Որոնել

Հայր Օսքար Պենավիտեզ Հայր Օսքար Պենավիտեզ 

Նիքարակուայի մէջ ուրիշ քահանայ մը ձերբակալուած է։

Կարդինալ Մարատիկա յայտնեց, թէ Նիքարակուայի մէջ տեղի կ՝ունենայ լուռ պատերազմ մը եկեղեցւոյ դէմ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նիքարակուայի մէջ կաթողիկէ հասարակութեան երրորդ անդամ մը եւս ձերբակալուած է Հայր Օսքար Պենավիտէզը։

Լուրը կը կարդացուի Սիունա թեմի դիմատետրին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, որուն մէջ հաստատուած է Մոլուքուքու շրջանին Սուրբ Հոգին անուան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, Հայր Տանիլօ Պենավիտէզ Թինոքոյին ձերբակալման լուրը։

Մարդկային իրաւունքներուն կազմակերպութիւններու տուեալներուն համաձայն, Հայր Օսքարքն վերցուած է իր ինքնաշարժէն եւ ձերբակալուած ոստիկանութեան կողմէ, կիրակի, օր սուրբ պատարագ մատուցանելէ ետք։

Սիունայի թեմը սոյն արարքը պատճառները անյայտ նկատած է հաղորդելով թէ ու անիկա կ՝աւելնայ երկու այլ կաթողիկէ վարդապետներուն ձերբակալութեան։

Նիքարակուայի մէջ լուռ պատերազմ եկեղեցւոյ դէմ

Տիրամօր վերափոխման տօնին նախօրեակին մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին, Թէկուչիկալբա թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Օսքար Ռոտրիկէզ Մարատիակ, արտասանած քարոզին մէջ իր մօտիկութիւնը յայտնելով Նիքարակուայի կաթողիկէ հաւատացեալներուն նշեց, թէ Երկրի մէջ տեղի կ՝ունենայ լուռ պատերազմ մը եկեղեցւոյ դէմ, ինչպէս նաեւ Յիսուսի դէմ հալածանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2022, 12:08