Սուրբ Տանիելէ Քոմպոնի` Ափրիկէի առաքեալ եւ միսիոներութեան մարգարէ. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

Որպէս քրիստոնեաներ կոչուած ենք այսօր եւս պայքարելու ամէն տեսակ ստրկութեան դէմ։ Այսօրուայ Ափրիկէին, որ այժմ յօշոտուած է բազմաթիւ հակամարտութիւններէ, քաղաքական գաղութատիրութեան հետեւեցաւ տնտեսական գաղութատիրութիւնը որ նմանապէս կը ստրկացնէ եւ որուն դիմաց տնտեսապէս յառաջացած աշխարհը յաճախ կը փակէ աչքերը, ականջները եւ բերանը» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգելով կոչը. «Բաւ է խեղդել Ափրիկէն, անիկայ չարաշահելիք հանգ մը չէ ոչ ալ թալանուելիք հող»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 20 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը նուիրեց Սուրբ Տանիելէ Քոմպոնիին` շարունակելով Աւետարանութեան գորովի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը։

Ափրիկէի նախանձախնդիր առաքեալը

Ան Ափրիկէի համար եղաւ նախանձախնդիր առաքեալ։ Այդ ժողովուրդներու մասին գրեց. «Անոնք գրաւեցին սիրտս, որ կ՛ապրի միայն իրենց համար (Գրութիւններ 941) ։ Պիտի մեռնիմ Ափրիկէն շրթունքներուս վրայ» (Գրութիւններ 1441)։ Ապա անոնց ուղղելով խօսքը գրեց. «իմ կեանքիս ամենագեղեցիկ օրը պիտի ըլլայ այն օր երբ կեանքս պիտի տամ ձեզի համար (Գրութիւններ 3159)։ «Ասիկա արտայայտութիւնն է անձի մը` որ սիրահարուած Աստուծմով եւ իր եղբայրներով, որոնց կը ծառայէր առաքելութեան ընթացքին» ըսաւ Քահանայապետը։

Կոչուած ենք պայքարելու ստրկութեան դէմ

Ստրկութեան սարսափով բնութագրուած իրականութեան մը մէջ, Տէրը Սուրբ Սուրբ Քոմպոնին ներշնչեց աւետարանական նոր ուղի մը։ Ան Քրիստոսի լոյսին ներքոյ, որ մարդս ազատեց ստրկութենէն ու անոր տուաւ արժանապատւութիւն, հասկցաւ ստրկութեան չարիքը, ու մանաւանդ, թէ ընկերային ստրկութիւնը արմատացած է աւելի խոր ստրկութեան մը մէջ` սրտին, մեղքին ստրկութիւնը, որմէ Տէրը մեզ կ՛ազատագրէ։

Որպէս քրիստոնեաներ կոչուած ենք այսօր եւս պայքարելու ամէն տեսակ ստրկութեան դէմ։ Այսօրուայ Ափրիկէին, որ այժմ յօշոտուած է բազմաթիւ հակամարտութիւններէ, քաղաքական գաղութատիրութեան հետեւեցաւ տնտեսական գաղութատիրութիւնը, որ նմանապէս կը ստրկացնէ եւ որուն դիմաց տնտեսապէս յառաջացած աշխարհը յաճախ կը փակէ աչքերը, ականջները եւ բերանը», ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ կ՛ուզէ նորոգել` 31 Յունուար 2023ին Քինշասայի մէջ իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին ուղղած կոչը. «Բաւ է խեղդել Ափրիկէն, անիկայ չարաշահելիք հանգ մը չէ, ոչ ալ թալանելիք հող»։

Այս կոչէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը առաջարկեց վերադառնալ Սուրբ Տանիելի պատմութեան ու նշեց թէ ինչպէս ան Ափրիկէի մէջ ապրած առաջին շրջանը անցնելէն յետոյ ստիպուած եղաւ հեռանալ` առողջական պատճառներու բերումով: Ապա որոշ ժամանակի զատորոշումէն ետքը, Ան զգաց, որ Տէրը զինք կը ոգեշնչէ աւետարանական նոր ձևով, որ ան ամփոփեց հետևեալ բառերով. «Փրկենք Ափրիկէն ​​Ափրիկէի հետ» (Գրութիւններ, 2741f):

 Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է դառնայ աւետարանումի դերակատար

«Քոմպոնիին փափաքն էր` որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ դառնայ աւետարանումի դերակատար, ըլլայ ան կղերական կամ աշխարհական։ Այս Հոգիով ան մտածեց և գործեց համապարփակ կերպով՝ ներգրաւելով տեղի հոգևորականները ու նպաստելով կրօնուսոյցներու աշխարհական ծառայութեան։ Ան կը հսկէր մարդկային զարգացումին վրայ` արժեւորելով ընտանիքի և կնոջ դերը` նպաստելու համար մշակոյթի և հասարակութեան փոխակերպման գործին:

Քոմպոնիի առաքելութեան հանդէպ կիրքի աղբիւրը կը ծնէր Աւետարանի ուրախութենէն՝ արմատաւորած Տիրոջ սիրոյ վրայ, որպէսզի մղէ մարդիկը զԱյն սիրելու։ Անոր միսիոներական կարողութիւնը կը բխէր անոր եղբայրսիրութենէն և մարդկութեան տառապանքներուն կարեկցելու եռանդէն:

Մի մոռնաք աղքատները 

Աւելին, աւետարանական անոր կիրքը երբեք զայն չի մղեց առանձին գործելու, այլ միշտ հաղորդութեան մէջ, Եկեղեցւոյ մէջ: «Ես միայն իմ կեանքս ունիմ նուիրելու այդ հոգիներու առողջութեան,- գրած է Ան,- եւ պիտի ուզենայի հազար կեանք ունենալ, զանոնք սպառելու համար այդ նպատակով» (Գրութիւններ 2271): Մէկ կամ հազար կեանք. ո՞վ ենք մենք միայնակ մեր կարճ կեանքով, եթէ առաքելութիւնը իրականացուած չէ համայն Եկեղեցիէն։ «Ո՞րն է մեր աշխատանքի եռանդը, եթէ անիկա եկեղեցական չէ» կարծես հարց կու տայ Քոմպինին յարեց Սրբազան Պապը նշելով, որ Սուրբ Տանիելէ Քոմպոնին կը վկայէ Բարի Հովիւին սէրը, որ կ՛երթայ փնտռելու կորսուածը եւ կեանքը կու տայ իր հօտին համար։  Անոր կիրքը եռանդուն ու մարգարէական էր անտարբերութեան ու մեկուսացման հակադրելու հարցին մէջ: Իր նամակներուն մէջ Ան սրտանց կոչ կ՛ուղղէր իր սիրելի Եկեղեցիին, որ երկար ժամանակի համար մոռցած էր Ափրիկէն: Անոր երազն է Եկեղեցի մը, որ կը գործէ ի սպաս պատմութեան խաչուածներուն, անոնց հետ միասին փորձարկելու համար յարութիւնը։ Անոր վկայութիւնը կարծես կ՛ուզէ մեզի բոլորիս, Եկեղեցւոյ մարդոց ու կիներուս կրկնել. «Մի մոռնաք աղքատները, սիրեցէք զանոնք, որովհետև խաչուած Յիսուսը ներկայ է անոնց մէջ և կը սպասէ յարութեան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2023, 09:24

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >