Սուրբ Հոգին դռներ կը բանայ. Հոգեգալստեան տօնի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 24 Մայիս 2026-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որմէ առաջ ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց հոգեգալստեան տօնին վրայ` յատուկէն շեշտը դնելով Սուրբ Հոգիի մէկ յատկութեան վրայ այն է որ Սուրբ Հոգին դռները կը բանայ։
«Արդարեւ, Աւետարանը մեզի կըսէ թէ՝ ”աշակերտներուն գտնուած վայրին դռները փակ էին՝ Հրեաներուն վախէն“ (Յովհ.․ 20, 19), եւ միեւնոյն ատեն, Առաքեալներու Գործերը մեզի կը պատմէ թէ Հոգին եկաւ սաստիկ հողմի մը պէս (հմմտ.․ Գործք. 2, 2), որ բացաւ այդ դռները, մղեց աշակերտները դուրս ելլելու եւ քարոզելու յարուցեալ Քրիստոսի Աւետիսը», ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով մենք մեզ հարցաքննելու թէ որոնք են այն դռները զոր Սուրբ Հոգին կը բանայ այսօր։
Աստուծոյ դուռը
«Առաջին նոյնինքն Աստուծոյ դուռն է» ըսաւ Լեւոն ԺԴ, բացատրելով թէ այս կը նշանակէ բանալ Աստուծոյ Խորհուրդին տանող դուռը, այնպէս ինչպէս յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Հոգիին պարգեւով Աստուած մեզի կու տայ իսկական հաւատքը, մեզի հասկցնել կու տայ Սուրբ Գրութիւններուն իմաստը, ու թոյլ կու տայ որ մասնակցինք իր իսկ կեանքին...եւ բացայայտելու առօրեային մէջ անոր ներկայութեան նշանները» ըսաւ Քահանայապետը։
Եկեղեցւոյ դուռը
«Երկրորդ` Հոգին կը բանայ վերնատան դռները` այսինքն Եկեղեցւոյ դռները», յարեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով որ Առանց Հոգիի կրակին, Եկեղեցին փակուած կը մնայ վախի մէջ, փակ ինքնիր մէջ եւ անկարող երկխօսութեան մէջ մտնելու փոփոխուող ժամանակներուն հետ։
«Հոգին կը բանայ Եկեղեցւոյ դռները որպէսզի ան ըլլայ հիւրընկալ բոլորի նկատմամբ նաեւ անոնց որոնք իրենց դռները փակած են Աստուծոյ առջեւ, յոյսին եւ ապրելու ուրախութեան առջեւ», ըսաւ Քահանայապետը յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը ըլլալու բոլորին առջեւ բաց դռներով Եկեղեցի մը։
Մեր սրտերուն դռները
«Ի վերջոյ Հոգին կը բանայ մեր սրերուն դռները, օգնելով մեզ յաղթահարելու դիմադրութիւնները, եսասիրութիւնն ու նախապաշարումները ու կարող դառնալու ապրիլ որպէս Աստուծոյ զաւակներ` իրար միջեւ եղբայրներ», յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ ««Ուր որ Տիրոջ Հոգին կայ, հոն կը ծնի եղբայրութիւնը անհատներու, խմբակներու եւ Երկրի ժողովուրդներուն միջեւ, եւ ամէնքը կը խօսին սիրոյ միակ լեզուն, որ կը միացնէ ու կը ներդաշնակէ բազմազանութիւնը»։
Լեւոն ԺԴ. խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները հայցելու Սուրբ Հոգին, որպէսզի ըսաւ Ան, բանայ տակաւին փակ բոլոր դռները։ Մենք պէտք ունինք վերաբացայայտելու Աստուած` որպէս Հայր մը, որ մեզ կը սիրէ, կառուցելու Եկեղեցի մը` ուր բոլորը իրենք զիրենք կը զգան իրենց տան մէջ եւ աճեցնելու եղբայրական աշխարհ մը, ուր կը տիրէ խաղաղութիւն համայն ժողովուրդներու միջեւ։
«Առաջին աշակերտներուն նման, մենք ալ կը վստահինք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, որ բնակարանն է Սուրբ Հոգիին եւ Մայրը՝ Եկեղեցւոյ» եղան Սրբազան Քահանայապետի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ