Որոնել

Assunzione della Vergine, SANTA MARIA MAGGIORE Giuseppe Mattia Borgnis ok.jpg

Կիրակի 14 Օգոստոս 2022 - Վերափոխում Սուրբ Աստուածածնի (Ղուկաս 2, 1-7)

Մարիամ՝ հոգիով եւ մարմնով՝ բարձրացաւ երկինք
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեծ աղէտ մը կը սպառնայ աշխարհին. այսօր երկու քրիստոնեայ երկիրներ կը պատերազմին իրար դէմ եւ տակաւին ոչ մէկ համաձայնութիւն չէ կայացած իրենց միջեւ եւ նոյնիսկ հիւլիական պատերազմի մը բռնկման վախը կայ:

Լիբանանու մէջ պատահած ահաւոր պայթումը երկու տարի առաջ՝ կու գայ ցնցելու տեղացի ժողովուրդին հանգիստն ու անդորրութիւնը: Ամէն վայրկեան կրնան պատահիլ այսպիսի սոսկալի միջադէպեր որոնք կը խախտեն հաւասարակշռութիւնը մարդոց, մեծ հարուած մը տալով խաղաղութեան համար տարուած բոլոր ջանքերուն:

Սակայն տակաւին մարդկութիւնը չէ ըմբռնած որ այս բոլորին դարմանը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ ապաւինիլ երկնային զօրութեան եւ մանաւանդ Մարիամի հզօր բարեխօսութեան, որով ան ստացած է Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւները, պաշտպանելու համար համայն մարդկութիւնը ամէն տեսակ չարիքի ու աղէտի դէմ:

Մարիամ ամէն քրիստոնեայի սրտին մէջ հարկ է որ ունենայ յատուկ տեղ մը. Իւրաքանչիւր հաւատացեալ մշակելու է բարեպաշտութիւնը հանդէպ Տիրամօր, որով-հետեւ ան է որ կը բարեխօսէ մեզի համար եւ բոլոր հարկաւոր շնորհքները կ՛ընդունի յօգուտ մեր անձին։ Հայկական եկեղեցիներու մէջ միշտ ի պատուի դրուած է, ընդհանրապէս Աւագ խորանին վրայ, Աստուածածնայ պատկերը։

Սակայն չի բաւեր մեծարել Աստուածամայրը, անոր գովասանքներ հիւսել, լիթանիաներ երգել... այլ հարկ է պաղատագին աղաչել իրեն որպէսզի շուտափոյթ կերպով օգնութեան հասնի տառապող մարդկութեան, այսօր աւելի քան երբեք մարդիկ պէտք ունին իր միջամտութեան, ինք որ առանձնաշնորհումը ունեցաւ հոգիով ու մարմնով երկինք վերանալու, միանալով իր աստուածային Որդւոյն:

Մարիամ նաեւ Անարատ Յղացեալ է: Ի՞նչ է սակայն կապը Անարատ Յղութեան եւ Վերափոխման միջեւ. Երկուքն ալ խորհուրդներ են, զորս մարդկային խելքով չենք հասկնար. Անոնց կը հաւատանք պարզապէս որովհետեւ աւանդութիւնը մեզի յանձնած է դարերու ընդմէջէն եւ վերջին երկու դարերուն՝ Եկեղեցին զանոնք արձանագրած է իր վարդապետութիւններու ցանկին մէջ։ Այսինքն կը հաւատանք թէ Մարիամ անարատ կերպով յղացուած է իր մօր՝ Աննայի արգանդին մէջ. Ինչպէս նաեւ կը հաւատանք թէ մահուընէ վերջ՝ իր մարմինը փտտութիւն չէ տեսած այլ՝ նման Յիսուսի, ինք եւս մարմնով եւ հոգւով երկինք վերացած է, վերափոխուած է։

Մէկ խորհուրդը կախում ունի միւսէն. Անարատ Յղութեան գաղափարը չէր կրնար ընդունուիլ աստուածաբաններէն եթէ Մարիամի մարմինը գերեզմանին մէջ մնացած ըլլար եւ փտութիւն տեսած։ Մարիամի կեանքի վերջաւորութեան պատահած առանձ-նաշնորհումը պատճառ դարձաւ որ ընդունուէր եւ հասկցուէր իր կեանքի սկիզբն ստացած առանձնաշնորհումը։ Այս բոլորէն ոչ մին հաստատուած է Սուրբ Գրքէն, սակայն աւանդութեամբ հասած է մեզի եւ վերափոխման վկաներ եղած են առաքելները եւ հետագային՝ վերափոխման որպէս բնական հետեւանք՝ ընդունուած է Մարիամի կուսութիւնն ու անարատ յղութիւնը։

Ուստի եթէ Մարիամ Անարատ է եւ իր մարմնով յարութիւն առած է, մեզ լաւագոյն կերպով փրկութեան հասցնելու համար է. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2022, 08:31