Հրապարակային ունկնդրութիւն. Առաքելական եռանդը կը պահանջէ Քրիստոսին հետ սերտ միութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 30 օգոստոս 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, մասնակցութեամբ իտալիոյ եւ աշխարհի տարբեր շրջաններէ Հռոմ ժամանած հաւատացեալներուն։
Շարունակելով հաւատացեալի աւետարանական կիրքի եւ առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, Նորին Սրբութիւնը որպէս օրինակ ներկայացուց Քաթերի Թեքաքվիթան` 17րդ դարու հիւսիսային ամերիկայի բնիկ առաջին սրբուհին։
Բնիկ ժողովուրդի զաւակ Քաթերի Թեքաքվիթան
«Քաթերին ծնած էր 1656ին Նիու Եորքի հիւսիսային նահանգի մէջ գտնուող գիւղի մը մէջ ու դուստրն էր ոչ մկրտուած բնիկ Մոհավք տոհմի Ղեկավարի ու Ալկոնքինա տոհմի քրիստոնեայ մօր մը` որ Քաթերիին սորվեցուց աղօթել ու երգել Աստուծոյ նուիրուած օրհներգեր, իր բնիկ լեզուով», ըսաւ Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան, ու նշելով, որ «հաւատքը կը փոխանցուի բնիկ լեզուով, բարբառով, ու մենք եւս զայն ընկալեցինք մեր մայրերու ու մեծ մայրերու բարբառով»։
«Աւետարանումը յաճախ այսպէս կը սկսի, փոքր ժեստերով, ինչպէս ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն խօսիլ Աստուծոյ հետ աղօթքի միջոցաւ ու անոնց կը պատմեն Աստուծոյ այն մեծ ու ողորմած սիրոյ մասին։ Եւ Քաթերիին հաւատքին հիմքերը, ինչպէս մերինը, սկիզբ առին այդ ձեւով», ըսաւ Սրբազան Պապը շարունակելով պատմել Քաթերիին պատմութիւնը։
Երբ ան չորս տարեկան է ջրծաղիկի ծանր համաճարակ մը հարուածեց անոր ժողովուրդը, որուն հետեւանքով մահացան անոր ծնողքն ու կրտսեր եղբայրը մինչ Քաթերիին դէմքին վրայ սպիները հետք թողուցին` յառաջացնելով տեսողութեան հարցեր։
Համբերութեան առաքինութիւնը
Այդ պահէն ետք Քաթերին ստիպուեցաւ շատ մը դժուարութիւններ դիմագրաւել ըլլայ ֆիզիքական` կապուած համաճարակի հետեւանքներուն բայց նաեւ անհասկացողութիւններ, հալածանքներ ու մինչեւ իսկ մահուան սպառնալիքը, որուն թիրախ դարձաւ Մկրտութեան Խորհուրդը ընդունելու հետեւանքով 1676ի Զատկուայ կիրակի օրը։ Եւ այս ամէնը Քաթերիին մղեցին մեծ սէր ունենալու խաչին նկատմամբ, Քրիստոսի վերջնական սիրոյ նշանը, որ ինքզինք զոհեց մեզի համար» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ «Աւետարանի վկայութիւնը միայն հաճելիի մասին չէ. մենք պէտք է իմանանք նաև համբերութեամբ, վստահութեամբ և յոյսով կրել մեր ամենօրեայ խաչերը», շեշտը դնելով համբերութեան առաքինութեան վրայ։
Սիրտը բանալ Յիսուսին
«Համբերութիւն, դժուարութիւններու, խաչերու դիմաց. համբերութիւնը քրիստոնէական մեծ առաքինութիւն է: Ան որ համբերութիւն չունի, լաւ քրիստոնեայ չէ: Հանդուրժելու համբերութիւն. հանդուրժել դժուարութիւնները և նաև հանդուրժել ուրիշները, որոնք երբեմն ձանձրալի են» յարեց Քահանայապետը դիտել տալով` որ «Քաթերի Թեքաքվիթայի կեանքը մեզի ցոյց կու տայ, որ կարելի է իւրաքանչիւր մարտահրաւէր յաղթահարել, երբ մենք մեր սրտերը բանանք Յիսուսին, որ մեզի կը պարգեւէ շնորհքը որուն պէտքը ունինք»։ «Համբերութիւն եւ բաց սիրտ այս է լաւ ապրելու բաղադրատոմսը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Հաւատքը կը փոխանցուի ծառայութեան մէջ
Իր մկրտութենէն ետքը, որ պատահեցաւ երբ ան 20 տարեկան էր Քաթերին ստիպուած եղաւ ապաստան գտնել Յիսուսեաններու առաքելութեան մէջ` Մոնրէալ քաղաքի մօտերը ու այնտեղ է որ Ան կը մասնակցէր ամենօրեայ պատարագին ժամանակ յատկացնելով Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքին, Վարդարանի աղօթքին եւ ապրելով ապաշխարանքի կեանք մը։ Ան միեւնոյն ատեն հոգ կը տանէր մանուկներուն եւ տարեցներուն, անոնց ծառայելով հեզութեամբ որով շատեր Քաթերիին մէջ տեսան քաշողական սրբութիւն մը` որովհետեւ ծնունդ կ՛առնէր Անոր Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած խոր սէրէն, որով ակնյայտօրէն կը դրսևորեր առաքելական եռանդ մը։ «Հաւատքը կը փոխանցուի ծառայութեան մէջ» շեշտեց Սրբազան Պապը։
Առաքելական եռանդը կը պահանջէ Քրիստոսին հետ սերտ միութիւն
«Ամբողջովին Աստուծոյ նուիրուելու անոր ցանկութիւնը զայն կը մղէ կուսութեան ուխտ կատարելու` Աւետման տօնին օրը` 25 մարտ 1679ին, 23 տարեկանին՝ իր վաղահաս մահէն մէկ տարի առաջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ բոլորս ալ Քաթերի նոյն ուխտը կատարելու չենք կոչուած բայց իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է ամէն օր յանձնառու ըլլալու իր կոչումին նկատմամբ ու այն առաքելութեան, զոր Աստուած յանձնեց, ծառայելով Աստուծոյ ու մերձաւորին, սիրոյ հոգիով։
Յիսուս կը սիրեմ քեզ
«Քաթերի Թեքաքվիթային կեանքը առաւել մէկ վկայութիւն է` թէ առաքելական եռանդը կը պահանջէ սերտ միութիւն մը Քրիստոսին հետ, որ սնուած ըլլայ աղօթքով ու Խորհուրդներու մատակարարութեամբ, ու նաեւ իղձը քրիստոնէական պատգամը տարածելու հաւատարիմ մնալով սեփական կոչումին» ըսաւ Քահանայապետը։
«Քաթերիին կեանքի վերջին խօսքերը եղան. Յիսուս կը սիրեմ քեզ։ Մենք ալ ուրեմն` նման Սրբուհի Քաթերի Թեքաքվիթային, ուժ քաղելով Տիրոջմէ, սորվինք սովորական գործողութիւնները կատարել արտասովոր ձևով և այդպիսով ամէն օր աճիլ հաւատքով, գթութեամբ և Քրիստոսի հանդէպ նախանձախնդիր վկայութեամբ։ Չի մոռնանք` որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է սրբութեան, ամենօրեայ սրբութեան, քրիստոնէական միասնական կեանքի սրբութեան։ Իւրաքանչիւրս ունի այս կոչումը. Յառաջ ընթանանք այդ ճանապարհին վրայ եւ Տէրը միշտ մեր հետը պիտի ըլլայ» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
