Որոնել

okokokokko1.jpg

Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի մարտիրոս` Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէ

Անոր կեանքի վերջին հանգրուանը եղաւ իսկական գողգոթայ՝ զոր ան կիսեց այլ բանտարկեալներու հետ Աուշվիցի համակեդրոնացման վայրին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէ եղած է հիմնադիրը «Անարատ Յղութեան Պահակազօրք» անուամբ Մարեմեան կրօնական շարժումին, ունենալով իբրեւ նպատակ փրկել հոգիները եւ դարձի բերել բարի կամք ունեցող մարդիկ: Ան եղած է նաեւ հիմնադիրը «Տիրամօր քաղաք» անուամբ կեդրոններուն, Լեհաստանէն սկսեալ մինչեւ Ճափոն:

Ան ծնած է Լեհաստան։ Աւազանի անունով Ռայմոնտօ։ Լէոպոլիս քաղաքին մէջ յաճախելէ ետք ֆրանչիսկեաններուն դպրոցը, 1910-ին, կ՛անդամակցի Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան ընդունելով Մասսիմիլիանօ անունը եւ նոյն տարուան 28 ապրիլին կ՛ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը։

1939 թուականին, Նացիական վարչակարգին Լեհաստան ներխուժումէն ետք, Հայր Քոլպէ ու անոր եղբայրակիցները կը ձերբակալուին ու կ՝աքսորուին Աուշվից, ուր հրէաներու հետ միասին կ՝ենթարկուին ծանր աշխատանքներուն: Աուշվիցի մէջ Հայր Քոլպէ կը շարունակէ իր քահանայական առաքելութիւնը, քաջալերելով բանտարկեալները չվհատելու եւ կառչած մնալու իրենց հաւատքին:

«Ողջոյն քեզ Մարիամ» բառերը եղան վերջինները  զոր Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէն արտասանեց Աուշվիցի մէջ 14 օգոստոս 1941-ին նախ քան իր հոգին յանձնէր յաւիտենականութեան։ Անոր կեանքի վերջին հանգրուանը եղաւ իսկական գողգոթայ՝ զոր ան կիսեց այլ բանտարկեալներու հետ Աուշվիցի համակեդրոնացման վայրին մէջ։

Հայր Մասսիմիլիանօ Քոլպէ նահատակուեցաւ իր կեանքը մատուցելով Ֆրանչիսչէք Կայոնիսչէք անունով ընտանիքի հօր մը կեանքին փոխարէն, փրկելով անոր կեանքը։

10 հոկտեմբեր 1982-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը խորաններու պատւոյն արժանացուց Հայր Մասսիմիլիանօ Քոլպէն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2022, 08:00