Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ՃԷ) հաղորդում

Այսօր մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Երեքսրբեան «Սուրբ Աստուած» օրհներգութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Պատարագի և ժամակարգութեան մէջ կը գտնենք կարգ մը երգեր, ինչպէս՝ «Սուրբ Աստուածը» և «Սուրբ, Սուրբ», որոնք թէպէտ Շարականոցի կանոններու մէջ չեն դասուած, սակայն հնուց ի վեր կ'երգուին հիմնական ձեւով յընթացս սրբազան պաշտամունքին: Արդարեւ, Պատարագի երգերու մէկ մասը ներշնչուած են Աստուածաշունչէն և պատմական զանազան դրուագներէ: Երեքսրբեան «Սուրբ Աստուած»ի պարագային՝ կը պատմուի թէ՝ Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաք՝ Կ.Պոլսոյ մէջ 446 թուին, ուժեղ երկրաշարժ մը կը պատահի, որու յաճախակի ցնցումները կը տեւեն մի քանի շաբաթ: Այդ օրերուն, փոքրիկ պատանիի մը ականջին կը հասնի հրեշտակներու ձայնը, որոնք կ'երգէին. «Սուրբ Աստուած, Սուրբ և Հզօր, Սուրբ և Անմահ ողորմեա մեզ»: Հրեշտակաները պատանիին պատգամ մը կը փոխանցէին. ըստ որուն՝ եթէ ժողովուրդը քերովբէական այս սրբասացութիւնը հաւատքով երգէր, իսկոյն չարիքը պիտի վերանար:

Եկեղեցին ընդհուպ կը հետեւի փոքրիկի թելադրանքին, և Պոլսոյ մէջ ապաշխարութեան աղօթքներ կը կատարուին և թափօրներ կը կազմակերպուին, գլխաւորութեամբ Թէոդորոս Բ. Կայսեր և Պրոկղ Պատրիարքին: Այս աղօթական արարքին իբրեւ հետեւանք՝ երկրաշարժի ցնցումները կը դադրին և խաղաղութիւն կը տիրէ: Այս հրաշքէն ետք՝ Թէոդորոս Կայսրը կը հրամայէ, որ Բիւզանդական կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ներմուծուի «Երեքսրբեան»ը իբր գլխաւոր երգ: Հետագային՝ երգի հիմնական տողերուն կը կցուի «որ խաչեցար վասն մեր» յաւելուածը. որմէ ետք, Եկեղեցին այնպէս կը կարգաւորէ որ Յայտնութեան, Զատկի, Յինանց եւ Յարութեան Կիրակիներուն, յաւուր պատշաճի յաւելումներով երգուի: Այսպէս, Տեառընդառաջին, Ծաղկազարդին եւ Հոգեգալստեան. «որ եկիր եւ գալոց ես» կ'երգուի։ Զատկին՝ «որ յարեար ի մեռելոց»։

Վերափոխման՝ «որ եկիր ի փոխումն Մօր քո եւ Կուսի»։ Խաչի, Եկեղեցւոյ, Սրբոց եւ Պահոց՝ «որ խաչեցար վասն մեր»: Աստուածայայտնութեան և Վարդավառին՝ «որ յայտնեցար վասն մեր»: Հարկ է յիշել թէ՝ Նիկողայոս Թաշճեանի «Ձայնագրեալ երգեցողութիւնք Սրբոյ Պատարագի» գիրքին մէջ, «Երեքսրբեան»ը հանդէս եկած է մէկէ աւելի եղանակաւորումով: Խորհուրդ Խորինի և կարգ մը այլ շարականներու նման՝ Սուրբ Աստուածը եւս իր ծանր տարբերակն ունի, զարդոլորուն ոճով, ճոխ ելեւէջներով և առատ զարդախաղերով, եկեղեցւոյ մէջ յուզականութիւն և հանդիսաւորութիւն ստեղծելու նպատակաւ: Մեծահանդէս օրերուն, երբ պատարագը շատ երկար կը տեւէր. ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան և հայրապետական մեծ պատարագներու ընթացքին՝ նախընտրութիւն կը տրուէր ծանր եղանակին:

Իսկ պարզ կիրակիներուն՝ չափաւոր եղանակին: Տեղին է յիշել թէ Սուրբ Աստուածի ծանր եղանակը խորքին մէջ Պոլսական ազդեցութեան արդիւնք է. թէեւ Բիւզանդական երաժշտութեան ազդեցութիւնն ալ կը տեսնենք նմանօրինակ երկար և ծանր եղանակով երգերուն մէջ, որոնք կ'եգուէին զոր օրինակ՝ Կաթողիկոսական օծումի առիթով, երբ սուրբ Միւռոնի աղաւնին թափօրով ամբողջ եկեղեցւոյ շուրջ կը դառնար: Յայտնի է թէ Կոմիտասն ու Եկմալեանը մեզի չեն աւանդած «Սուրբ Աստուած»ի դաշնաւորեալ ծանր տարբերակ: Պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ՝ որ այդ օրերուն նմանօրինակ եղանակներ արդէն իսկ գործածութենէ դադրած էին և կամ ալ զանոնք շատ երկար համարած են իրենց յօրինուածքին մէջ: Արդարեւ, մեր այս օրերուն եւս, նկատելի է թէ ըլլա՛յ պատարագի, ըլլա՛յ ժամերգութեան պարագային՝ կարգ մը երկար եղանակները և զարդախաղերը յաճախ կը յօգնեցնեն ունկնդրողը, որու պատճառով՝ զանց առնուած են եկեղեցիներէն, վերապահելով զանոնք մենաստաններուն և դպրեվանքերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2022, 08:59