Յաւիտենական կեանքը կը ժառանգուի կատարելով Աստուծոյ կամքը` որ սիրոյ ու փրկութեան կամք է. Լեւոն ԺԴ.

Աստծոյ կամքը, արդարեւ, կեանքի այն օրէնքն է, զոր Աստուած որպէս առաջին կը կիրառէ մեր նկատմամբ՝ սիրելով մեզ իր ամբողջ էութեամբ իր Որդիի՝ Յիսուսին մէջ», յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց նայիլ Յիսուսին` որ «մարդու հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն իսկական յայտնութիւնն է. Սէր` որ կը նուիրուի եւ չի տիրանար, սէր որ կը ներէ եւ չի պահանջեր, սէր որ կ՛օգնէ եւ երբեք չի լքեր»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 13 Յուլիսին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ այս օրերուն կը գտնուի Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարային պալատին մէջ առաւօտեան ժամը 10-ին, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Վիլլանովայի Սուրբ Թովմաս ժողովրդապետութեան մէջ մատուցած պատարագէն ետքը, քալելով ու հաւատացեալները ողջունելով փոխադրուեցաւ Առաքելական Պալատ ուր աւելի ուշ Պալատի մուտքէն, Ազատութեան հրապարակին վրայ, գլխաւորեց Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որ հանդիսացաւ Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ Անոր գլխաւորած առաջին Մարեմեան աղօթքը։

Աղօթքէն առաջ Քահանայապետը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը հիմնուելով օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն, որուն մէջ Յիսուսին կ՛ուղղուի գեղեցիկ հարցում մը. «Վարդապետ ի՞նչ պէտք է ընեմ ժառանգելու համար յաւիտենական կեանքը» (Ղուկաս 10,25)։

«Բառեր` որոնք կ՛արտայայտեն մեր կեանքին մէջ առկայ մշտական ցանկութիւնը՝ որ փրկութեան ցանկութիւնն է, այսինքն՝ անյաջողութենէն, չարիքէն և մահէն զերծ գոյութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «յաւիտենական կեանքը զոր միայն Աստուած կարող է պարգեւել, մարդուն կը փոխանցուի որպէս ժառանգութիւն` նման հօրմէ դէպի որդին փոխանցուած ժառանգութիւն։

Ահա թէ ինչու Յիսուս այդ հարցումին կը պատասխանէ, որ Աստուծոյ պարգեւը ընդունելու համար պէտք է ընկալել Անոր կամքը, «Սիրել Տէր Աստուած ամբողջ սրտով» և «մերձաւորը մեր անձին պէս»։ Այսպէս ընելով՝ մենք կը համապատասխանենք Հօր սիրոյն. Աստուծոյ կամքը, արդարեւ, կեանքի այն օրէնքն է, զոր Աստուած որպէս առաջին կը կիրառէ մեր նկատմամբ՝ սիրելով մեզ իր ամբողջ էութեամբ իր Որդիի՝ Յիսուսին մէջ», յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց նայիլ Յիսուսին` որ «մարդու հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն իսկական յայտնութիւնն է. Սէր` որ կը նուիրուի եւ չի տիրանար, սէր որ կը ներէ եւ չի պահանջեր, սէր որ կ՛օգնէ եւ երբեք չի լքեր»։

«Քրիստոսի մէջ արդարեւ Աստուած մօտիկ դարձաւ իւրաքանչիւր մարդու եւ կնոջ...Յիսուսին օրինակով մենք ալ կոչուած ենք մխիթարութիւն եւ յոյս տանելու անոնց, որ յուսախաբ եւ յուսահատ են» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. հաստատելով որ «յաւիտենապէս ապրելու համար, պէտք չէ խափել մահը այլ ծառայել կեանքին, այսինքն հոգ տանիլ միւսներու գոյութեան...այս է գերագոյն օրէնքը, որ կու գայ որեւէ ընկերային կանոնէ առաջ ու անոր իմաստ կու տայ» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը, ու հրաւիրեց` ողորմութեան Մայր, Սուրբ Կոյս Մարիամէն, խնդրել` «որ մեզի օգնէ, մեր սրտին մէջ ընկալելու համար Աստուծոյ կամքը, որ միշտ ալ կամք է սիրոյ եւ փրկութեան, որպէսզի ամէն օր դառնանք խաղաղութեան գործիչներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2025, 12:04

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >