Որոնել

Il Papa,'preghiamo per le mamme, specie quelle che vivono in condizioni difficili'

«Համբարձումը մեզի չի խօսիր հեռաւոր խոստումի մը, այլ՝ կենդանի կապի մը մասին». Լեւոն ԺԴ.

Քրիստոսին համայն կեանքը վերացումն մըն է` որ, մարդկայնութեամբ, կը ներգրաւէ եւ կ՛ողջագուրէ, աշխարհին համայն տեսարանը, վերանալով ու մարդս փրկելով անոր մեղքի պայմանէն, բերելով յոյս, ներում եւ լոյս, այնտեղ ուր կայ խաւար, անարդարութիւն եւ յուսահատութիւն, հասնելու համար Զատկական վերջնական յաղթանակին, ուր Աստուծոյ Որդին, «մեռնելով ջախջախեց մահը եւ յարութիւն առնելով մեզի վերակարգեւեց կեանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի` 17 Մայիս 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ուրախ Լեր թագուհի» Մարեմեան աղօթքը որմէ առաջ ըստ սովորութեան ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը զոր  կեդրոնացուց այսօր շատ մը երկիրներուն մէջ յիշատակուող մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձման տօնին վրայ։

Քրիստոսի համբառնալը եւ մեր միութիւնը Անոր հետ

«Յիսուսի պատկերը, որ — ինչպէս կ՚ըսէ աստուածաշնչական բնագիրը (հմմտ. Գործք 1, 1-11) —, երկրէն բարձրանալով, երկինք կը վերանայ, կրնայ թուիլ, թէ այս Խորհուրդը հեռաւոր դէպք մըն է մեզի համար։ Իրականութեան մէջ այդպէս չէ։ Արդարեւ, մենք միացած ենք Յիսուսի, ինչպէս անդամները՝ գլխուն, մէկ մարմնի մէջ, եւ անոր երկինք համբառնալը մեզ ալ, իրեն հետ, կը քաշէ դէպի Հօր հետ լիակատար հաղորդութեան։ Սուրբ Օգոստինոս այս մասին կ՚ըսէր. «Այն իրողութիւնը, որ գլուխը առաջ կ՚երթայ, յոյս կը ներշնչէ անդամներուն» (Sermo 265, 1.2)» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Քրիստոսին համայն կեանքը վերացումն մըն է` որ, մարդկայնութեամբ, կը ներգրաւէ եւ կ՛ողջագուրէ, աշխարհին համայն տեսարանը, վերանալով ու մարդս փրկելով անոր մեղքի պայմանէն, բերելով յոյս, ներում եւ լոյս, այնտեղ ուր կայ խաւար, անարդարութիւն եւ յուսահատութիւն, հասնելու համար Զատկական վերջնական յաղթանակին, ուր Աստուծոյ Որդին, «մեռնելով ջախջախեց մահը եւ յարութիւն առնելով մեզի վերակարգեւեց կեանքը»։

Համբարձումը՝ կենդանի կապ եւ երկնային ուղի

«Ուստի ըսաւ Սրբազան Պապը Համբարձումը մեզի չի խօսիր հեռու խոստումի մը մասին այլ կենդանի կապի մը մասին` որ մեզ ալ կը ներքաշէ դէպի երկնային փառքը...միշտ աւելի մեր մտածումը, զգացումն ու վարուելակերպը մօտեցնելով Աստուծոյ սրտի չափանիշին»։

«Դրացիի դրան» սուրբերը եւ հոգեւոր աճը

«Վերելքի այս ճամբուն մենք գիտենք ուղին (հմմտ. Յհ 14, 1-6)։ Զայն կը գտնենք Յիսուսի մէջ՝ իր կեանքի պարգեւումին, իր օրինակներուն եւ իր ուսուցումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ զայն գծագրուած կը տեսնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ սուրբերուն մէջ. անոնց, որոնց Եկեղեցին մեզի կ՚ընծայէ որպէս տիեզերական տիպար, եւ անոնց՝ որոնց Ֆրանչիսկոս Պապը կը սիրէր կոչել «դրացիի դրան» սուրբեր (հմմտ. Առաքելական յորդորակ Gaudete et exsultate, 7)» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ, նկատել տալով թէ մենք անոնց հետ «կ՚անցընենք մեր օրերը» անոնք՝ «հայրեր, մայրեր, մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր, ամէն տարիքի եւ վիճակի անձեր են, որոնք ուրախութեամբ ու յանձնառութեամբ անկեղծօրէն կը ջանան ապրիլ Աւետարանին համաձայն», աւելցուց Ան հաստատելով` որ «ուրիշներուն աջակցութեամբ եւ աղօթքով, մենք կրնանք հոգեւորապէս աճիլ ամէն օր եւ մերձենալ Աստուծոյ»։

Հետեւելով Սուրբ Պօղոսի ուսուցումին՝ պէտք է կեդրոնանանք այն ամէն բաներուն վրայ, որոնք ճշմարիտ են, արդար եւ բարի՝ Աստուծոյ օգնութեամբ գործադրելով մեր սորվածը։ Այսպէս, Մկրտութեան միջոցաւ ստացուած աստուածային կեանքը կ՚աճի մեր մէջ եւ կը տարածուի աշխարհի վրայ՝ հաղորդութեան եւ խաղաղութեան ընդմէջէն, յարեց հուսկ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցերով Երկնքի Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը` «որպէսզի ամէն պահ լուսաւորէ եւ ուղղէ մեր ճանապարհորդութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2026, 12:05

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >