհը

Նորին Սրբութիւն ապա յարեց, թէ Փորթուկալի մէջ երիտասարդները արդեն կենդանի ներկայութիւն են եւ այժմ ողջ եկեղեցիէն ստացած այդ արիւնի ներարկումէն ետք անոնք առ աւելիով պիտի դառնան նկատել տալով, որ Փորթուկալը, ինչպէս նաեւ բոլոր Եւրոպան եւ աշխարհը պահանջը ունին յոյսի, ամուր եւ յուսալի յոյսի, որ չհասնիր ոեւէ երիտասարդութենէ, այլ աւետարանէն խանդավառուած երիտասարդութենէ, այն երիտասարդներէն, որոնք Յիսուսին հանդիպեցան ու Անոր կը հետեւին, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոտս Լոկ Ինքը է, որ կը վերանորոգէ աշխարհը, վերանորոգելով մարդուն սիրտը։» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա անդրադառնալով Ուքրանիոյ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սանձազերծուած պատերազմին ըսաւ «Մինչ՝ Ուքրանիոյ եւ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ պատերազմներ կը մղուին եւ մինչ՝ կարգ մը թաքնուած սենեակներու մէջ պատերազմներ կը ծրագրուին, ԵՀՕ բոլորին ցոյց տուաւ, որ կարելի է տարբեր աշխարհ մը՝ եղբայրներու եւ քոյրերու աշխարհ մը, ուր բոլոր ժողովուրդներուն դրօշակները կը ծածանին մէկը միւսին մօտ, առանց ատելութեան, առանց վախի, առանց փակումներուն եւ զէնքերու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատելով, թէ երիտասարդներու պատգամը շատ յստակ եղաւ հարց տուաւ ըսելով արդեօ՞ք երկրի մեծերը միտիկ պիտի ընեն այդ պատգամը։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահին եւ տարբեր քաղաքացիական իշխանութիւններուն, Լիզպոնի Պատրիարքին, եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին, եւ ԵՀՕ համակարգող եպիսկոպոսին եւ բոլոր համագործակիցներուն եւ կամաւորներուն։
Ան Ապա Տիրամօր բարեխօսութեամբ, Տիրոջ օրհնութիւնը հայցեց աշխարհի բոլոր երիտասարդներու ինչպէս նաեւ Փորթուկալի ժողովուրդին վրայ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2023, 08:49

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >